Կը պատահի, որ սենեակի մը մէջ ամէն մարդ գիտէ, թէ ի՛նչ բան սխալ է։ Ոմանք կը նային իրարու, ոմանք կը խոնարհեցնեն իրենց հայեացքը, ուրիշներ կը շարունակեն խօսակցութիւնը՝ կարծէք ոչինչ պատահած է։ Որոշումը կ’անցնի, սխալը կը հաստատուի, անարդարութիւնը իր տեղը կը գտնէ։ Իսկ երբ ամէն ինչ կ’աւարտի, բոլորը կը հեռանան նոյն լռութեամբ, որով ներս մտած էին։ Ոչ ոք համաձայն էր։ Բայց ոչ ոք ալ առարկեց։ Եւ հո՛ս է, որ լռութիւնը կը դադրի պարզ բացակայութիւն մը ըլլալէ եւ կը դառնայ ներկայութիւն մը՝ երբեմն աւելի ազդեցիկ, քան ամէնէն բարձր ձայնը։ Լռութիւնը միշտ իմաստութի՞ւն է։ Երբեմն, այո՛։ Կան խօսքեր, որոնք պէտք է սպասեն իրենց ժամանակին, վէճեր. որոնց մէջ ճշմարտութիւնը գոռալով չի պաշտպանուիր, եւ պահեր, երբ լռելը աւելի մեծ զօրութիւն կը պահանջէ, քան պատասխանելը։ Բայց կա՛յ նաեւ ուրիշ լռութիւն մը։ Լռութիւն մը, որուն ետին իմաստութիւն չկայ, այլ՝ վախ։ Վախ՝ դիրք կորսնցնելու, մէկը նեղացնելու, շրջապատին աչքին անընդունելի դառնալու կամ տարիներով կառուցուած յարաբերութիւն մը վտանգելու։ Եւ երբեմն ալ լռութիւնը պարզ հաշիւ մըն է։ Մարդը կը կշռէ ճշմարտութիւնը եւ իր շահը, կը չափէ խօսելու հետեւանքները եւ լռելու գինը, ապա կ’ընտրէ այն, ինչ որ իրեն համար նուազ վտանգաւոր կը թուի։ Ան կրնայ նոյնիսկ համոզել ինքզինք, թէ ինք խոհեմ գտնուեցաւ, թէ հիմա խօսելու ժամանակը չէր, թէ ուրիշները պէտք է միջամտէին։ Այդպէս, պատասխանատուութիւնը կը շրջի ձեռքէ-ձեռք, մինչեւ որ վերջապէս կը կորսնցնէ իր տէրը։ Իսկ սխալը կը մնայ սխալ։ Կը մնայ, որովհետեւ անոր դէմ կանգնելու փոխարէն՝ իւրաքանչիւրը պատճառ մը գտաւ չկանգնելու։ Մէկուն լռութիւնը միւսին համար դարձաւ արդարացում, միւսին լռութիւնը՝ երրորդին համար համաձայնութեան նշան։ Եւ ա՛յն, ինչ որ սկիզբը բոլորին համար անընդունելի էր, կամաց-կամաց դարձաւ սովորական։ Ոչ թէ որովհետեւ ճիշդ էր, այլ որովհետեւ ոչ ոք այլեւս զայն սխալ կոչելու քաջութիւնը ունեցաւ։ Այսպէ՛ս կը փոխուին չափանիշները։ Ոչ միշտ մեծ որոշումներով, ոչ միշտ բացայայտ դաւաճանութիւններով, այլ երբեմն՝ բազմաթիւ փոքր լռութիւններով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին կրնայ անմեղ թուիլ։ Բայց ո՞վ կը վճարէ այդ լռութեան գինը։ Յաճախ՝ ան, որ նոյնիսկ ներկայ չէր այդ սենեակին մէջ։ Ան, որուն ձայնը չլսուեցաւ։ Ան, որուն իրաւունքը զոհուեցաւ ուրիշներուն ապահովութեան համար։ Ան, որ պիտի ժառանգէ այն հետեւանքները, զորս ուրիշներ նախընտրեցին չկանխել։ Իսկ լռողնե՞րը։ Անոնք կրնան պահպանել իրենց դիրքը, իրենց յարաբերութիւնները, իրենց հանգիստը։ Առնուազն՝ որոշ ժամանակ մը։ Որովհետեւ լռութիւնը միշտ չէ, որ առանց գին վճարելու կ’անցնի։ Երբեմն անոր հաշիւը կը հասնի աւելի ուշ՝ երբ այլեւս խօսելու իմաստը կը նուազի, երբ սխալը արդէն սովորութիւն դարձած է, երբ ճշմարտութիւնը բարձրաձայնողին կը հարցնեն, թէ ինչո՛ւ աւելի կանուխ չխօսեցաւ։ Եւ այդ ժամանակ հարցումը կը դառնայ աւելի դառն. ինչո՞ւ այն ատեն, երբ բոլորը գիտէին, ոչ ոք խօսեցաւ։ Թերեւս որովհետեւ մենք յաճախ կը սպասենք, որ ուրիշ մը առաջ խօսի։ Կը սպասենք, որ աւելի համարձակ մէկը գտնուի, աւելի