Գէորգ Թոփալեանը (գրական ծածկանունով՝ Մելիտինեցի) Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկերացում կազմել քսաներորդ դարակէսի ՀՅԴ գաղափարա-քաղաքական մտքի մասին։ Այնուամենայնիւ յօդուածը պարունակում է սոցիալիստական մտածելակերպից բխող մի շարք հիմնարար մտքեր եւ սկզբունքներ, որոնք չեն վանդակւում ժամանակի ու տարածութեան պարամետրերում եւ, ըստ էութեան, պահպանելով իրենց տեսաբանական թարմութիւնը, ունեն ուսուցողական նշանակութիւն նաեւ ներկայիս քաղաքական եւ սոցիալական պայմանների լոյսի ներքոյ։ Նախ ո՞վ է Մելիտինցին։ Գէորգ Թոփալեանը (գրական ծածկանունով՝ Մելիտինեցի) ծնուել է Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիա, պատմական Մելիտին, քաղաքում՝ 1898 թուականին։ Երիտասարդ տարիքում զինուորագրուել է ՀՅ Դաշնակցութեանը եւ իբրեւ հրապարակագիր-լրագրող աշխատակցել է ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջանների պաշտօնաթերթեր՝ «Հայրենիք» օրաթերթին ու ամսագրին եւ «Ասպարէզ» շաբաթաթերթին։ Գէորգ Թոփալեան Հայ դատի անխոնջ գործիչը տարիներ շարունակ եղել է ՀՅԴ զանազան մարմինների եւ ժողովների գործուն անդամ եւ բեղուն գործունէութիւն է ծաւալել նաեւ ԱՄՆ «Մալաթիոյ Հարազատ Կրթական Միութեան» մէջ, որպէս սոյն միութեան կենտրոնական վարչութեան բազմամեայ անդամ։ Մելիտինեցին վախճանուել է Հայրենի հողից ահագին հեռու՝ Օհայօ նահանգի Քլիվլենդ քաղաքում 1986 թ, Հայաստանի անկախութեան իր այնքան փայփայած գաղափարի իրականացմանը ականատես չդարձած։ Նրա որդին է Մուրատ Թոփալեանը, ով իր հօր գաղափարախօսական փորոսով, նոյնպէս եղել է Հայ Դատի եւ Հայ ազգային ազատագրական շարժման նուիրեալ ակտիւիստ եւ այժմ ընտանեօք մշտական բնակութիւն է հաստատել Հայաստանում։ Ստորեւ որոշ հապաւումներով, ներկայացնում ենք Գէորգ Թոփալեան – Մելիտինեցու նշուած հրապարակագրութիւնը, որը լոյս է տեսել Բոստոնի «Հայրենիք» օրաթերթի 1949 թ․ սեպտեմբերի 13-ի համարում․ «Որեւէ թիւրմացութիւն կանխելու համար, լաւ է որ առաջուընէ ըսուի թէ այս գրութեան նպատակն է ներկայ մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող փաստական օրինակներով անգամ մը շեշտել այն ճշմարտութիւնը թէ ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ։ Աւելին, ընկերվարութիւնը ամէնէն կարողական եւ ամէնէն ուժեղ գաղափարական վարդապետութիւնն է, որ անողոք պայքար կը մղէ համայնավարութեան դէմ, զայն նկատելով որպէս նոր տեսակի արիւնոտ բռնապետութիւն մը: Խորապէս ցաւալի է, որ շատ է թիւը անոնց, որոնք բարեմտօրէն թէ չարամտօրէն, տարբերութիւն չեն տեսներ ընկերվարութեան եւ համայնավարութեան միջեւ, եւ երկուքը միասին կը նկատեն որպէս մէկ տեսակի ապրանք․ կամայականօրէն ուզելով ներկել երկուքն ալ մէկ կարասի մէջ: Դարձեալ, ցաւալի է որ այս սխալ ըմբռնումը հայ կեանքին հետ նաեւ շատ աւելի ցցուն կերպով տարածուած է Ամերիկեան ժողովրդական ըմբռնումին մէջ, ինչ որ տեղի կուտայ գլխաւորապէս երկու վնասակար հետեւանքներու: Առաջին․ համայնավար բռնակալութեան արիւնոտ ու մահաբեր ստուերը կը ձգէ ընկերվարութեան վրայ, խոցելի դարձընելով զայն այս երկրի ժողովրդական զանգուածներուն, մանաւանդ ղեկավար տարրերու աչքին, որոնք, թերեւս այս նոր երկրի կարգ ու սարքերուն բերումով, բնազդական արհամարանք մը, ատելութիւն մը ունին ամէն կարգի իզմերու հանդէպ: Երկրորդ․ ազատ պատեհութիւն կուտայ պաշտօնական Քրեմլինի իշխանութիւններուն, անոնց արտասահմանեան դաւադիր գործակալներուն եւ ուղեկիցներուն, որ խարդախելով, գլխիվայր շրջելով իրականութիւնը, համայնավարութիւնը ներկայացնեն որպէս տառապող մարդկութեան անսահման բարիք խոստացող յառաջադիմական վարդապետութիւն մը: Դիտեցէք ձեր շուրջը, եւ դուք տասնեակներով պիտի տեսնէք, նոյնիսկ զարգացած ու բարձր կրթութեան տէր մարդիկ, որոնք այս մոլոր դատողութեամբ կը նային համայնավարութեան վրայ, եւ ըստ այնմ ալ կը փորձեն արդարացնել կարմիր բռնակալութեան գործած բոլոր ոճիրները, կամ առնուազն, անոնց մէջ կը գտնեն ՄԵՂՄԱՑՈՒՑԻՉ ԴԷՊՔ ՅԱՆՑԱՆԱՑ-ի պարագաներ… Ի՞նչ բանէ առաջ կուգայ համաշխարհային հոսանքներու իրարու միացնելու շփոթութիւնը: Ան առաջ կուգայ մասնաւորապէս անկէ, որ այդ երկու հոսանքներն ալ միեւնոյն նպատակին կը ձգտին։ Բայց, միեւնոյն նպատակին ձգտող այդ երկու հոսանքները իրենց տեսաբանութեամբ ու գործելակերպով