Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան յայտարարած է, թէ կը զօրակցի «այն շփումներուն, որոնք Ատրպէյճան կը վարէ Հայաստանի հետ»: «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Էրտողան այս մասին ըսած է Անգարայի մէջ Թրքական պետութիւններու վեհաժողովի բացման ընթացքին՝ նշելով. «Կը յայտնեմ մեր յանձնառութիւնը՝ առաւելագոյնս նպաստելու տեւական խաղաղութեան հաստատման գործընթացին»: Թուրքիոյ նախագահը ընդգծած է նաեւ, որ այս տարածաշրջանէն ներս հակամարտութիւնը որեւէ կողմի օգուտ պիտի չբերէ, այլ ընդհակառակը՝ ծանր հետեւանքներով պիտի սպառնայ համաշխարհային տնտեսութեան, առեւտուրին եւ ուժանիւթի շուկաներուն: Բացի ատկէ, Էրտողան յոյս յայտնած է, որ Իրանի շուրջ վերջին լարուածութիւնը կը հանգուցալուծուի դիւանագիտական ճանապարհով եւ ոչ թէ զէնքի միջոցով: «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը կը նշէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չէ մասնակցած Թրքական պետութիւններու վեհաժողովին՝ հակառակ Թուրքիոյ նախագահին կողմէ ուղղուած անձնական հրաւէրին: The post ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒՆ appeared first on Գանձասար .