ազդեցիկ մէկը միջամտէ, աւելի ապահով պահ մը ստեղծուի։ Կը սպասենք այնքան, մինչեւ որ լռութիւնը կը դառնայ հաւաքական սովորութիւն, իսկ պատասխանատուութիւնը՝ ոչ ոքի սեփականութիւնը։ Բայց պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ ամէն լռութիւն վախկոտութիւն չէ։ Կան մարդիկ, որոնք չեն խօսիր, որովհետեւ իրենց ձայնը կրնայ վտանգել ուրիշ մը։ Կան իրավիճակներ, ուր բացայայտ խօսքը կրնայ աւելի մեծ վնաս պատճառել, եւ կան ճշմարտութիւններ, որոնց պաշտպանութիւնը կը պահանջէ ոչ թէ պահուան մը համարձակութիւն, այլ՝ երկարատեւ աշխատանք ու խոհեմութիւն։ Հարցը, ուրեմն, միայն խօսիլը չէ։ Հարցը այն է, թէ ի՞նչ կ’ընենք այն ճշմարտութեան հետ, զոր արդէն գիտենք։ Կը պաշտպանե՞նք զայն, կը փնտռե՞նք զայն արտայայտելու ճիշդ ձեւը, կը փորձե՞նք փոխել կացութիւնը, թէ պարզապէս կը սպասենք, որ ժամանակը մոռցնել տայ մեզի մեր տեսածը։ Որովհետեւ լռութեան հակառակը միշտ չէ, որ աղմուկն է։ Երբեմն ան պատասխանատուութիւնն է։ Երբեմն՝ այն փոքր քայլը, որով կը մերժենք մասնակցիլ սխալին, նոյնիսկ երբ չենք կրնար ամբողջովին կասեցնել զայն։ Երբեմն՝ մէկ նախադասութիւն, որուն արտասանութիւնը կրնայ մեզ անհանգստութեան մատնել, բայց որուն բացակայութիւնը ուրիշին կեանքը աւելի դժուար կը դարձնէ։ Եւ գուցէ ամէնէն վտանգաւորը այն չէ, որ մարդիկ կը վախնան խօսելէ, այլ այն, որ օր մը կը սկսին հպարտանալ իրենց լռութեամբ։ Անոնք զայն կը կոչեն հասունութիւն, դիւանագիտութիւն, իրատեսութիւն։ Կը սորվին չմիջամտել, չառարկել, չվտանգել իրենց դիրքը։ Կը սորվին ամէն հարցի մէջ գտնել պատճառ մը՝ չընտրելու կողմ մը, նոյնիսկ երբ խօսքը ճիշդի եւ սխալի մասին է։ Եւ վերջապէս, հասարակութիւն մը կրնայ ունենալ բազմաթիւ խօսողներ, բայց մնալ լուռ՝ իր ամէնէն կարեւոր հարցերուն առջեւ։ Որովհետեւ կան լռութիւններ, որոնք կը պահպանեն խաղաղութիւնը, եւ կան լռութիւններ, որոնք պարզապէս կը պահպանեն այն վիճակը, որուն մէջ անարդարութիւնը կրնայ շարունակուիլ առանց խանգարուելու։ Երբ բոլորը կը տեսնեն սխալը, բայց ոչ ոք կը խօսի, սխալը այլեւս միայն զայն կատարողին պատասխանատուութիւնը չէ։ Այդ պահէն սկսեալ, իւրաքանչիւրը ստիպուած է ինքն իրեն հարց տալ, թէ իր լռութեամբ ի՛նչ բան պահպանեց եւ ի՛նչ բան զոհեց։ Իր արժանապատուութի՞ւնը, ուրիշին իրաւո՞ւնքը, ճշմարտութի՞ւնը, թէ պարզապէս իր ապահովութիւնը։ Եւ երբ օր մը ամէն ինչ սխալ ընթանայ, գուցէ այլեւս անիմաստ ըլլայ փնտռել ան, որ սխալ գործեց։ Գուցէ պէտք ըլլայ յիշել նաեւ բոլոր անոնք, որոնք տեսան, հասկցան, չհամաձայնեցան, բայց նախընտրեցին չխօսիլ։ Որովհետեւ երբեմն պատմութիւնը կը գրուի անոնցմով, որոնք գործեցին։ Բայց անոր ընթացքը կը վճռուի նաեւ անոնց լռութեամբ, որոնք կրնային բան մը փոխել։ Եւ թերեւս լռութեան ամէնէն ծանր գինը այն չէ, որ կորսնցուցած ենք մեր ձայնը, այլ այն, որ օր մը ստիպուած պիտի ըլլանք ապրելու այն իրականութեան մէջ, որուն ստեղծման ժամանակ մեր ձայնը լսելի չդարձուցինք։ Սօսէ Նարէ Գարաեան Երեւանի Կենսաբժ. Ճարտարագիտութեան Համալսարանի Ուսանող The post ԼՌՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԸ appeared first on Գանձասար .