ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ, Գահիրէի Հայ Կարիքի Խաչի կազմակերպած խորհրդաժողով-շրջապտոյտը տեղի ունեցաւ 25 Սեպտեմբերէն 7 Հոկտեմբեր։ 25 Սեպտեմբերին աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ուհիները եւ համակիրները, թուով մօտաւոր 187 ադամ, ժամանեցին Գահիրէի օդակայան, ուրկէ փոխադրուեցան «Hilton Cairo Heliopolis» հինգ աստղանի պանդոկը եւ ստանձնեցին իրենց սենեակները։ 26 Սեպտեմբերի առաւօտեան պտոյտի մասնակիցները այցելեցին Գահիրէի Առաջնորդարանն ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ հանդիպում ունեցան տեղւոյն թեմակալ առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանին հետ։ Ապա խմբակը ուղղուեցաւ Գալուստեան-Նուպարեան Ազգային վարժարան, ուր սիրալիր ու ջերմ ընդունելութեան մը արժանացաւ վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ։ Այստեղ ներկաները մօտէն ծանօթացան դպրոցի կառոյցին, աշակերտութեան եւ տեղեկանք ստացան դպրոցական առօրեային եւ դասաւանդման մեթոտներուն շուրջ։ Յիշենք, որ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անունով ընկհ. Արուս Մելքոնեան ՀՕՄ-ի 100 ամեակի առթիւ պատրաստուած յուշանուէրներէն օրինակներ յանձնեց Գահիրէի Առաջնորդին եւ Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան։ Երեկոյեան տեղի ունեցաւ Կալա-ընթրիքը, կազմակերութեամբ Գահիրէի Հայ Կարիքի Խաչի վարչութեան։ Երեկոն ազգային-ժողովրդական երգերով ճոխացուց Լիբանանէն ժամանած երգչուհի՝ Կասիա Շատարեւեան։ Ընթացքին ՀՕՄի Կեդր. Վարչութեան կողմէ, ձեռամբ ընկհ. Արուս Մելքոնեանին, պարգեւատրուեցան Գահիրէի Հայ Կարիքի Խաչի Մեկուսի մասնաճիւղը, ինչպէս նաեւ յիսուն տարուան ծառայութիւն ունեցող հինգ ընկերուհիներ՝ Սոնիա Տատուրեան, Սիլվա Գզըրլեան, Սեդա Կէվրէկեան, Սոնիա Պայրամեան, Շաքէ Յովկիմեան։ 27 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ խորհրդաժողովը, Գահիրէի «Յուսաբեր» կեդրոնէն ներս։ Առաջին զեկուցաբերն էր Տոքթ. Սուրէն Պայրամեան, որ համապարփակ ձեւով անդրադարձաւ Գահիրէի Հայ Կարիքի Խաչի ծննդոցին, առաքելութեան ու պատմութեան ընթացքին անոր ընծայաբերած մարդասիրական բազմակողմանի ծառայութիւններուն։ Օրուան երկրորդ զեկուցաբերն էր Գանատայէն ընկհ. Անի Թորիկեան-Պապիկեան, որ ներկայացուց «Արհեստական Բանականութիւնը եւ Մենք» այժմէական նիւթը։ Ընկերուհին շինիչ օրինակներով պարզաբանեց արհեստական բանականութեան օր ըստ օրէ զարգացումն ու ազդեցութիւնը այսօրուան աշխարհին վրայ։ Աւարտին, երկու զեկուաբերներուն փոխանցուեցան ՀՕՄի 100 ամեակին առթիւ պատրաստուած յուշանուէրներէն, ձեռամբ ընկհ. Արուս Մելքոնեանի։ Երկու զեկոյցներու ընդմիջումին ներկաները հիւասիրուեցան համեղ ճաշով տեղւոյն Հայ Կարիքի Խաչի մեկուսիի ընկերուհիներուն կողմէ։ 28 Սեպտեմբերին յայտագիրը ճոխ էր Եգիպտոսի պատմական վայրերու այցելութեամբ։ Առաջին առթիւ խմբակը այցելեց աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկը հանդիսացող Կիզէի եգիպտական բուրգերն ու առասպելական ՍՖինքսը (Ապուլ Հոլ), որոնք մինչ օրս կը շարունակեն հմայել այցելուները։ Այստեղ մասնակիցները ունեցան հաճելի փորձառութիւն՝ անապատին մէջ ուղտով եւ կամ ձիաւոր կառքով պտտելու։ Համեղ ճաշի դադարէ ետք, ներկաները ուղղուեցան Եգիպտոսի հսկայ թանգարանը՝ «Great Egyptian Museum» (GEM), որուն բացումը կատարուած է 2025ին եւ կը համարուի աշխարհի մեծագոյն թանգարանը, նուիրուած մէկ քաղաքակրթութեան։ Այստեղ ամփոփուած են Եգիպտոսի տարածքին պեղումներէ յայտնաբերուած փարաւոնեան հազարամեայ մշակոյթի նմոյշները՝ տիտանեան արձանները, ոսկեայ իրերը, զարդարանքը, կահոյքը եւ այլք։ Ապա խմբակը այցելեց պապիրուսի գործարանը, ուր ծանօթացաւ պապիրուսի թուղթի պատրաստութեան հանգրուաններուն եւ այս իւրայատուկ արուեստին։ 29 Սեպտեմբերին խմբակի առաջին կանգառն էր Ղպտի Ուղղափառ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ կախեալ եկեղեցի է (hanging church), ապա խմբակը այցելեց Քարանձաւի եկեղեցին, ուր Մանուկ Յիսուսն ու Աստուածամայրը ապաստանած են Բեթղեհեմէն դէպի Եգիպտոս երեքուկէս տարուան ճամբորդութեան ընթացքին։ Այցելութիւն կատարուեցաւ նաեւ հրէական սինակոկը՝ կրօնական վայրը։ Յաջորդ կանգառն էր Եգիպտական Մշակոյթի Ազգային Թանգարանը (National Museum of Egyptian Civilization (NMEC)), ուր ցուցադրուած են հին Եգիպտոսի իւրայատուկ ժառանգութիւնը եւ թագաւորներու զմռսուած դիակները։ (SKY RIM) ճաշարանէն ներս հրամցուած համեղ ճաշի դադարէն ետք, խմբակը մեկնեցաւ Խան Ալ Խալիլի եւ ծանօթացաւ եգիպտական ժողովրդական շուկային ու հարուստ արտադրութիւններուն եւ գնեց եգիպտական մշակոյթը արտացոլացնող յատուկ յուշանուէրներ։ 30 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան շրջապտոյտի մասնակիցները ուղղուեցան Եգիպտոսի օդակայան, ուրկէ մեկնեցան դէպի հարաւ, Գահիրէի պատմական ու յիշարժան քաղաքերէն մին՝ Ասուան։ Քաղաքը կը հանդիսանայ հաւաքավայրը արաբ եւ նուպիացի ժողովուրդին։ Վերջինս կը յատկանշուի իր լեզուով