Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբերին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Սահմանադրութեան մասին. Նախ պէտք է փաստել, որ Փաշինեան տապալած է Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին օրակարգ ներկայացնելու գործը. ընդդիմութիւնը յաջողած է հանրութեան ցոյց տալ իրականութիւնը, եւ այսօր Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի գիտէ, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Ալիեւի պահանջն է, այդ իսկ պատճառով ալ այդ փաթեթը ստացած է իր արժանի անուանումը` «ալիեւեան սահմանադրութիւն»: Ընդդիմութիւնը յաջողած է փաստի դէմ յանդիման կանգնեցնել ե՛ւ Փաշինեանը, ե՛ւ Ալիեւը, որոնք այսօր Հայաստանի խորհրդարանին մէջ չունին սահմանադրական մեծամասնութիւն, հետեւապէս` ալիեւեան հերթական պահանջը կատարելու լիազօրութիւն: Ընդդիմութեան հասցէին հնչող սպառնալիքներու մասին. Սա իսկապէս պատմական պահ է, եւ սպառնալիքի, պատանդառութեան ոեւէ գործիքակազմ չի կրնար ազդել ընդդիմադիր որեւէ անձի որոշումին վրայ եւ ստիպել զինք կողմ արտայայտուիլ այն գործընթացին, որ պիտի յանգեցնէ Հայաստանի մէջ «ալիեւեան սահմանադրութեան» ընդունման: Պատանդառութիւնները, ձերբակալութիւնները, ընդդիմադիր առաջնորդներու կալանաւորումները, այդ կարգին նաեւ կալանաւորումներու կանխատեսելի նոր ալիքը, միայն կրնան ամրապնդել ընդդիմադիրներու վճռականութիւնը` «ո՛չ» ըսելու Փաշինեանի եւ Ալիեւի սահմանադրութեան: Ինչ կը վերաբերի Ալիեւի եւ Փաշինեանի որեւէ երաշխիքի` անոնք ունին զերօ նշանակութիւն: Յիշեցնենք, որ 2022-ի Մարտին Փաշինեան կը յայտարարէր, որ եթէ Արցախի բանակցութիւններուն մէջ իջեցնենք նշաձողը, կ՛երաշխաւորենք Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը եւ այդ հարցին շուրջ կ՛ապահովենք միջազգային համերաշխութիւն: Անկէ 6 ամիս ետք վերջինս Իլհամ Ալիեւի հետ ապահովեց Արցախի հայաթափումն ու ցեղային զտումը: Ուստի ստեղծուած իրավիճակին մէջ ընդդիմութեան պատմական դերակատարութիւնը կը շարունակեն մնալ հետեւեալը` ամուր կանգնիլ միակ ճշմարիտ դիրքին վրայ, «ո՛չ» ըսել Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միատեղ փաթեթին` Հայաստանի մէջ «ալիեւեան սահմանադրութեան» ընդունման, անկլաւներու անուան տակ տարածքային նոր զիջումներուն»: The post ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ԱՄՈՒՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ԵՒ «Ո՛Չ» ԸՍԵԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ՓԱԹԵԹԻՆ» appeared first on Գանձասար .