ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ————————————————————— Հայոց պատմութեան մէջ քիչ են այն դէպքերը, որոնք ժողովուրդի մը ճակատագիրը փոխած ըլլան ո՛չ թէ զէնքով, այլ՝ գիրով ու մշակոյթով։ Հինգերորդ դարը այդպիսի դար մը եղաւ։ Հայ ժողովուրդը պետականութեան կորուստի, քաղաքական ծանր պայմաններու եւ օտար ազդեցութիւններու ճնշումին տակ կը գտնուէր, երբ Մեսրոպ Մաշտոցի հայոց գիրերու գիւտը դարձաւ ազգային ինքնութեան ամէնէն ամուր վահաններէն մէկը։ Սահակ Պարթեւի, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոնց աշակերտներուն մեծ գործը չսահմանափակուեցաւ այբուբենի ստեղծումով. անոնք հայերէնով բացին գիտութեան, գրականութեան, աստուածաբանութեան եւ մշակոյթի նոր աշխարհ մը մեր ազգին դիմաց։ Այսպէս էր ու այսպիսի հիմնական դեր ունեցած են հայ հոգեւորականներն ու Հայ Եկեղեցին մեր պատմութեան մէջ, դառնալով ազգային գոյերթի հիմնասիւները։ Օրինակ՝ Վռամշապուհ թագաւորը, որպէս բանիմաց արքայ եւ պետական գործիչ, գործակցեցաւ ու զօրակցեցաւ մեր հայրապետներուն եւ թարգմանիչներուն, որուն հետեւանքով ալ Ոսկեդար ունեցանք։ Հոգեւոր հայրերն ու քաղաքական գործիչները ձեռք-ձեռքի կերտեցին մեր ազգի յառաջանալու ճամբան, ոչ թէ իրարու դէմ ելան։ Մինչդեռ այսօր, ամօթով ու մտահոգութեամբ կը դիտենք Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ եկեղեցականները հալածելու եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պառակտելու փորձերը։ Այսօր ո՞ւր կ’ուղղուինք… Այո՛, Հայոց Ոսկեդարի այդ մեծ շարժումին մէջ թարգմանութիւնը դարձաւ թմբիրէն դուրս գալու միջոց։ Օտար լեզուներով ստեղծուած իմացողութիւնը հայերէնի վերածելով, գիրքեր թարգմանելով՝ մեր նախահայրերը նպատակ ունէին հայ ժողովուրդին համար ստեղծել մտաւոր հարուստ աշխարհ մը։ Այդ պատճառով ալ պատահական չէ, որ հետագայ սերունդները զիրենք կոչեցին «Թարգմանիչներ» եւ անոնց ժառանգութիւնը պահեցին որպէս հայ մշակոյթի ամէնէն փառաւոր էջերէն մէկը։ Թարգմանչաց շարժումը ծնաւ դժուար պայմաններու մէջ, բայց ծնաւ մե՜ծ տեսլականով։ Հայերէնով Աստուածաշունչ ունենալու պահանջէն սկսած՝ թարգմանական աշխատանքը վերածուեցաւ համազգային մշակութային շարժումի։ Մաշտոցի եւ Սահակի շուրջ համախմբուած աշակերտները յունարէնէ, ասորերէնէ եւ այլ լեզուներէ կատարեցին մեծարժէք թարգմանութիւններ։ Իմացական այդպիսի հրաշագեղ աշխատանքի շնորհիւ, հայերէն գրական լեզուով ստեղծուեցան գիտական մտածողութիւն եւ ինքնուրոյն մշակութային կեանք։ Այսօր, սակայն, լեզուի հանդէպ մեր հոգատարութիւնը որքանո՞վ կը պահպանենք… Նորարարութիւնը օտարախօսութեան հետ կը շփոթենք յաճախ, մոռնալով որ զարգանալ կը նշանակէ նաեւ ծանօթանալ այլ մշակոյթներու, միեւնոյն ժամանակ քուկինդ ծանօթացնել, անաղարտ պահել, գործածել, թարգմանել, հարստացնել, նոր եզրոյթներ հնարել… Եւ այստեղ է, որ Թարգմանչաց գործը այսօրուան մարդուն համար օրինակ է եւ կը ստիպէ մտաւոր կեանքի վերանորոգման նոր սկիզբ մը, նոր ճամբայ մը բանալ։ Մեր թարգմանիչները ունէին գրիչ, մագաղաթ եւ անսահման համբերութիւն։ Մենք ունինք համակարգիչ, հեռաձայն, ստեղնաշար եւ բառարաններու