ու իւրօրինակ մշակոյթով։ Այստեղ, առաջին հանգրուանով, այցելեցին Ասուանի հռչակաւոր բարձր ամբարտակը, որ հիմք կը հանդիսանայ Եգիպտոսի գիւղատնտեսութեան։ Ապա Նեղոս գետի վրայ, նաւու ճամբորդութեամբ, խմբակը հասաւ Իսիս չաստուծոյ նուիրուած հրաշակերտ Ֆիլա տաճարը, որ ճարտարապետական հիանալի նմոյշ մըն է Եգիպտոսի հին պատմական ու կրօնական մշակոյթին։ Ապա այցելութիւն կատարուեցաւ (Ֆիլա) անունը կրող բուրմունքի պատաստութեան կեդրոն, ուր ներկաները ծանօթացան արաբական անուշաբոյր, իւրայատուկ բուրմունքներու եւ անոնց ակունքի պատմութեան։ Աւարտին, մասնակիցները նաւ վերադարձան ու այնտեղ գիշերեցին։ 1 Հոկտեմբերին խմբակը նաւով ուղղուեցաւ դէպի պատմական Ապու Սիմպըլ տաճարը՝ կառուցուած Ռամսիս Բ. փարաւոնին կողմէ։ Վերջինս այս տաճարը նուիրած էր իր սիրեցեալ կնոջ Նեվըրթարիին։ Յետմիջօրէին մասնակիցները, նաւարկելով Նեղոսի ափերուն վրայ, վայելեցին հանգստեան հաճելի պահեր։ Երեկոյեան այցելութիւն կատարուեցաւ Քոմ Օմպօ տաճար, ապա զմռսուած կոկորդիլոսներու թանգարանը, ուր ներկաները ականատես դարձան հին եգիպտացիներուն կոկորդիլոսներու նկատմամբ սնուցած պաշտամունքին։ Աւելի ուշ, օրը աւարտին հասաւ արաբական աւանդական «կալլապիէ» տարազներով՝ պարի, երաժշտութեան եւ ուրախութեան հաճելի հաւաքոյթով։ 2 Հոկտեմբերին Նեղոսի վրայով մասնակիցները իջեւանեցին Լիւքսոր քաղաքը, ուր այցելութիւն կատարուեցաւ Լիւքսորի տաճար եւ մասնակիցները անգամ մը եւս ականատես դարձան հին Եգիպտոսի հազարամեայ մշակոյթի հետքերուն։ Յետմիջօրէն անցաւ խաղաղ եւ ազատ ժամանցի պահերով։ 3 Հոկտեմբերի վաղ առաւօտեան մասնակիցներու խումբ մը ապրեցաւ իւրայատուկ փորձառութիւն մը, երբ օդապարիկ նստաւ ու հազարաւոր մեթր բարձունքէն դիտեց Լիւքսորի գեղեցիկ արեւածագն ու քաղաքի համայնապատկերը։ Ապա ուղեւորութիւնը շարունակուեցաւ դէպի Արքաներու Ձորը (Valey of the Kings), ուր կը պահուին շարք մը եգիպտական հզօր փարաւոններու զմռսուած դիակները, ընդ որում Թութանխամունի եւ ուրիշներու։ Պատմական այս յիշարժան այցելութենէն ետք խմբակը այցելեց եգիպտական Ալապասթըր քարի արուեստանոցը եւ ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան յիշեալ քարով գործուած ձեռակերտ արձաններու եւ յատկանշական իրերու պատրաստման հանգրուաններուն։ 4 եւ 5 Հոկտեմբերին շրջապտոյտի մասնակիցները հասան ծովեզերեայ Հուրղատա քաղաք, ուր երկու օրերու ընթացքին վայելեցին արեւելքի տաք արեւն ու Կարմիր ծովուն գեղատեսիլ ափունքը։ Այստեղ բոլորին կը սպասէր հաճելի անակնկալ մը։ Սողոմոնեան գերդաստանէն՝ տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Յասմիկ Թէճիրեան, տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեան, տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեան՝ իրենց զաւակներուն հետ միատեղ, որոշած են ՀՕՄի Կեդր. Վարչութեան «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ» ծրագրին 160 երեխայ հովանաւորել։ Նուիրատուները, քաջալերուած շրջապտոյտի մթնոլորտէն, իրենց այս որոշումը փոխանցեցին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան։ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Արուս Մելքոնեան, յանուն Կեդր. վարչութեան, բարձր գնահատեց յարգարժան Սողոմոնեան ընտանիքին այս նուիրատուութիւնը, որ ցուցանիշ է ՀՕՄ-ի բարեկամներու դրսեւորած ազգային խոր գիտակցութեան եւ նուիրաբերելու աստուածահաճոյ արարքին։ Այս մէկը արտացոլումն է նաեւ Սողոմոնեան ընտանիքի առատաձեռնութեան եւ ՀՕՄ-ի բարեսիրական գործունէութեան նկատմամբ իրենց սնուցած խոր հաւատքին։ Շրջապտոյտի վերջին երկու եզրափակիչ օրերը (6-7 Հոկտեմբեր) առլցուն էին խառն յուզումնալից պահերով։ Մէկ կողմէ այստեղ կուտակուած յուշերը, նոր ընկերուհիներու ծանօթութիւնը եւ տունդարձի ուրախ զգացումը, իսկ միւս կողմէ այստեղ ապրուած հեքիաթային օրերու աւարտը, գեղեցիկ վայրերուն ու ընկերներուն հրաժեշտ տալը՝ հակասական զգացումներով լեցուցին բոլորին սրտերը։ Շնորհակալութիւն Եգիպտոսի Հայ Կարիքի Խաչի մեկուսի մասնաճիւղին, որ դրսեւորեց տաքուկ հիւրընկալութիւն եւ կազմակերպական բացառիկ աշխատանք։ Շնորհակալութիւն ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան շրջապտոյտին մասնակից ընկերուհիներուն, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին լաւագոյնս կարգաւորելու շրջապտոյտի ամենայետին մանրամասնութիւնները։ ՀՕՄ-ը կը մնայ այն եզակի կազմակերպութիւնը, որ միշտ կը յաջողի իր հովանիին ներքեւ համախմբել աշխարհասփիւռ անդամները, որոնք անսակարկ նուիրումով կը գործեն ի նպաստ ազգային վեհ իտէալներու իրագործման։ ՀՕՄԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Ընկհ. Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան The post ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ-ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր) appeared first on Գանձասար .
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ-ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)

