Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք․ Աշգարեան այն եզակի մտաւորականներէն է, որուն հովուական ծառայութիւնը կը զուգորդուի հոգեւոր գրականութիւն արարելու իր աներեր կամքին։ Ժրաջան աշխատանքով ու բացառիկ նուիրումով ան հետեւողօրէն կը հարստացնէ մեր հոգեւոր գրականութիւնը։ Մակար սրբազան վերջին տարիներուն, գրեթէ ամսական դրութեամբ, նոր հատոր մը կը պարգեւէ ընթերցող հասարակութեան՝ հայ եկեղեցական մտքի հորիզոններուն վրայ սփռելով մշտավառ կանթեղի լոյսը։ Սրբազան հօր հեղինակային, թարգմանական եւ ուսումնասիրական հրատարակութիւններու եւ աղօթագրքոյկներու ընդհանուր թիւը այժմ հասած է 32-ի՝ կերտելով պատկառելի վաստակ մը, որ ընթերցողին առջեւ լայնօրէն կը բանայ քրիստոնէական հաւատքին ու Աստուածաշունչ մատեանին անսահման խորհուրդը։ Հալէպի մէջ օրերս լոյս տեսած վերջին հատորը կը կրէ «Մօտէն Ճանչնանք Աստուածաշունչը-Տարրական Գիտելիքներու Ճամբով» խորագիրը։ Գիրքը տպուած է երկու տարբեր օրինակներով, որոնցմէ առաջինին կողքի սրբանկարը, որ կը պատկերէ Հայր Աստուած՝ Քերովբէական աթոռին վրայ, գործն է Յովսէփ Վրդ․ Աշգարեանի (Իտալիա)։ Նկատի ունենալով, որ 2026 տարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած էր «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի», սրբազան հայրը այս աշխատանքը կը դնէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն տրամադրութեան տակ, օգտակար դառնալու անոնց՝ իրագործելու վերոնշեալ Հայրապետական Հռչակագրին մտածումը, հրաւէրն ու կոչ-խորհուրդը: Գիրքը կը բացուի սրբազան հօր «Երկու Խօսք»-ով, ուր հեղինակը նկատել կու տայ որ․ «Աստուծոյ շնորհքով ու տուած կարողութեամբ մտադրեցի այս աշխատանքը կատարել, որ տարիներու փափաքս եղած էր, յօգուտ մեր երիտասարդ սերունդին, Կիրակնօրեայ Դպրոցներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ աշակերտութեան, ինչպէս նաև բոլոր անոնց համար, որոնք սէր եւ հետաքրքրութիւն ունին առհասարակ Աստուածաշունչի նկատմամբ եւ անոր մէջ բովանդակուած ճշմարտութիւններուն եւ մեզի փոխանցելիք ուսուցումներուն եւ իրողութեանց: Եւ փա՛ռք, Հազա՛ր փա՛ռք Աստուծոյ, որ իր Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, իմաստութեամբ, օրհնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ սոյն աշխատասիրութիւնը կարողացանք իր աւարտին հասցնել»: 221 էջերու վրայ ծաւալող աշխատասիրութիւնը, իր երկու տպածոյ օրինակներով, որակաւոր տպագրութեամբ եւ յստակ բաժանումներով համադրական ծաղկաքաղ մըն է զանազան եկեղեցական հայրերու եւ հեղինակներու գործերէն: Հատորը կը ներառէ շուրջ 75 տարբեր նիւթեր՝ կրօնա-ընկերաբարոյական, աստուածաբանական, վարդապետական, եկեղեցական, ուսուցողական, դաստիարակչական եւ հոգեկրթական։ Մանրամանութեամբ եւ օրինակներով կը բացատրուին Աստուածաշունչի բովանդակութիւնը, ներշնչականութիւնը, վաւերականութիւնը, կանոնը, ապա կը ներկայացուին Հին Կտակարանի ժամանակագրական տախտակը, գիտելիքներ եւ Աստուածաշունչէն սորվելիք ծանօթութիւններ ու ճշմարտութիւններ: Այս բոլորը կ՚եզրափակուին «Աստուածաշունչի Պատգամ»-ով, որուն աւարտին հեղինակ սրբազանը հետեւեալը կ՚ըսէ ընթերցողին․ «Երկու Հազար տարիներ շարունակ, Աստուծոյ Խօսքը նուաճած է մարդկային լեզուի սահմանները։ Այսօր Աստուածաշունչը մատչելի է աւելի քան երկու Հազար լեզուներով։ Աստուած կը փափաքի խօսիլ քու հետդ, սիրելի՛ ընթերցող, քու իսկ մայրենի լեզուովդ, ինչպէս հայր մը կը խօսի իր զաւկին հետ։ Արդեօք պատրա՞ստ ես լսելու զինք, երբ ան կը խօսի։ Պիտի լսե՞ս զինք, երբ ամէն առիթի կը խօսի հետդ: Մաղթեմ եւ յուսամ որ պատասխանդ այո’ կ’ըլլայ»: Գիրքը հրատարակուած է տիկին Անժէլ եւ զաւակը՝ Աւո Պարուշեաններուն մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր՝ Պօղոս Պարուշեանի։ Հրատարակութեան վերստուգիչ սրբագրութիւնը կատարած է Գերշ․ Տ․ Վարուժան Արք. Հերկելեան։ Գեղատիպ այս հատորը ընթերցողը կը զինէ հոգեւոր իմացականութեամբ եւ Աստուածաշունչ մատեանը աւելի խորութեամբ ըմբռնելու կարելիութեամբ: The post ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ․ ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ «ՄՕՏԷՆ ՃԱՆՉՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ-ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ» ՀԱՏՈՐԸ appeared first on Գանձասար .
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ․ ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ «ՄՕՏԷՆ ՃԱՆՉՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ-ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ» ՀԱՏՈՐԸ

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ-ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ՝ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ-ՉԻՆԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ԱՄՈՒՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ԵՒ «Ո՛Չ» ԸՍԵԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ՓԱԹԵԹԻՆ»
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ՄԱԿՈՒՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է, ԹԷ Ո՛Ր ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԵՏՍ ՊԻՏԻ ԿՈՉԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՏԵԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅՑԵՐԸ
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago
Related coverage

Ինչո՞ւ Ռուսաստանից Մարգարիտա Սիմոնյաններ, Իսկ Թուրքիայից Դինքեր Են Դուրս Գալիս - Միքայել Հայրապետյան
Arevelk / Oct 4

Այո՛, Պարտվել Ենք, Չենք Հանձնվելու․ Հայաստանը Պայքարելու Է․ «Անկեղծ Զրույց» | Միքայել Հայրապետյան
Arevelk / Oct 3

Սա Առաջին Անգամ Եմ Ասում - Շանթ Հարությունյան
Arevelk / Sep 29

Ռուսաստանը Պարտված է․․․ Շանթ Հարությունյան
Arevelk / Sep 28