26-էն 31 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY) Միջերկրականեան Յանձնախումբի ժողովը տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ, Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի (MENA LATINA) ցանցին հետ կազմակերպուած միացեալ ձեռնարկով։ Երկու միջոցառումներն ալ հիւրընկալուեցան Լիբանանի Յառաջդիմական Երիտասարդական Կազմակերպութեան (PYO) կողմէ։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը ներկայացուցին՝ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն՝ Շերիլին Տիրացուեան եւ Բագրատ Գրիգորեան: MENA LATINA-ի ձեռնարկին մասնակցեցան Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի յառաջդիմական երիտասարդական կազմակերպութիւններ, հասարակական գործիչներ եւ քաղաքական դէմքեր։ Միջերկրականեան Յանձնախումբի ժողովին մասնակցեցան IUSY-ի անդամ կազմակերպութիւններ՝ Հայաստանէն, Պաղեստինէն, Յունաստանէն, Լիբանանէն, Մարոքէն, Սպանիայէն, Քիւրտիստանէն (Հիւսիսային Իրաք), Թունուզէն, Թուրքիայէն եւ Արեւմտեան Սահարայէն: Ծրագիրը ներառեց հանդիպումներ՝ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, նախարարներու եւ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան (PSP) ղեկավարներուն հետ: «Միջերկրականեան երիտասարդութիւնը ընդդէմ ծայրայեղ աջին. ընկերվարական արձագանգ մը» խորագիրին ներքեւ մասնակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային հակամարտութիւնները, աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնները, միջազգային կարգը եւ ծայրայեղ աջ շարժումներու վերելքը։ Քննարկումներն ու մասնակից երկիրներու զեկոյցները կեդրոնացան յառաջդիմական երիտասարդական կազմակերպութիւններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, եւ միջազգային զօրակցութեան անհրաժեշտութեան վրայ։ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչները անդրադարձան Լիբանանի մէջ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքական զարգացումներուն։ Անոնք ընդգծեցին Արցախի հայաթափումը՝ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւն, եւ քննադատեցին միջազգային հանրութեան, յատկապէս յառաջդիմական կուսակցութիւններու եւ շարժումներու անբաւարար հակազդեցութիւնը։ Մարդկային իրաւունքներու շուրջ քննարկումներուն ընթացքին, յատկապէս Կազայի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան հարցով, Հ.Յ.Դ. պատուիրակները զուգահեռներ գծեցին Կազայի կացութեան եւ Արցախի հայաթափման միջեւ։ Անոնք նաեւ անդրադարձան Իսրայէլի կողմէ ապօրինաբար բանտարկուած պաղեստինցի պատանդներու հարցին՝ ուշադրութեան հրաւիրելով Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու նմանատիպ կացութեան վրայ, որոնց շարքին է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ՝ ընկեր Դաւիթ Իշխանեանը: Դաշնակցական պատուիրակութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց , միջազգային ընկերվարական շարժումի դերակատարութիւնը՝ համաշխարհային ուշադրութեան հրաւիրելու , եւ նպաստելու ապօրինաբար ձերբակալուած պատանդներու արդարութեան հասնելու ջանքերուն: Պատուիրակները այցելեցին պաղեստինեան գաղթակայան ՝ տեղւոյն պայմաններուն ծանօթանալու , եւ զօրակցութիւն յայտնելու պաղեստինցի ժողովուրդին եւ գործընկեր կազմակերպութիւններուն՝ Ֆաթհ Երիտասարդական Շարժումին եւ Պաղեստինցի Ուսանողներու Ընդհանուր Միութեան (GUPS): Ծրագիրի ծիրէն ներս, պատուիրակները այցելեցին նաեւ «Ալ Նահար» թերթի խմբագրատունը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կազմակերպուած շրջապտոյտը առիթ ընծայեց մասնակիցներուն ծանօթանալու նաւահանգիստին առօրեայ գործունէութեան եւ Պէյրութի մէջ անոր ունեցած դերին։ Ծրագիրը եզրափակուեցաւ ընկերային եւ ծանօթացման ձեռնարկներով, որոնք նպաստեցին մասնակից կազմակերպութիւններու միջեւ կապերու ամրապնդման։ ՀՅԴ Երիտասարդականը կը վերահաստատէ հայկական հարցերու բարձրաձայնման կարեւորութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ՝ պաշտպանելով արդարութիւնն ու մարդու իրաւունքները։ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը IUSY-ի միջազգային տարածաշրջանային ժողովին բարձրաձայնեց հայ պատանդներու եւ Արցախի հայաթափման հարցերը
26-էն 31 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY) Միջերկրականեան Յանձնախումբի ժողովը տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ, Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի (MENA LATINA) ցանցին հետ կազմակերպուած միացեալ ձեռնարկով։ Երկու միջոցառումներն ալ հիւրընկալուեցան Լիբանանի Յառաջդիմական Երիտասարդական [...] Leer más >>

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Diario Armenia

Ազգային Ժողո՞վ, թէ՞ քաղաքական հաշուեյարդարի բեմ
Diario Armenia / 6 hours ago

Դրոշակ: Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ
Diario Armenia / 6 hours ago

La Legislatura porteña distinguió el libro “Nomeolvides Armenuhi”, de Magda Tagtachian: “Lo escribí con el corazón en la mano y con el compromiso de trabajar por la verdad”
Diario Armenia / 9 hours ago

El régimen de Nikol Pashinyan volvió a detener al empresario opositor Samvel Karapetyan
Diario Armenia / 13 hours ago
Related coverage

Ayer los territorios, hoy el referéndum: la oposición vuelve a esquivar la pregunta sobre la paz
Soy Armenio / 10 hours ago

Más de 53.000 desplazados de Artsaj solicitaron la ciudadanía armenia
Soy Armenio / 12 hours ago

Frenado el Gran Retorno en Karabaj: solo 29% de los “desplazados” azerbaiyanos regresaron ante la falta de empleo
Soy Armenio / Nov 3

El monumento «Nosotros y nuestras montañas» cumple 59 años de su erección en Stepanakert como símbolo de la identidad de Nagorno-Karabaj
Soy Armenio / Nov 2