Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու նիստին վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Լիլիթ Մակունցի հնչեցուցած բացայայտումը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրի 15-րդ կէտին վերաբերեալ, պարզ կը դարձնէ այն մարտահրաւէրները, որոնց առջեւ կանգնած է Հայաստան: Համաձայնագիրը կը սահմանէ. «Օրինական ուժի մէջ մտնելէն ետք մէկ ամսուան ընթացքին կողմերը յետս պիտի կոչեն, չեղեալ պիտի հռչակեն կամ այլ կերպով պիտի լուծեն որեւէ իրաւական հարթակի վրայ ներկայացուած բոլոր միջպետական հայցերը, բողոքները, առարկութիւնները, վարոյթներն ու վէճերը, որոնք կը վերաբերին մինչեւ սոյն Համաձայնագիրի ստորագրումը կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցած խնդիրներուն, եւ պիտի չնախաձեռնեն նման հայցեր, բողոքներ, առարկութիւններ, վարոյթներ, ինչպէս նաեւ պիտի չներգրաւուին որեւէ երրորդ կողմի միջոցով միւս կողմին դէմ ներկայացուող բողոքներուն, առարկութիւններուն եւ վարոյթներուն մէջ»։ Մակունց կը յայտնէ, թէ խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական ստորագրումէն ետք է որ յետս պիտի կոչուին նման հայցեր։ Այս դրոյթը, սակայն, Պաքուի կողմէ տարիներէ ի վեր վարուող ռազմավարական ճնշման քաղաքականութեան մէկ արարն է, որ կը միտի չէզոքացնել հայկական պետականութեան եւ հայ ժողովուրդի պատմական ու իրաւական ժառանգութիւնը: Միջազգային դատական ատեաններէն (Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան, ՄԻԵԴ) միջպետական հայցերու պարտադիր յետս կոչումը կը նշանակէ հրաժարիլ միջազգային-իրաւական այն լծակներէն, որոնք փաստագրած են Արցախի հայաթափումն ու ժողովուրդի բռնի տեղահանութիւնը, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներու ապօրինի ձերբակալումը: Թէեւ «երրորդ կողմերու միջոցով հայցեր չներկայացնելու» պայմանը իրաւականօրէն կը վերաբերի այլ պետութիւններու, քաղաքական առումով անիկա կը միտի մեկուսացնել նաեւ Սփիւռքի եւ միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցներու ջանքերը՝ փորձելով խզել Հայաստան-Սփիւռք համազգային օրակարգը եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու հարցը դուրս մղել միջազգային քաղաքականութենէն: Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պահանջը՝ փոխելու Հայաստանի Սահմանադրութիւնը (հրաժարելով Անկախութեան հռչակագիրի յղումէն), կոպիտ միջամտութիւն է Հայաստանի ինքնիշխանութեան։ Անոր հիմնական նպատակն է իրաւականօրէն հրաժարիլ տալ հայկական պատմական պահանջատիրութենէն: Պաքու կը փորձէ ստեղծել վտանգաւոր նախադէպ, ուր Հայաստանի Մայր Օրէնքը կը սրբագրուի արտաքին պարտադրանքով՝ ապագային նորանոր պահանջներ ներկայացնելու դուռ բանալով: Այլ առումով, սահմանազատման պատրուակով իրականացուող տարածքային զիջումներն ու տարածաշրջանային ենթակառոյցներու (ներառեալ ԹՐԻՓՓ-ի նախագիծին) շուրջ ծաւալող գործընթացները կը պարունակեն ռազմավարական լուրջ սպառնալիքներ. Եթէ ԹՐԻՓՓ-ի կամ նմանատիպ ծրագրերու շրջանակներուն մէջ ենթակառոյցներու տնտեսական կառավարումը յայտնուի արտաքին այնպիսի խաղացողներու ազդեցութեան տակ, որոնք հաշուի չեն առներ Հայաստանի շահերը. այս պարագային երկիրը կրնայ յայտնուիլ տնտեսական ծանր ճնշումի տակ: Ուստի, ամերիկեան գործընկերներու տրամադրուող բաժնեմասերն ու լիազօրութիւնները պէտք է խստօրէն վերահսկուին Հայաստանի կողմէ, այլապէս այդ ենթակառոյցները կրնան յայտնուիլ նաեւ Ատրպէյճանի կամ անոր դաշնակիցներու ազդեցութեան տակ: Այս անհաւասար բանակցային պայմաններուն մէջ, հայութիւնը պէտք է ցուցաբերէ ռազմավարական զգօնութիւն։ Եթէ միջպետական հայցերը յետս կոչուին, քաղաքացիական հասարակութիւնը, իրաւապաշտպաններն ու Սփիւռքի կառոյցները պէտք է ոչ-պետական միջազգային հարթակներով շարունակեն Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Անհրաժեշտ է կանխել Հայաստան-Սփիւռք արհեստական վիհի խորացումը. Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները համազգային, անսակարկելի հարցեր են: Իսկական խաղաղութիւնը չի կառուցուիր միակողմանի զիջումներու վրայ: Այսօր ընթացող գործընթացներուն դիմակայելու միակ ճանապարհը ազգային ներքին համախմբումն է, իրաւական ճակատի պահպանումը եւ պետական ինքնիշխանութեան անսասան պահպանումը: Ցաւօք, այսօր այդ համախմբումն իսկ քայքայելու փորձերը երեւելի կը դառնան Երեւանի մէջ. ընդդիմադիր գործիչներու ձերբակալութիւնները եւ Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցող ծեծկռտուքը ներքին ճակատի թուլացման յստակ փորձեր են։ The post ՀԱՅՑԵՐՈՒ ՅԵՏՍ ԿՈՉՈՒՄԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՂԾԱՆՈՒՄ. Ո՞ՒՐ ԿԸ ՏԱՆԻՆ ՊԱՔՈՒԻ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ appeared first on Գանձասար .
Translate this article
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Opinion
ՀԱՅՑԵՐՈՒ ՅԵՏՍ ԿՈՉՈՒՄԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՂԾԱՆՈՒՄ. Ո՞ՒՐ ԿԸ ՏԱՆԻՆ ՊԱՔՈՒԻ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ

Comments
Sign in to join the conversation.
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)
ՅԻՍՈՒՆ ՏԱՐԻՆԵՐՍ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԼԲ.
Kantsasar (Gandzasar) / 13 minutes ago
ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ԿԱՐՈ ԱՐՄԷՆԵԱՆԻ «ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՒ «ԱՆԴՐԱԶԳ» ԵԶՐՈՅԹԻ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐԸ» ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ
Kantsasar (Gandzasar) / 23 minutes ago

ՆԱԽԱԳԱՀ ՇԱՐԱԱ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ՌԻԱՏ՝ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՐՑԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԵՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Kantsasar (Gandzasar) / 21 hours ago

EX LIBRIS
Kantsasar (Gandzasar) / 22 hours ago
Related coverage
No related coverage from other sources yet.