October 29, 2026 Յարութ Սասունեան www.TheCaliforniaCourier.com Տարիներու ընթացքին ես յաճախ ականատես եղած եմ, թէ ինչպէ՛ս հայկական հարցերու վերաբերող իմ շաբաթական վերլուծումներս վերահրատարակուած են ազրպէյճանական եւ թրքական լրատուամիջոցներու կողմէ, կամ անոնք հակադարձած են գրածներուս։ Այնուամենայնիւ, նախորդ շաբաթ տեղի ունեցածը արտասովոր էր: Թրքական եւ ազրպէյճանական երեք լրատուամիջոցներ հակադարձեցին իմ՝ «Թրքական հետազօտական կեդրոնը բազմիցս գովաբանած է Փաշինեանը եւ քննադատած՝ սփիւռքը» խորագրեալ յօդուածիս: Ամէնէն անհեթեթ յօդուածը, որուն հեղինակն էր Ուլաշ Ֆաքիրը, հրապարակուեցաւ թրքական ազգայնական ODATV առցանց լրատուամիջոցին մէջ: Անիկա կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Անոնց անունները ցանկագրուած է մէկ առ մէկ․ չորս թուրք կիներ թիրախաւորուած են հայերու կողմէ»: Միայն խորագիրին մէջ արդէն կան երկու լուրջ սխալներ. 1.- Անոնք չէին թիրախաւորուած «հայերու կողմէ», այլ հայու մը՝ ճշգրիտ իմ կողմէս։ 2.- Ես ոչ մէկ «թուրք կին» թիրախաւորած եմ: Ես պարզապէս արձագանգած եմ չորս թուրք վերլուծաբաններու յօդուածներուն եւ նոյնիսկ չէի գիտեր՝ անոնք կի՞ն էին, թէ՞ տղամարդ: Իմ գրածս քաղաքական բնոյթ ունէր եւ սեռային հարցի մասին չէր: ODATV-ն կը սխալի ու կը յիշատակէ «Միացեալ Նահանգներու սփիւռքեան մամուլին կողմէ (Այգիւն) Աթարի յօդուածին լայնածաւալ լուսաբանումը»: Նման բան չկար․ արձագանգը մէկ էր՝ իմս: ODATV-ն բացայայտած էր, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը 2021 թուականի փետրուարին Աթարը նշանակած է իր «Անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդ»-ին մէջ: Աթարի պետական պաշտօնը ցոյց կու տայ, որ ան չի կրնար նկատուիլ հայ-թրքական հարցերու անաչառ վերլուծաբան: ODATV-ը շարունակեց ներկայացնել միւս երեք թուրք կիները, զորս, ըստ լրատուամիջոցին, ես «թիրախաւորած եմ»: Չորս կիներն ալ բարձրագոյն կրթութեան տէր են, սակայն այդ չի նշանակեր, որ անոնք անաչառ են հայկական հարցերու վերլուծումին մէջ: Իմ յօդուածիս երկրորդ հակադարձողը եղաւ Ապուլֆազ Պապազատէն, որուն յօդուածը հրապարակուած է ազրպէյճանական NEWS.AZ կայքին մէջ: «Ինչո՞ւ Պաքուի եւ Անգարայի գովասանքը մտահոգութիւն կը պատճառէ հայկական սփիւռքին» խորագիրով գրութեան հեղինակը կը ներկայացուի իբրեւ «գիտնական, ճափոնագիտութեան մասնագէտ եւ քաղաքական վերլուծաբան»: Տարօրինակ է, որ «ճափոնագէտը» կը գրէ հայկական հարցի մասին: Պապազատէի յօդուածին մեծ մասը բառացիօրէն արտագրուած է ODATV-ի յօդուածէն՝ առանց աղբիւրի որեւէ յղումի: Ասիկա գրագողութիւն է, այսպէս կոչուած, «գիտնականին» կողմէ: Այնուամենայնիւ, ես գոհ եմ, որ Պապազատէն գովաբանած է իմ յօդուածիս որոշ հատուածները․ «Սասունեան արժանի է գնահատանքի՝ բացայայտելուն համար իրական հակասութիւն մը, որ դժուար է անտեսել: Վարչապետը կը պահանջէ, որ սփիւռքը չմիջամտէ Հայաստանի ներքին գործերուն, մինչդեռ հաճոյքով կ՛ընդունի անոր դրամները՝ բարեգործական նախաձեռնութիւններու համար: Անոր քննադատութիւնը՝ Փաշինեանի «Համահայկական ուսանողական միութեան» (All-ASA) ուսանողներուն, եւ ոչ թէ աւելի լայն հայկական համայնքին հետ հանդիպելու վերաբերեալ, կը հետեւի նոյն տրամաբանութեան․ ներգրաւուածութիւնը ընտրովի է եւ ոչ թէ կառուցային: Ասիկա Հայաստանի կառավարութեան հասցէին օրինական քննադատութիւն է՝ ուղղուած Երեւանին, եւ ոչ թէ՝ Անգարային»: Իր յօդուածին վերջաւորութեան Պապազատէն քանի մը դրական առաջարկներ ըրած է Հայաստանի, սփիւռքի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու վերաբերեալ․ «Առաջին եզրակացութիւնը կը վերաբերի մարտավարութեան: Կարգաւորման աջակցելու ամէնէն արդիւնաւէտ ուղին զսպուածութիւնն ու յստակ գործողութիւններն են: Անգարայի կամ Պաքուի մէջ գրուած իւրաքանչիւր խանդավառ պարբերութիւն կրնայ մէջբերում դառնալ Լոս Անճելըսի մէջ: Ասիկա լռութեան կոչ չէ, այլ բառերը աւելի ուշադիր ընտրելու եւ զանոնք շօշափելի քայլերով ամրապնդելու յորդոր՝ սահմաններու բացում, փոխադրամիջոցային ծրագիրներու զարգացում, առեւտուրի ընդլայնում եւ մարդասիրական կապերու ամրապնդում»: «Երկրորդ եզրակացութիւնը ռազմավարական է: Կարգաւորման գործընթացի հիմնական ճակատը կը գտնուի ինքնին հայաստանեան քաղաքականութեան մէջ՝ պետութեան եւ սփիւռքի, յիշողութեան եւ գործնապաշտութեան միջեւ: Միայն հայերը կրնան լուծել այդ վէճը: Հայաստանի դրացիները կրնան կանխատեսելիութիւն առաջարկել եւ սպասել, որ Երեւանը փոխըմբռնման գայ իր իսկ հասարակութեան հետ»: «Երրորդ եզրակացութիւնը ամէնէն կարեւորն է բոլոր կողմերուն համար. եթէ Երեւանը չկարենայ ստեղծել այնպիսի կառոյց մը, որուն միջոցով սփիւռքը պիտի կարենայ ազդել որոշումներու վրայ՝ առանց զանոնք արգելափակելու, ապա արմատական ձայները ձեռք պիտի բերեն ազգի պաշտպանի դերի մենաշնորհը: Խաղաղութիւնը չի պահանջեր յաղթել սփիւռքին, այլ կը պահանջէ սփիւռքի համարկում նոր իրականութեան մէջ: Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կրնան նպաստել այդ գործընթացին մէկ կարեւոր ձեւով՝ խուսափելով այնպիսի գործողութիւններէ կամ հռետորաբանութենէ, որոնք թոյլ կու տան խաղաղութեան օրակարգը վերածելու զէնքի՝ ընդդէմ կարգաւորման»: «Սասունեանի յօդուածը գրուած է դժգոհութեան զգացումով, եւ այդ դժգոհութիւնը կը կրէ քաղաքական իմաստ: Ասիկա ազդանշան մըն է, որ հայկական աշխարհի մէկ մասը ինքզինք դուրս կը զգայ այս քննարկումէն: Այդ ազդանշանը անտեսելը կրնայ սուղ արժել: Անոր ականջ տալը եւ գործողութիւններով եւ ոչ թէ գովասանքով պատասխանելը կրնայ խաղաղութիւնը դնել շատ աւելի ամուր հիմքերու վրայ»: Երրորդ հակադարձող յօդուածը, որուն հեղինակն է Այգիւն Աթարը, կը կրէ «Հայկական սփիւռքի իրական մարտահրաւէրը Թուրքիան չէ, այլ՝ փոփոխուող աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը․ պատասխան Յարութ Սասունեանին. Սփիւռքը, պետական ինքնիշխանութիւնը եւ խաղաղութեան ապագան Հարաւային Կովկասի մէջ» խորագիրը: Յօդուածը հրապարակած է Անգարայի Եւրասիական հետազօտութիւններու կեդրոնը: Զարմանալիօրէն թուրք վերլուծաբան Աթարը շատ աւելի դրական տրամադրուածութիւն ունի սփիւռքի նկատմամբ, քան՝ Փաշինեանը. «Հայկական սփիւռքը ունի խորապէս արմատաւորուած պատմական գիտակցութիւն, կազմակերպչական լայն ցանցեր եւ զգալի քաղաքական ազդեցութիւն շարք մը երկիրներու մէջ: Կարելի չէ անտեսել անոր դերը հայկական մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ միջազգային ասպարէզին մէջ հայկական շահերու յառաջմղման մէջ: Մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մէջ գործող սփիւռքեան կազմակերպութիւնները երկար ժամանակ ազդեցութիւն ունեցած են Հայաստանին առնչուող միջազգային քննարկումներուն վրայ»: Աթար ընդունած է, որ՝ «Լոս Անճելըսի, Փարիզի կամ այլուր ապրող հայը լիովին իրաւասու է հետապնդելու պատմական կամ քաղաքական պահանջներ»: Ասիկա ճիշդ այն է, զոր ես ըրած եմ՝ ոչ թէ իբրեւ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, այլ՝ իբրեւ սփիւռքահայ: Այդուհանդերձ, Աթար իր վերլուծութենէն դուրս ձգած է երկու կարեւոր կէտ․ նախ՝ խօսքը կը վերաբերի ոչ թէ «Լոս Անճելըսի մէջ ապրող հայու մը», այլ՝ աշխարհասփիւռ միլիոնաւոր հայերու: Երկրորդ՝ ասիկա պարզապէս սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հակադրութիւնը չէ, այլ նաեւ դիրքորոշումը՝ բազմաթիւ այն հայերու, որոնք կ՚ապրին Հայաստանի մէջ եւ կտրուկ դէմ են Փաշինեանի զիջումներուն: Եզրափակելով՝ աշխարհասփիւռ հայութիւնը պէտք է գիտակցի, որ օտար վերլուծաբաններն ու անոնց կառավարութիւնները ուշադիր կը հետեւին հայերու կարծիքներուն ու յայտարարութիւններուն՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս: Ազրպէյճանն ու Թուրքիան պէտք է գիտակցին, որ Փաշինեանի այսօրուան բոլոր զիջումները պիտի մերժուին իշխանութենէն հեռանալէն ետք: Հետեւաբար անոնք պէտք է հասկնան, որ այս ժամանակաւոր զիջումները շուտով պիտի չեղարկուին:
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք- Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս
Յարութ Սասունեան www.TheCaliforniaCourier.com Տարիներու ընթացքին ես յաճախ ականատես եղած եմ, թէ ինչպէ՛ս հայկական հարցերու վերաբերող իմ շաբաթական վերլուծումներս վերահրատարակուած են ազրպէյճանական եւ թրքական լրատուամիջոցներու կողմէ, կամ անոնք հակադարձած են գրածներուս։ Այնուամենայնիւ, նախորդ շաբաթ...

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from The California Courier

Les médias turcs et azerbaïdjanais réagissent à mon article sur la diaspora face à Pachinian
The California Courier / 16 hours ago

Khachkar Studios Publishes Week #7 of Weekly T•A•P Reporting Across 26 Pilots
The California Courier / 16 hours ago

The Small Business Risk Management Checklist: 10 Yearly Checks to Make
The California Courier / 16 hours ago

Armenia should be removed from the CSTO – Nikolai Bordyuzha
The California Courier / 16 hours ago
Related coverage

Armenia’s twin education crises: Learning deficits, historical amnesia
The Armenian Weekly / 12 hours ago

Ժողովրդավար Պրազիլցին․․․Լուլա Յաղթական
Hairenik Weekly / Oct 27

The illusion of sovereignty in Armenia
The Armenian Weekly / Oct 27

Armenian seminaries: The heartbeat of the Church and the foundation of her future
The Armenian Weekly / Oct 26