(Քառասուներկու տարուան ուխտը. Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր ժառանգութենէն մինչեւ նոր տաճարի կառուցումը) Մանկութեան յիշատակէն մինչեւ քառասուներկու տարուան ուխտը Մանկութեանս յիշողութիւններուն մէջ կան պատկերներ, որոնք ժամանակի ընթացքին չեն խամրիր, ընդհակառակը՝ աւելի խոր արմատներ կը նետեն հոգիիս մէջ։ Անոնցմէ մէկը Սուրբ Յակոբ եկեղեցին է՝ Գամիշլիի մեր հոգեւոր կեանքին անբաժան մասը դարձած այն սրբավայրը, որուն պատերուն կը մօտենայի մօրս ձեռքէն բռնած։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս մօրս հետ եկեղեցի կ’երթայի, ինչպէ՛ս կը համբուրէի անոր պատերը եւ ինչպէ՛ս այդ պարզ, մանկական շարժումը, առանց անոր խոր իմաստը ըմբռնելուս, հոգիիս մէջ կը սերմանէր սէր մը, որ պիտի ուղեկցէր ինծի ամբողջ կեանքիս ընթացքին։ Այդ օրերուն չէի կրնար գիտնալ, որ տարիներ ետք նոյն սէրը պիտի վերածուէր ուխտի մը, որուն իրականացումը պիտի պահանջէր համբերութիւն, հաւատք եւ երկարամեայ ծառայութիւն։ Եկեղեցին ինծի համար երբեք միայն քարաշէն կառոյց մը չեղաւ։ Ան աղօթքի տուն էր, հաւատքի առաջին դասարանս, հոգեւոր դաստիարակութեանս միջավայրը եւ ազգային պատկանելիութեանս կենդանի վկան։ Անոր պատերը իրենց մէջ կը պահէին մեր ժողովուրդին աղօթքները, ուրախութիւններն ու վիշտերը, սերունդներու յիշատակներն ու հաւատքի ժառանգութիւնը։ Մանկութեան տարիներուն ծնած այդ սէրը հետագային պիտի առաջնորդէր զիս դէպի եկեղեցական ծառայութիւն եւ, ի վերջոյ, պիտի վերածուէր քառասուներկու տարի շարունակ հոգիիս մէջ ապրող մէկ հաստատ համոզումի՝ «Մեզի նոր եկեղեցի պէտք է»։ Եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սէրս հետզհետէ աւելի գիտակից բնոյթ ստացաւ։ Իմ եկեղեցական ծառայութեան ճանապարհին կարեւոր դեր ունեցաւ Իսրայէլ Յովհաննէսեանը, որ քաջալերեց զիս մօտենալու խորանին եւ ստանձնելու եկեղեցական սպասաւորութեան պատասխա-նատուութիւնը։ Այս քաջալերանքը ինծի համար դուռ մըն էր, որ կը բացուէր դէպի հոգեւոր ծառայութեան նոր աշխարհ մը։ Խորանին մօտ կանգնիլը, եկեղեցւոյ արարողութիւններուն մասնակցիլը եւ պատարագի ընթացքին ծառայելը հետզհետէ դարձան կեանքիս անբաժան մասերը։ Ժամանակի ընթացքին ինծի համար պարզ դարձաւ, որ եկեղեցական ծառայութիւնը միայն արարողութեան մը ընթացքին պարտականութիւն կատարելը չէ։ Ան հաւատարմութիւն է, կարգապահութիւն, խոնարհութիւն եւ պատասխանատուութիւն։ Անիկա նաեւ ժառանգութիւն մըն է, որ պէտք է փոխանցուի նոր սերունդներուն։ Այդ գիտակցութեամբ սկսայ, իմ կարգիս, քաջալերել եւ պատրաստել պատանիներ, որպէսզի անոնք եւս մասնակցին խորանի ծառայութեան եւ իրենց բաժինը բերեն եկեղեցւոյ կեանքին։ Անոնցմէ էին Շանթը եւ ուրիշ երիտասարդներ, որոնց ծառայութեան ճամբուն վրայ առաջնորդելն ու քաջալերելը ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր։ Հետագային, այս ծառայութեան միջավայրէն յիշատակելի տեղ մը պիտի գրաւէր նաեւ Արտաւազդ Վրդ. Շառոյեանը, որ այսօր Իսպահանի Թեմի Առաջնորդական Տեղապահն է։ Երբ կը վերադառնամ այդ տարիներու յիշողութիւններուն, կը գիտակցիմ, թէ եկեղեցւոյ կեանքը ինչպէ՛ս կը շարունակուի մարդոց միջոցաւ՝ սերունդէ-սերունդ, ծառայութենէ-ծառայութիւն։ Եկեղեցական ծառայութեան կողքին կար նաեւ երիտասարդական կեանքը՝ իր ընկերային յարաբերութիւններով, խանդավառութեամբ եւ ազգային մտահոգութիւններով։ Երիտասարդական միութեան միջավայրը մեզի համար ազգային գիտակցութիւնը զարգացնելու, իրարու հետ կապերը ամրապնդելու եւ մեր ժողովուրդին ապագային մասին մտածելու դպրոց մըն էր։ Այդ տարիներուն կը յիշեմ Նայիրի Խաչատուրեանը, ինչպէս նաեւ դասընկերներս՝ Սագո Սիմոնեանը եւ Հրաչ Խաչատուրեանը։ Մեր ընկերական յարաբերութիւնները, միասին անցուցած օրերը եւ երիտասարդական խանդավառութիւնը մաս կազմեցին այն միջավայրին, ուր հաւատքը, ազգային պատկանելիութիւնը եւ ընկերային կեանքը կը միահիւսուէին։ Տարիներու ընթացքին այդ յիշատակները աւելի մեծ արժէք ստացան։ Անոնք ինծի կը յիշեցնէին, որ եկեղեցին միայն իր քարերով չ’ապրիր։ Ան կ’ապրի նաեւ իր ժողովուրդով, երիտասարդներով, ծառայողներով եւ այն մարդոցմով, որոնք իրենց կեանքի մէկ մասը կը նուիրեն անոր պահպանման ու պայծառացման։ «Մեզի նոր եկեղեցի պէտք է» Ժամանակի ընթացքին Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սէրս աւելի խորացաւ։ Միաժամանակ կը զգայի, որ մեր համայնքը նոր տաճարի մը կարիքն ունի՝ եկեղեցական արարողութիւններուն, հաւատացեալներու հոգեւոր կեանքին եւ յառաջիկայ սերունդներու պահանջներուն համապատասխան։ Այս միտքը դարձած էր մտահոգութիւն, համոզում եւ վերջապէս՝ ուխտ։ Որեւէ առիթով, երբ համայնքային ժողովներու ընթացքին կարելիութիւն կը ստեղծուէր խօսելու եկեղեցւոյ ապագային մասին, ես դարձեալ կը վերադառնայի նոյն հարցին՝ մեզի նոր եկեղեցի պէտք է։ Մեր հանգուցեալ երէց ընկերներէն՝ Յակոբ Մկրտիչեան, այս առնչութեամբ յաճախ յիշատակս կը վերակենդանացնէ իր իւրայատուկ հիւմորով։ Իր լսողութիւնը արդէն տկարացած էր, եւ շատ անգամներ ժողովներու ընթացքին չէր լսեր բոլոր խօսակցութիւնները։ Սակայն երբ ես ոտքի ելլէի եւ նոր եկեղեցի կառուցելու հարցը ներկայացնէի, անիկա անմիջապէս կ’արձագանգէր։ Օր մը, իր սովորական կատակով, ըսաւ. ևԸնկե՛ր Պարսումեան, դարձեալ եկեղեցւոյ առաջարկը շալկած ժողովի՞ բերիր…։ Իր խօսքին մէջ կար թէ՛ Ընկերական կատակ, թէ՛ իմ հետեւողականութեան նկատմամբ ծանօթ ժպիտ մը։ Ես ալ պատասխանեցի, թէ մինչ ուրիշները տարբեր նիւթերու մասին կը խօսէին, երբ ես ոտքի ելլէի, իր ականջները յանկարծ կը սրէին։ Այս դէպքը, իր ամբողջ պարզութեամբ, կը պատմէր մեր յարաբերութեան մասին եւ միաժամանակ կը բացայայտէր, որ նոր եկեղեցի կառուցելու գաղափարը ինչպէ՛ս դարձած էր անբաժան մտահոգութիւնս։ Անիկա կարծէք մէջս ապրող պարտաւորութիւն մըն էր։ Քառասուներկու տարի շարունակ այդ գաղափարը պահեցի հոգիիս մէջ։ Կային ժամանակներ, երբ իրականացման ճամբան երկար ու դժուար կը թուէր, երբ պայմանները բարենպաստ չէին, եւ երբ ծրագիրը կը հանդիպէր խոչընդոտներու։ Բայց համոզումս չէր փոխուեր։ Ես կը հաւատայի, որ օր մը մեր համայնքը պիտի ունենայ իր նոր տաճարը։ Նոր եկեղեցի կառուցելու երազանքը գործնական ընթացք ստացաւ, երբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը կատարեց տաճարին հիմնարկէքը։ Այդ պահը յատուկ նշանակութիւն ունէր բոլոր անոնց համար, որոնք տարիներ շարունակ սպասած էին այս ծրագրի իրականացման։ (Շար. 1) Յակոբ Աւ. Սրկ. Պարսումեան The post ՔԱՐԷՆ ԳՄԲԷԹ appeared first on Գանձասար .
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ՔԱՐԷՆ ԳՄԲԷԹ

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ․ ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ «ՄՕՏԷՆ ՃԱՆՉՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ-ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ» ՀԱՏՈՐԸ
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ-ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ՝ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ-ՉԻՆԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago

ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ԱՄՈՒՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ԵՒ «Ո՛Չ» ԸՍԵԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ՓԱԹԵԹԻՆ»
Kantsasar (Gandzasar) / 23 hours ago
Related coverage

Ալիևը «Քցե՞ց» Պուտինին․ Ի՞նչ Խաղ Է Ընթանում Կուլիսներում. «Անկեղծ Զրույց» | Հովսեփ Խուրշուդյան
Arevelk / Oct 28

Փաշինյանը Պատրաստ Էր Երկխոսության, Բայց Մայր Աթոռը Մերժեց. «Անկեղծ Զրույց» | Վիլեն Գաբրիելյան
Arevelk / Oct 17

Փաշինյանը Պատրաստ Էր Երկխոսության․ Մայր Աթոռը՝ Ո՛չ. «Անկեղծ Զրույց» | Վիլեն Գաբրիելյան
Arevelk / Oct 16