Այս բանաստեղծութիւնները մաս կը կազմեն «Ցկեանս Բանաստեղծութիւն» խորագրեալ անտիպ գիրքիս, «E-Ներշնչումներ» շարքէն: INBOX Inbox-իս մէջ կուտակուած են այն բառերը, զորս երբեք չհամարձակեցայ ըսել։ «Բարի լոյս» մը՝ առանց առտուան: «Կը ներես» մը՝ առամց ծնկաչոքութեան: «Կը սիրեմ» մը՝ առանց դողի: Այս հեռախօսները՝ մարդավարի չեն մոռնար: Տարիներ անց ալ կը յիշեցնեն – դեռ առկայ են բայց unread։ INTERNET Մարդիկ սեղանի շուրջ նստած են, գլուխները խրած screen-ին մէջ։ Կապ կայ — ուժեղ, անխափան։ Բոլորին հետ՝ բացի իրարմէ: LIKE Սեղմե՞լ – թէ՞ չսեղմել: Սիրոյ ապացո՞յց – թէ՝ կասկածի։ Մեր յարաբերութիւններուն ամենադատարկ չափանիշը։ LINKEDIN Կը հարցնեն՝ և Ի՞նչ կ’աշխատիս։ և Բանաստեղծ եմ,և կ’ըսեմ, կիսաւարտ ծրագիրով: Չունիմ cv, բայց ունիմ գրիչ, ու ձեւ կու տամ բառերուն՝ առանց պարգեւատրութեան։ MUTE Ինչո՞ւ կը խուսափինք լսելէ – երբ ամէն խօսք արդէն լռութեան մէջ է ըսուած։ Սարգիս Քէլ Խաչերեան The post Բանաստեղծութիւններ appeared first on Գանձասար .