ՆԱԽԱԳԱՀ ՇԱՐԱԱ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ՌԻԱՏ՝ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՐՑԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԵՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Kantsasar (Gandzasar) / 21 hours ago

ՀԱՅՑԵՐՈՒ ՅԵՏՍ ԿՈՉՈՒՄԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՂԾԱՆՈՒՄ. Ո՞ՒՐ ԿԸ ՏԱՆԻՆ ՊԱՔՈՒԻ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ
Kantsasar (Gandzasar) / 21 hours ago

EX LIBRIS
Kantsasar (Gandzasar) / 21 hours ago

ՀԱՅ ՄԻՏՔԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ 20-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Kantsasar (Gandzasar) / 22 hours ago
Related coverage

Ալիևը «Քցե՞ց» Պուտինին․ Ի՞նչ Խաղ Է Ընթանում Կուլիսներում. «Անկեղծ Զրույց» | Հովսեփ Խուրշուդյան
Arevelk / Oct 28

Փաշինյանը Պատրաստ Էր Երկխոսության, Բայց Մայր Աթոռը Մերժեց. «Անկեղծ Զրույց» | Վիլեն Գաբրիելյան
Arevelk / Oct 17

Փաշինյանը Պատրաստ Էր Երկխոսության․ Մայր Աթոռը՝ Ո՛չ. «Անկեղծ Զրույց» | Վիլեն Գաբրիելյան
Arevelk / Oct 16