Շուրջ 20 տարի առաջ, Հալէպի մէջ, երկու անհատներու ջանքերով ծայր առին նպատակամէտ, անկեղծ ու սրտբաց զրոյցներ գեղանկարիչ Ճորճ Ամպարճեանի եւ բժիշկ Զարեհ Մալճեանի (այժմ՝ հանգուցեալ) միջեւ։ Կարճ ժամանակ անց, անոնց միացան այլ մտաւորականներ։ Ժամանակի ընթացքին, զանազան նիւթերու եւ ընդհանրապէս հայ կեանքը յուզող հարցերու շուրջ ծաւալած զրոյցները իրենց շուրջ համախմբեցին լայն հարթակ մը, ուր կարելի եղաւ շօշափել հայ կեանքի առնչակից ազգային, մշակութային և պատմաքաղաքական այլաբնոյթ հարցեր, արծարծել միտքեր, կատարել խորքային քննարկումներ, առաջարկել լուծումներ եւ այլն։ Հանդիպումները դարձան ո’չ միայն իմացական, այլեւ հոգեմտաւոր հաղորդակցութեան հարթակ՝ նոր գաղափարներու եւ ստեղծագործական ներշնչումներու խթան հանդիսանալով։ Այսօր, պէտք է ըսել, որ Հալէպ ապա Պէյրութ եւ դարձեալ Հալէպ 20 տարիներու ճանապարհ կտրած Հայ Միտքի Բարեկամներու Համախմբումը յաջողած է միտքի, գաղափարի եւ արուեստի շուրջ համախմբել անհատ մտաւորականներ եւ գեղարուեստի գործիչներ՝ արդարացնելով ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. Վեհափառ Հայրապետի այս առնչութեամբ արտայայտած այն տեսակէտը, որուն համաձայն «Մտաւորական է ան, որ նոր միտք կ’արտայայտէ, որ ըսելիք ունի մեր ազգային, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու պարունակին մէջ»։ Օրերս, Հայ Միտքի Բարեկամներու Համախմբումի հիմնադիր, գեղանկարիչ Ճորճ Ամպարճեանի նախաձեռնութեամբ, համախմբումի Հալէպի անդամները արժանացան համապատասխան հաստատագրի տուչութեան, ձեռամբ` Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ.Մակար Սրբ․ Արք. Աշգարեանի։ Հաստատագրեր, պատուոյ վահանակ եւ շքանշան ստացան հետեւեալները․ Գեղանկարիչներ` Զաւէն Պարտաքճեան, Ճորճ Ամպարճեան, Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան, Քանդակագործ՝ Վարդգէս Պարսումեան, Պատմական գիտութիւններու դոկտ. Հուրի Ազէզեան, Մեթր Մարիա Գաբրիէլեան, Դեղագործ, դերասան Վազգէն Ֆերմանեան, Բանաստեղծ Յարութ Վարդանեան, Հրապարակագիր Սալբի Գասպարեան։ Մտերմիկ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հաւաքը յաւելեալ փայլք ստացաւ համալսարանական ուսանող, թաւ ջութակահար Զոհրապ Միրաքեանի հաճելի նուագով, 20-ամեակի կարկանդակի հատումով, ճոխ հիւրասիրութեամբ եւ սրբազան հօր ջերմ ներկայութեամբ։ Թղթակից The post ՀԱՅ ՄԻՏՔԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ 20-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ appeared first on Գանձասար .