ՎԱԶԳԷՆ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը, որ կոչուած է ըլլալու պետական մտածողութեան, քաղաքական պատասխանատուութեան եւ ազգային շահերու պաշտպանութեան բարձրագոյն ամպիոններէն մէկը, դժբախտաբար յաճախ կը վերածուի փոխադարձ վիրաւորանքներու, անձնական հաշուեյարդարներու եւ քաղաքական անհանդուրժողութեան թատերաբեմի: Խորհրդարանական բանավէճը ժողովրդավարութեան անբաժանելի մասն է: Իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը կրնան եւ պէ՛տք է ունենան հակադիր տեսակէտներ: Սակայն երբ քաղաքական փաստարկը կը փոխարինուի փողոցային բառապաշարով, իսկ գաղափարական պայքարը` անձնական վիրաւորանքով, հարցականի տակ կը դրուի ոչ միայն խորհրդարանի հեղինակութիւնը, այլ նաեւ` պետական կառավարման քաղաքական մշակոյթը: Ի՞նչ նպատակի կը ծառայեն այս անմակարդակ ելոյթները Արդեօք անոնք կը նպաստե՞ն Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդման, տնտեսական զարգացման, ազգային միասնականութեան կամ արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման, թէ՞ ընդհակառակը, կը ծառայեն հանրութեան ուշադրութիւնը էական հարցերէն շեղելու, հասարակութիւնը նոր բաժանումներու ենթարկելու եւ քաղաքական հակառակորդը ամէն գնով վարկաբեկելու նպատակին: Հայաստանը կը դիմագրաւէ պատմական նշանակութիւն ունեցող մարտահրաւէրներ: Արցախի հայաթափումէն ետք Հայաստանի անվտանգութեան, սահմաններու պաշտպանութեան, ինքնիշխանութեան եւ ազգային իրաւունքներու հարցերը կը պահանջեն պետական լրջութիւն, քաղաքական հեռատեսութիւն եւ համազգային պատասխանատուութիւն: Մինչդեռ խորհրդարանական ամպիոնէն հնչող որոշ ելոյթներու մակարդակը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ քաղաքական ուժերուն համար առաջնահերթութիւնը ոչ թէ պետականութեան ամրապնդումն է, այլ` հակառակորդին նուաստացումը եւ սեփական ընտրազանգուածին առջեւ քաղաքական միաւորներ շահիլը: Աւելի մտահոգիչը այն է, որ այս երեւոյթը աստիճանաբար կրնայ բնականոն համարուիլ: Երբ վիրաւորանքը կը դառնայ քաղաքական պայքարի ընդունուած միջոց, իսկ աղմուկը` խորհրդարանական գործունէութեան չափանիշ, հասարակութեան մէջ կը նահանջէ քաղաքական բանավէճի մշակոյթը: Ազգային ժողովի պատգամաւորը միայն իր կուսակցութեան կամ քաղաքական ճամբարին ներկայացուցիչը չէ: Ան Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդիր իշխանութեան անդամն է եւ պարտաւոր է գիտակցիլ, որ իր խօսքը, վարքագիծն ու կեցուածքը կը ներկայացնեն նաեւ պետութեան քաղաքական դիմագիծը: Իշխանութիւնը յատուկ պատասխանատուութիւն ունի պահպանելու խորհրդարանական պատշաճութիւնը, իսկ ընդդիմութիւնը` քննադատութիւնը վերածելու հիմնաւորուած քաղաքական այլընտրանքի: Երկուքին համար ալ ազգային շահը պէտք է գերադաս ըլլայ կուսակցական հաշիւներէն: Պետութեան ուժը միայն իր բանակով, տնտեսութեամբ կամ դիւանագիտութեամբ չի չափուիր: Ան կը չափուի նաեւ իր հաստատութիւններու լրջութեամբ եւ քաղաքական ղեկավարութեան պատասխանատուութեամբ: Այսօր Հայաստանի Ազգային ժողովին առջեւ դրուած հարցը պարզ է, բայց` խորապէս մտահոգիչ. պիտի կարենա՞յ ան վերագտնել պետական մտածողութեան եւ ազգային պատասխանատուութեան իր կոչումը, թէ՞ պիտի շարունակէ մնալ քաղաքական փոխադարձ վիրաւորանքներու եւ անվերջ հակամարտութիւններու բեմ: Որովհետեւ երբ խորհրդարանը կը կորսնցնէ իր խօսքին արժանապատուութիւնը, միայն պատգամաւորներուն հեղինակութիւնը չէ, որ կը տուժէ: Կը տուժէ պետութեան հեղինակութիւնը, կը տկարանայ ժողովուրդին վստահութիւնը, եւ, ամէնէն վտանգաւորը, կը նսեմանայ ազգային միասնականութեան գաղափարը: Հայաստանին այսօր պէտք են ոչ թէ բարձրաձայն վիրաւորանքներ, այլ` բարձրամակարդակ պետական մտածողութիւն: Ազգային ժողովը պէտք է ըլլայ ազգային պատասխանատուութեան ամպիոն, ոչ թէ` ազգային արժանապատուութիւնը նսեմացնող ներկայացումներու բեմ: ՎԱԶԳԷՆ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ «Ազդակ«
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Ազգային Ժողո՞վ, թէ՞ քաղաքական հաշուեյարդարի բեմ
ՎԱԶԳԷՆ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը, որ կոչուած է ըլլալու պետական մտածողութեան, քաղաքական պատասխանատուութեան եւ ազգային շահերու պաշտպանութեան բարձրագոյն ամպիոններէն մէկը, դժբախտաբար յաճախ կը վերածուի փոխադարձ վիրաւորանքներու, անձնական հաշուեյարդարներու եւ քաղաքական անհանդուրժողութեան թատերաբեմի: Խորհրդարանական բանավէճը ժողովրդավարութեան անբաժանելի [...] Leer más >>

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Diario Armenia

Դրոշակ: Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ
Diario Armenia / 6 hours ago

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը IUSY-ի միջազգային տարածաշրջանային ժողովին բարձրաձայնեց հայ պատանդներու եւ Արցախի հայաթափման հարցերը
Diario Armenia / 6 hours ago

La Legislatura porteña distinguió el libro “Nomeolvides Armenuhi”, de Magda Tagtachian: “Lo escribí con el corazón en la mano y con el compromiso de trabajar por la verdad”
Diario Armenia / 9 hours ago

El régimen de Nikol Pashinyan volvió a detener al empresario opositor Samvel Karapetyan
Diario Armenia / 13 hours ago
Related coverage

Armenia registra 643 familias con seis o más hijos e impulsará subsidios de vivienda estatal
Soy Armenio / 9 hours ago

Armenia eleva las tasas y cambia a permisos temporales o permanentes la residencia de extranjeros
Soy Armenio / 11 hours ago

Armenia y Georgia refuerzan su cooperación militar e intercambiarán experiencias en reformas de defensa
Soy Armenio / 11 hours ago

Armenia procesa al multimillonario Samvel Karapetyan y a 36 ejecutivos por un fraude de 180 millones de dólares en la red eléctrica
Soy Armenio / 12 hours ago