استقبل نيافة المطران ماكار أشكاريان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب وتوابعها، يوم الثلاثاء الواقع في 27 تشرين الأول 2026 في دار المطرانية، المبعوث الخاص القائم بأعمال المملكة المتحدة إلى سورية السيد باري بيتش والمسؤول المرافق له. حضر اللقاء الأب أرمين قلاجيان، ممثلو المجلس الملّي وأعضاء من المجلس التنفيذي للمطرانية ورئيس ديوان المطرانية. كما حضر اللقاء صاحب السيادة المطران جورج مصري متروبوليت حلب وتوابعها للروم الملكيين الكاثوليك، وصاحب السيادة المطران أنطوان أودو مطران الكنيسة الكلدانية في سورية. جرى خلال اللقاء تبادل للآراء، حيث تم الحديث عن العيش المشترك لجميع أطياف المجتمع السوري كما تم التطرق إلى التحديات القائمة، وعن ضرورة الوجود المسيحي وتجذره في الأراضي السورية والمنطقة بشكل عام، لا سيما وأنه ثبت تاريخياً أن الطوائف المسيحية ساهمت بشكل كبير في تطور ونهضة الثقافات المحلية. عبّر السيد باري تضامنه مع الشعب السوري وشكر سيادة المطران على حسن الاستقبال والضيافة كما أعرب عن رغبته في زيارة سورية مرة أخرى. —————– Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2026, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Սուրիոյ մօտ Անգլիոյ յատուկ հաւատարմատար մեծարգոյ Պէրի Փիչն ու պաշտօնատարը: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Հոգշ. Տ. Արմէն Վրդ. Գալաճեան, Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ներկայացուցիչները, Ազգ. Վարչութեան կազմը, Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետը, մեծարգոյ հիւրին փափաքով` Հալէպի Յոյն կաթոլիկ համայնքի Առաջնորդ Ճորճ Մասրի եւ Քիլտէն համայնքի Առաջնորդ Անթուան Օտօ Արքեպիսկոպոսները: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը համապարփակ եւ շինիչ իր խօսքով, բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն, շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած ուշադրութեան համար, ընդգծելով, որ Քրիստոնեայ համայնքները Հալէպի մէջ կը գործեն համախոհութեամբ, համագործակցութեամբ ինչպէս նաեւ համակեցութեան խորունկ ըմբռնումով` տրուած ըլլալով, որ անբաժանելի մէկ մասը կը կազմեն Սուրիոյ ընկերութեան իւրայատուկ հիսուածքին: Ան անդրադարձաւ, թէ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքը իր կարգին ներկայիս յայտնուած է տնտեսական ծանր տագնապի մէջ, որուն անմիջական արդիւնքներէն է տակաւ շարունակուող արտագաղթի երեւոյթը, յատկապէս նկատելի երիտասարդութեան մօտ, վեր բերելով մանաւանդ ուսումնակրթական, առողջապահական, եւ առկայ տարաբնոյթ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առաջնահերթ մտահոգութիւնները, եւ շեշտեց եւրոպական երկիրներէն ակնկալուած մասնաւորապէս մարդասիրական-բարեսիրակական զօրակցութեան շարունակութիւնը, երբ բոլոր քրիստոնեայ համայնքները լծուած են մարդակերտումի եւ մարդուժի պատրաստութեան գործին: Խօսք առին ներկայ Հոգեւոր Առաջնորդները, իւրաքանչիւրը տարբեր դիտանկիւնէ մատնանշեց քրիստոնէական ներկայութեան ու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը Սուրիոյ տարածքին եւ տարածաշրջանին մէջ ընդհանրապէս, երբ պատմականօրէն հաստատուած է, թէ քրիստոնեայ համայնքները մեծապէս սատարած են նաեւ տեղւոյն մշակոյթներու զարգացման ու վերելքին: Մեծարգոյ հիւրը խօսք առնելով, իր գնահատանքը եւ զօրակցութիւնը յայտնեց սուրիացի ժողովուրդին, ներառեալ բոլոր համայնքներուն, որոնք կը դիմագրաւեն տիրող տագնապները` ջանալով վերականգնել սուրիական հայրենիքը: Աւարտին, տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում, մեծարգոյ հիւրը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան գծով եւ փափաքը` դարձեալ այցելելու Սուրիա: The post ՍՈՒՐԻՈՅ ՄՕՏ ԱՆԳԼԻՈՅ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱՏԱՐԸ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ appeared first on Գանձասար .
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ՍՈՒՐԻՈՅ ՄՕՏ ԱՆԳԼԻՈՅ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱՏԱՐԸ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ․ ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ «ՄՕՏԷՆ ՃԱՆՉՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ-ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ» ՀԱՏՈՐԸ
Kantsasar (Gandzasar) / 21 hours ago

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ-ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)
Kantsasar (Gandzasar) / 21 hours ago

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ՝ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ-ՉԻՆԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Kantsasar (Gandzasar) / 21 hours ago

ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ԱՄՈՒՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ԵՒ «Ո՛Չ» ԸՍԵԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ՓԱԹԵԹԻՆ»
Kantsasar (Gandzasar) / 21 hours ago



