Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ՝ Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբերին, 63 «կողմ» եւ 32 «դէմ» ձայներու յարաբերակցութեամբ վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ին առնչուող հայ-ամերիկեան ռազմավարական համաձայնագիրը: Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ներկայացուցած սոյն փաստաթուղթը քննարկման դրուած էր նախանցեալ օր: «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութիւնները, խիստ քննադատութեան ենթարկելէ քանի մը օր ետք, երէկ դէմ քուէարկեցին համաձայնագրին: Յիշեալ միջպետական համաձայնագրով կ՚ամրապնդուի Սիւնիքի տարածքով Ատրպէյճանին դէպի Նախիջեւան անխոչընդոտ կապ ապահովելու դրոյթը՝ Հայաստանի համար նախատեսուած փոխադարձ առաւելութիւններով: Ընդդիմադիր գործիչներու մտահոգութեան հիմնական պատճառը Հայաստանի քաղաքացիներու՝ Ատրպէյճանի տարածքով անցման պայմաններու անորոշութիւնն է: Պաքուն մինչեւ օրս որեւէ պարտաւորութիւն չէ ստանձնած անխոչընդոտ տեղաշարժ ապահովելու ուղղութեամբ, եւ փաստաթուղթ մը չէ ստորագրուած այս մասին: Նոյնիսկ բանաւոր հաստատումներ չկան, թէ սահմանային ի՛նչ մեքանիզմներով ՀՀ քաղաքացիները Նախիջեւանով պիտի կարենան երթեւեկել Հայաստանի հիւսիսային եւ հարաւային շրջաններու միջեւ: Հայաստանի իշխանութիւնները դեռ որոշակի պատասխան չեն տար այս հարցին. արտաքին գործոց նախարարը վերջերս միայն նշած էր, որ հարցը «դեռ ճշգրտումի կարիք ունի»: The post ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԹՐԻՓՓ-Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ. ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՄ ՔՈՒԷԱՐԿԵՑ appeared first on Գանձասար .
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԹՐԻՓՓ-Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ. ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՄ ՔՈՒԷԱՐԿԵՑ

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ․ ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ «ՄՕՏԷՆ ՃԱՆՉՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ-ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ» ՀԱՏՈՐԸ
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ-ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ՝ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ-ՉԻՆԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ԱՄՈՒՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ԵՒ «Ո՛Չ» ԸՍԵԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ՓԱԹԵԹԻՆ»
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago
Related coverage
No related coverage from other sources yet.