այնքան հեռու են իրարմէ, որքան հեռու են հիւսիսային ու հարաւալին բեւեռները: Ինչ է համայնավարութիւնը: Խորհրդային Միութեան փաստական օրինակով հաստատուած համայնավարութիւնը այն վարդապետութիւնն է, որ կը ձգտի միջոցներուն մէջ խտրութիւն չդնող արիւնոտ պայքարով իշխանութեան տիրանալ, եւ ՊՐՈԼԵՏԱՐԱԿԱՆ ԴԻԿՏԱՏՈՒՐԱ հռչակել ամենազարհուրելի ոճիրնեու եւ արեան մէջ խեղդելով մարդկային ամէն տեսակի նուիրական ազատութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են անցնող շարան-շարան դարերու հերքիւլեան պայքարով: Անշուշտ, բարեմիտ մարդիկ պիտի ըսեն, թէ համամարդկային բարօրութիւնը իրեն նպատակ ունեցող հոսանք մը ի՞նչպէս կրնայ ոճիրներ գործել եւ մարդկային ազատութիւնները դաժանօրէն ջնջել: Այդ բարեմիտ հարցումին պատասխանը շատոնց տուած են քրմապետ Լենինն ու «անսխալական եւ ժողովուրդներու հայր արեւ Սթալին»-ը՝ յայտարարելով, որ «Նպատակները կարդարացնէ միջոցները»… Ի՞նչ է ընկերվարութիւնը: Ընկերվարութիւնը այն վարդապետութիւնն է, որ կը ձգտի անարիւն պայքարի եւ աստիճանական բարեշրջութեան միջոցով արգիլել բոլոր չահագործումները, հաւասարապէս բաժնել ու բաշխել բնութեան բարիքները, եւ բոլորին համար ստեղծել աւելի բախտաւոր ու երջանիկ կեանք մը: Իբրեւ վարդապետութիւն, ընկերվարութիւնը ինքզինքը չի դաւանիր անսխալական, եւ կը ձգտի լաւին՝ գործնական կեանքի փորձառութեան եւ ժամանակի պահանջներուն վրայ: Մինչ համայնավարութիւնը ինքզինքը կը դաւանի միակ ճշմարիտն ու ուղղափառը, եւ ատոր համար ալ կը մերժէ իրմէ դուրս գտնուած բոլոր ուժերն ու արժէքները․․․ Ատոր համար է, որ բովանդակ Խորհրդային Միութեան մէջ միմիայն մէկ կուսակցութիւն գոյութիւն ունի։ «Նպատակը կ’արդարացնէ միջոցը» սկզբունքին հետեւող համայնավարները մարդ էակին գոյութիւնը կ’ընդունին որպէս միջոց, եւ ատոր համար ալ հարիւր հազարաւորներու կեանքերը կը գործածեն որպէս հում նիւթ արիւնոտ փորձարկութեան համար: Մինչ ընդհակառակը մարդ էակին գոյութիւնը իբրեւ նպատակ ընդունող ընկերվարութիւն ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԷ ՄԱՐԴՈՒՆ ԲԱՐՕՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ: … Արդեօք ընկերվարութեան եւ համայնավարութեան ամբողջական տարբերութիւնը յատկանշող աւելի աղաղակող փաստ կա՞յ, քան այն, որ Խորհրդային Միութիւնը իր սահմաններուն մէջ ընկերվարականները ֆիզիքապէս բնաջնջելէ յետոյ, կը հալածէ նաեւ այլ երկիրներու գաղափարապաշտ ընկերվարականները, անոնց տեսաբանութեան մէջ տեսնելով իր պարտութիւնը: Եւ դեռ աւելցնե՞նք, որ համայնավարները շատ տեղերու մէջ դաւադիր դիմադարձութեամբ մը նոյնիսկ պահպանողական ու կրօնական կազմակերպութեանց հետ կը գործակցին, ընկերավարները պարտութեան մատնելու համար… Ներկայ աշխարհի մէջ եւ մեր աչքերուն առջեւ գործնական կիրարկութեան դրուած են համայնավարութեան եւ ընկերվարութեան վարդապետութիւնները: Կարէն Խանլարեան Համայնավարութեան օրրան Խորհրդային Միութեան մէջ յանուն բոլշեւիզմի ջնջուած են մարդկային ամենատարրական ազատութիւնները․․․ Եւ ընդհակառակը, ոչ համայնավար երկիրներու մէջ ընկերվարականներն ու աշխատաւորական լայն զանգուածները, անարիւն յեղափոխութեան միջոցով, տիրացած են բարձր ապրելակերպի պահելով թէ իրենց եւ թէ պատկան ժողովուրդներու խօսելու, գրելու եւ քննադատելու անկապտելի ազատութիւնը: Երբ այսքան անկամրջելիօրէն մեծ է տարբերութիւնը ճշմարիտ ընկերվարութեան եւ համայնավարութեան միջեւ, այն ատեն աշխատաւորական զանգուածներն ու մանաւանդ, ամէն կարգի իմաստակ-բանգէտները պարտաւոր են (ուրիշները չմոլորեցնելու համար) յանուն ճշմարտութեան, աւելի լաւ ճանչնալ այս երկու հոսանքները, որպէսզի նախ վերջ գտնէ տատանող մտքերու խարխափումը, եւ յետոյ, համայնավարութիւնը իր արիւնոտ ստուերը չձգէ ընկերվարութեան վրայ»: Կարէն Խանլարեան «Դրօշակ» թիվ 10 2026թ
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Դրոշակ: Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ
Գէորգ Թոփալեանը (գրական ծածկանունով՝ Մելիտինեցի) Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկերացում կազմել քսաներորդ դարակէսի ՀՅԴ գաղափարա-քաղաքական մտքի մասին։ Այնուամենայնիւ յօդուածը պարունակում է սոցիալիստական մտածելակերպից բխող մի շարք հիմնարար մտքեր եւ սկզբունքներ, որոնք չեն [...] Leer más >>