հասանելիութիւն՝ մեր մատներուն ծայրովն իսկ։ Անոնք օտար լեզուներէ գիրք մը հայերէնի թարգմանելու համար ամիսներ ու տարիներ կը տրամադրէին։ Մենք երբեմն երկու բառ հայերէն գրելու համար երկու վայրկեան չենք տրամադրեր եւ շուտով կ’անցնինք լատինատառ գրելուն։ Եւ ահա մեր ժամանակներու ամենամեծ հակասութիւններէն մէկը. Մաշտոցը տառեր ստեղծեց, իսկ մենք երբեմն կը զլանանք ճիշդ ու միշտ գործածել այդ տառերը։ Այսօր ընկերային ցանցերու մէջ մեկնաբանութիւն մը գրելը վայրկեաններու հարց է։ Բայց այդ արագութիւնը երբեմն լեզուի մէջ անփութութեան կը մղէ կարծէք։ Բառերը կը կրճատենք, նախադասութիւնները կիսատ կը թողունք, օտար բառեր կը խառնենք հայերէնին, ուղղագրութիւնը կը զոհենք՝ աճապարելու պատրուակով։ Երբեմն այնքան սխալներով կը գրենք, որ նախադասութիւնը կարդալու համար ընթերցողը ստիպուած կ’ըլլայ ի՛նք թարգմանիչ դառնալ։ Թերեւս ամէնէն քննադատելին այն չէ, որ մենք սխալներ կը գործենք։ Բոլորս ալ կրնանք սխալիլ։ Ամէնէն մտահոգիչը այն է, որ սխալը այլեւս մեզ չի մտահոգեր։ Թարգմանիչները իրենց ժամանակի դժուարութիւններուն դէմ պայքարեցան, որպէսզի հայը կարենայ կարդալ, հասկնալ, մտածել ու ստեղծագործել ի՛ր լեզուով։ Այսօր մեր պայքարը շատ աւելի դիւրին է, բայց պատասխանատուութիւնը՝ մեծ։ Մեզմէ ոչ ոք կը պահանջէ մագաղաթի վրայ հազարաւոր էջեր արտագրել։ Մեզմէ կը պահանջուի պահել ու զարգացնել այն, ինչ որ անոնք մեզի ժառանգեցին՝ յարգանք հայերէնին հանդէպ։ Որովհետեւ լեզուն մէկ օրուան մէջ չի կորսուիր։ Նախ կը սկսի մեզի համար անկարեւոր դառնալ, ապա կը սկսինք սխալ գրել անփութօրէն, յետոյ՝ սխալ մտածել առանց անդրադառնալու։ Եւ վերջապէս օր մը կը հասկնանք, որ այն լեզուն, որ մեր նախահայրերը մեզի ժառանգ թողուցին, կամաց-կամաց կը կորսնցնենք մեր իսկ ձեռքով։ Թարգմանչաց տօնը, ուրեմն, միայն Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ու Սահակ Պարթեւի յիշատակը չէ. ան մեր առջեւ դրուած պարտականութիւն մըն է։ Անոնք մեզի տուին տառերը, ուստի գիտակցաբար արժանի ըլլանք այդ տառերով գրուած ժառանգութեան։ Լոռի Մաթոսեան Կենսաբանութեան Համալսարանի Ուսանող The post ԼԵԶՈՒՆ, ՈՐ ՄԵԶԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԵՑԱՒ appeared first on Գանձասար .
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ԼԵԶՈՒՆ, ՈՐ ՄԵԶԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԵՑԱՒ

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ․ ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ «ՄՕՏԷՆ ՃԱՆՉՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ-ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ» ՀԱՏՈՐԸ
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ-ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ՝ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ-ՉԻՆԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ԱՄՈՒՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ԵՒ «Ո՛Չ» ԸՍԵԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ՓԱԹԵԹԻՆ»
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

