Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 28-ին, Ազգային ժողովին մէջ յայտարարած է, թէ Երեւան կը մերժէ երկրի Սահմանադրութեան հարցը քննարկել Ազերպայճանի կամ որեւէ այլ արտաքին կողմի հետ։ Պատասխանելով ընդդիմադիր երեսփոխան Գառնիկ Դաւթեանի հարցումին, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան Պաքուի պահանջը չի նկատուիր խաղաղութեան գործընթացը խոչընդոտող քայլ մը, վարչապետը ընդգծած է, որ Երեւան այս հարցին շուրջ յստակ դիրքորոշում ունի։ “Ազերպայճանի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին կը յայտնենք, որ մեր Սահմանադրութեան հարցը որեւէ արտաքին կողմի հետ պիտի չքննարկենք”, – ըսած է Փաշինեան։ Ան նաեւ դիտել տուած է, որ Պաքուէն հնչող որոշ յայտարարութիւններ երբեմն ներքին քաղաքական անկայունութիւն հրահրելու փորձի տպաւորութիւն կը ձգեն եւ ընդդիմութեան ձեռքը փաստարկներ կու տան։ Միաժամանակ, վարչապետը յիշեցուցած է, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը նախատեսուած է թէ՛ իշխանութեան գլուխը գտնուող ուժին նախընտրական, թէ՛ կառավարութեան ծրագրերուն մէջ։ Ան յայտնած է, թէ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը շուտով պիտի հրապարակուի եւ հանրային քննարկման դրուի՝ խորհրդարանին մասնակցութեամբ։ Պաքու, սակայն, կը շարունակէ խաղաղութեան համաձայնագրին ստորագրութիւնը պայմանաւորել Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանէն Անկախութեան հռչակագիրին յղումը զեղչելով։ Ազերպայճանական իշխանութիւնները կը պնդեն, թէ այդ հռչակագիրը իրենց երկրին նկատմամբ հողային պահանջ կը պարունակէ։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Փաշինեան. «Մեր Սահմանադրութիւնը որեւէ արտաքին կողմի հետ պիտի չքննարկենք»

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Prisonniers arméniens à Bakou : Mirzoyan mise sur le dialogue direct
Nor Haratch / 49 minutes ago

Հայ գերիներու ազատ արձակման ուղին Պաքուի հետ երկխօսութիւնն է, կ՚ըսէ Միրզոյեան
Nor Haratch / 53 minutes ago

Pachinian : « Notre Constitution n’est pas négociable avec un acteur extérieur »
Nor Haratch / 1 hour ago

Erevan-Moscou : les tensions s’accentuent autour de l’OTSC et de l’Union eurasiatique
Nor Haratch / 1 hour ago
Related coverage

Levent Bastürk : Aliyev tente ainsi d’intimider Erdoğan
Nouvelles d'Arménie / 19 hours ago

L’AZERBAÏDJAN EXIGE DAVANTAGE : L’ARMÉNIE SE RAPPROCHE DU PRÉCIPICE: KALFAYAN ET KHACHIKYAN
Nouvelles d'Arménie / 20 hours ago

Հովիկ Աւանեսով քննադատած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի արձագանգը
Western Armenia TV / Oct 27

Տեղի ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի 38-րդ նիստը
Western Armenia TV / Oct 27