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Diario Armenia

Ազգային Ժողո՞վ, թէ՞ քաղաքական հաշուեյարդարի բեմ
Diario Armenia / 5 hours ago

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը IUSY-ի միջազգային տարածաշրջանային ժողովին բարձրաձայնեց հայ պատանդներու եւ Արցախի հայաթափման հարցերը
Diario Armenia / 6 hours ago

La Legislatura porteña distinguió el libro “Nomeolvides Armenuhi”, de Magda Tagtachian: “Lo escribí con el corazón en la mano y con el compromiso de trabajar por la verdad”
Diario Armenia / 9 hours ago

El régimen de Nikol Pashinyan volvió a detener al empresario opositor Samvel Karapetyan
Diario Armenia / 13 hours ago
Related coverage

Armenia registra 643 familias con seis o más hijos e impulsará subsidios de vivienda estatal
Soy Armenio / 9 hours ago

Armenia eleva las tasas y cambia a permisos temporales o permanentes la residencia de extranjeros
Soy Armenio / 11 hours ago

Armenia y Georgia refuerzan su cooperación militar e intercambiarán experiencias en reformas de defensa
Soy Armenio / 11 hours ago

Armenia procesa al multimillonario Samvel Karapetyan y a 36 ejecutivos por un fraude de 180 millones de dólares en la red eléctrica
Soy Armenio / 12 hours ago