Այսօր՝ Երեքշաբթի 3 Նոյեմբերին, մեկնարկը կարատուեցաւ սուրիական-չինական տնտեսական զարգացման խորհրդաժողովի աշխատանքներուն, որոնք կազմակերպուած են սուրիական-չինական գործարար խորհուրդին կողմէ՝ տնտեսութեան, ճարտարարուեստի եւ ներքին առեւտուրի ու սպառողներու պաշտպանութեան նախարարութիւններու գործակցութեամբ, Դամասկոսի «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկին մէջ։ Խորհրդաժողովին կը մասնակցի տնտեսական պատուիրակութիւն մը, որ կը համախմբէ չինական 16 երեւելի ընկերութիւններ՝ մասնագիտացած շինարարութեան, ճարտարագիտութեան, շինանյութերու, սարքաւորումներու, ճարտարարուեստի, ներդրումներու, շուկայավարման եւ վերակառուցման մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ սուրիական պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ։ Խորհրդաժողովի օրակարգը կը կեդրոնանայ Սուրիոյ մէջ չինական ներդրումներու գործնական ընթացքի մը մեկնարկին վրայ՝ ներդրումային առիթները գետնի վրայ իրական ծրագրերու եւ տնտեսական գործընկերութիւններու վերածելու նպատակով, ինչ որ կը նպաստէ երկու կողմերու փոխադարձ շահերուն եւ կը զօրակցի վերակառուցման ջանքերուն։ The post ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ՝ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ-ՉԻՆԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ appeared first on Գանձասար .
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ՝ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ-ՉԻՆԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ․ ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ «ՄՕՏԷՆ ՃԱՆՉՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ-ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ» ՀԱՏՈՐԸ
Kantsasar (Gandzasar) / 21 hours ago

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ-ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)
Kantsasar (Gandzasar) / 21 hours ago

ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ԱՄՈՒՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ԵՒ «Ո՛Չ» ԸՍԵԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ՓԱԹԵԹԻՆ»
Kantsasar (Gandzasar) / 21 hours ago

ՄԱԿՈՒՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է, ԹԷ Ո՛Ր ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԵՏՍ ՊԻՏԻ ԿՈՉԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՏԵԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅՑԵՐԸ
Kantsasar (Gandzasar) / 21 hours ago
