Համալսարանի քննութիւններս աւարտելէ ետք, ամառնային արձակուրդս օգտագործելով՝ ուզեցի դեղարանին մէջ փորձառութեան շրջան մը անցընել։ Նպատակս պարզ էր. աւելի մօտէն ծանօթանալ դեղերու անուններուն եւ անոնց գործածութեան ձեւերուն։ Սակայն ժամանակի ընթացքին հասկցայ, որ անոնք բաւարար չէին։ Պէտք էր թափանցել մարդոց ներաշխարհը, հասկնալ անոնց կարիքները եւ ըստ այնմ վարուիլ։ Սկիզբը աւելի ամչկոտ էի։ Երբ յաճախորդ մը մօտենար եւ հարցում մը ուղղէր, երբեմն կը շուարէի՝ ի՛նչ պատասխանել, կամ ինչպէ՛ս վարուիլ։ Բայց ժամանակի ընթացքին սկսայ աւելի համարձակ խօսիլ, լսել մարդոց մտահոգութիւնը եւ հասկնալ անոնց հոգեվիճակը։ Այս փորձառական շրջանին կարգ մը դէպքեր խոր ազդեցութիւն ձգեցին յիշողութեանս մէջ։ Օր մը դեղարանը չափազանց խճողուած էր։ Այնքան մարդ կար, որ հազիւ ոտքի կանգնելու տեղ գտնուէր։ Այդ ամբողջ աղմուկին մէջ յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց տարեց մարդ մը։ Ծաղիկ մը ձեռքին՝ հաւանաբար ճամբուն վրայ ծառէ մը կամ թուփէ մը քաղած, կը սպասէր իր հերթին։ Երբ իր կարգը հասաւ, մօտեցաւ եւ դեղերը ստանալէ ետք ըսաւ. – Այս ծաղիկը քեզի համար է։ Փոքրիկ ծաղիկը ժպիտ մը գծեց դէմքիս վրայ, եւ այդ մարդուն պարզ արարքը մնաց յիշողութեանս մէջ։ Երբեմն մարդ արարածը ուրախացնելու համար թանկարժէք բաներու կարիք չկայ… Ժամ մը ետք ուրիշ մարդ մը մօտեցաւ եւ ներկայացուց իր պահանջած դեղերու ցանկը։ Դեղերուն ընդհանուր գումարը ընդամէնը յիսուն հազար էր։ Մարդը դրամը երկարեց ու ըսաւ. – Կարծեմ հինգ հազար պակաս տուի։ – Ճի՛շդ է կարծես։ Թոյլ տուէք՝ մէկ անգամ եւս հաշուեմ,- ըսի։ Մարդը ծուռ-ծուռ նայեցաւ ինծի եւ ըսաւ. – Հաշուէ՛ մէյ մըն ալ։ Կրկին հաշուեցի։ Եւ պարզուեցաւ, որ ես սխալած էի. մարդը հինգ հազար պակաս վճարած էր։ Ան բարկացկոտ ձայնով աւելցուց. – Ա՛յ, առաջուընէ ըսի քեզի՝ մէկ հատ ետ հաշուէ՛։ Բան մը գիտեմ։ Ժպտալով ճամբեցի զինք եւ ըսի. – Իրաւունք ունիք, պարո՛ն, կը ներէք, ես շուարած եմ։ Մարդիկ որքա՜ն տարբեր են իրարմէ… Օր մը կին մը եկաւ դեղարան։ Դեղ մը կը փնտռէր իր հիւանդ զաւկին համար։ Երբ գինը ըսի, կինը պահ մը լռեց։ Ապա արցունքոտ աչքերով ինծի ըսաւ. – Ունիմ-չունիմ՝ այս տղան ունիմ։ Ուրկէ՞ ապահովեմ իր բուժումին գումարը։ Միայն ըսէ՛։ Այդ պահուն այլեւս դեղարանին մէջ կանգնած սովորական յաճախորդ մը չէի տեսներ։ Իմ դիմացս մայր մը կար, որ իր զաւկին առողջութիւնը ամէն բանէ վեր կը դասէր, բայց չէր գիտեր՝ ինչպէ՛ս պիտի գտնէր անհրաժեշտ գումարը։ Ես լուռ կը նայէի անոր դէմքին եւ կը փորձէի ելք մը գտնել։ Ապա թելադրեցի, որ դիմէ բարեսիրական միութեան մը, որպէսզի կարենայ ապահովել անհրաժեշտ դեղը։ Այս փորձառութեան ընթացքին սորվեցայ, որ իւրաքանչիւր մարդ իր պատմութիւնը ունի։ Սորվեցայ նաեւ, որ յարգանքը փոխադարձ է, եւ որ մէկ ծաղիկը բաւարար է մարդուն ժպիտ մը պարգեւելու համար։ Սորվեցայ, որ մարդուն ցաւը միշտ դեղով չի բուժուիր։ Երբեմն անոր պէտք է նաեւ հասկցող մարդ մը, բարի խօսք մը եւ ազնիւ վերաբերմունք մը։ Հասկցայ, որ դեղագործութիւնը միայն դեղերու անունները եւ անոնց գործածութեան ձեւերը գիտնալ չէ, այլ նաեւ՝ մարդը հասկնալ, անոր կարիքներուն հանդէպ զգայուն ըլլալ եւ կարեկցանքով մօտենալ անոր։ Դեղը կրնայ բուժել մարմինը, բայց մարդկային ջերմութիւնը, համբերութիւնը եւ անկեղծ վերաբերմունքը կրնան թեթեւցնել հոգիին ցաւը եւ յոյս ներշնչել։ Ի վերջոյ հասկցայ, որ մարդուն բուժելը միայն դեղ տալ չէ, որովհետեւ երբեմն հոգիին ամէնէն մեծ դարմանը մարդկային ջերմութիւնն է։ Վանայ Պարմաքսըզեան Դեղագործական Համալսարանի Ուսանող The post ԴԵՂԵՐՈՒ ՍԱՀՄԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ appeared first on Գանձասար .
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ԴԵՂԵՐՈՒ ՍԱՀՄԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ․ ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ «ՄՕՏԷՆ ՃԱՆՉՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ-ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ» ՀԱՏՈՐԸ
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ-ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ՝ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ-ՉԻՆԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ԱՄՈՒՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ԵՒ «Ո՛Չ» ԸՍԵԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ՓԱԹԵԹԻՆ»
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago
Related coverage
No related coverage from other sources yet.