Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի հրապարակուի Արդարադատութեան Նախարարութեան անունով. այսօր լրագրողներուն հետ ունեցած ճեպազրոյցին ընթացքին յայտնած է նախարար Սրբուհի Կալեան։ Իր խօսքով՝ Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդին հետ վերջերս հանդիպում ունեցած են, քննարկելով նաեւ, թէ արդեօք խորհո՞ւրդը պիտի ստանձնէ Սահմանադրութեան փոխուած բնագիրին պատասխանատուութիւնը։ «Իմ ընկալումը այն է, որ մեր գործընկերները պատրաստ չեն պատասխանատուութիւն ստանձնելու, խօսքը բոլոր գործընկերներու համախումբին մասին է»,- ըսած է Կալեան։ Նախարարը առաջարկած է շարունակել նախագիծին շուրջ աշխատանքները, սակայն բնագիրը հրապարակել նախարարութեան անունով, որպէսզի խորհուրդի անդամները ազատ ըլլան իրենց կարծիքը արտայայտելու այս կամ այն յօդուածին վերաբերեալ։ Կալեանի խօսքով՝ իրենց համար կարեւոր է գործընթացին ներառականութիւնը, հետեւաբար խորհուրդին հետ պիտի քննարկեն նաեւ դեռ չքննարկուած հարցերը։ Ընդ որում՝ նախագիծին հրապարակումը չի նշանակեր, թէ անմիջապէս պիտի սկսի հանրաքուէի քարոզարշաւը։ Նախապէս Սահմանադրական Բարեփոխումներու Խորհուրդի անդամները դժգոհած էին, որ ամբողջական նախագիծը չեն տեսած, իսկ 1 Ապրիլէն ետք խորհուրդը նիստեր չէր գումարած։ Էտմոն Մարուքեան դիմած էր խորհուրդի նախագահ Սրբուհի Կալեանին՝ պահանջելով նիստերու հրաւիրել։ Այսօր նախարարը արձագանգած է նաեւ այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ խորհուրդի անդամները դեռ ծանօթ չեն ամբողջական բնագիրին։ «Մենք յօդուածներուն 80 առ հարիւրը քննարկած ենք, եւ խորհուրդը տեղեակ է բնագիրէն։ Եթէ խօսքը անոր մասին է, որ ամբողջ ծաւալով ծանօթ չէ ամբողջ բնագիրին, ապա, այո՛, պէտք է ծանօթանայ, այնպէս ինչպէս հանրութիւնը պէտք է ծանօթանայ։ Գաղտնի բան չկայ», – ըսած է Կալեան։ Նախարարը յայտնած է նաեւ, որ որոշում տրուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վերաբերող գործող սահմանադրական կարգաւորումը նոյնութեամբ արտացոլացնել նոր Սահմանադրութեան բնագիրին մէջ։ Կալեանի խօսքով՝ խորհուրդի կազմէն ալ պարզ է, որ բոլոր հարցերուն մէջ համահամաձայնութիւն պիտի չըլլայ, հետեւաբար նախագիծին պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը։ Նախարարը նաեւ ըսած է, որ նախնական տարբերակը, ամենայն հաւանականութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ հրապարակել Նոյեմբերին։ The post ԿԱԼԵԱՆ․« ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՊԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՆՈՎ, ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ» appeared first on Գանձասար .
Translate this article
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Politics
ԿԱԼԵԱՆ․« ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՊԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՆՈՎ, ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ»

Comments
Sign in to join the conversation.
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ․ ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ «ՄՕՏԷՆ ՃԱՆՉՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ-ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ» ՀԱՏՈՐԸ
Kantsasar (Gandzasar) / Nov 4

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ-ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)
Kantsasar (Gandzasar) / Nov 4

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ՝ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ-ՉԻՆԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Kantsasar (Gandzasar) / Nov 4

ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ԱՄՈՒՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ԵՒ «Ո՛Չ» ԸՍԵԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ՓԱԹԵԹԻՆ»
Kantsasar (Gandzasar) / Nov 4



