Հայաստանի Ազգային ժողովը Հոկտեմբեր 28-ին, 63 թեր եւ 32 դէմ քուէներով վաւերացուցած է «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) ծրագրին վերաբերող՝ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործակցութեան շրջանակային համաձայնագիրը։ Խորհրդարանական քննարկումներուն ընթացքին համաձայնագիրը ներկայացուցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան։ Փաստաթուղթը կը սահմանէ Սիւնիքի մարզին վրայէն նախատեսուած փոխադրական ուղիներու եւ ենթակառոյցներու ստեղծման ու գործածութեան պայմանները։ Ծրագիրը Ազերպայճանին անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն պիտի ապահովէ Նախիջեւանի հետ՝ Հայաստանի տարածքով։ Միաժամանակ, անիկա կը նախատեսէ Հայաստանի ներքին փոխադրական կապերու վերականգնումը եւ Ազերպայճանի տարածքով դէպի այլ երկիրներ հաղորդակցութեան նոր կարելիութիւններ։ Քննարկումներուն ընթացքին կառավարութեան ներկայացուցիչները ընդգծած են, որ Հայաստանի տարածքին կառուցուելիք կամ վերականգնուելիք բոլոր ենթակառոյցներն ու փոխադրական ուղիները ամբողջութեամբ պիտի մնան Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան ներքեւ՝ առանց խախտելու երկրին հողային ամբողջականութիւնը։ Համաձայնագրին վաւերացման թեր քուէարկած է իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը, մինչ ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնները դէմ արտայայտուած են։ Քուէարկութեան ընթացքին ձեռնպահ մնացող չէ եղած։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Հայաստանի խորհրդարանը վաւերացուցած է TRIPP-ի հայեւամերիկեան համաձայնագիրը

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Փաշինեան. «Մեր Սահմանադրութիւնը որեւէ արտաքին կողմի հետ պիտի չքննարկենք»
Nor Haratch / 7 minutes ago

Erevan-Moscou : les tensions s’accentuent autour de l’OTSC et de l’Union eurasiatique
Nor Haratch / 15 minutes ago

Երեւան–Մոսկուա. ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի շուրջ լարումը կը խորանայ
Nor Haratch / 20 minutes ago

Arménie-Azerbaïdjan : la Constitution au cœur du blocage de l’accord de paix
Nor Haratch / 46 minutes ago
Related coverage

Levent Bastürk : Aliyev tente ainsi d’intimider Erdoğan
Nouvelles d'Arménie / 18 hours ago

L’AZERBAÏDJAN EXIGE DAVANTAGE : L’ARMÉNIE SE RAPPROCHE DU PRÉCIPICE: KALFAYAN ET KHACHIKYAN
Nouvelles d'Arménie / 19 hours ago

Հովիկ Աւանեսով քննադատած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի արձագանգը
Western Armenia TV / Oct 27

Տեղի ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի 38-րդ նիստը
Western Armenia TV / Oct 27