2026 թուականի Հոկտեմբեր 21-ին առցանց ձեւաչափով տեղի ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 38-րդ նիստը՝ Խորհրդարանի նախագահ Նելլի Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ։ Ընտրուած 50 պատգամաւորներէն նիստին մասնակցած է 14-ը։ Քննարկուած են պատգամաւորներուն՝ Արեւմտեան Հայաստան կատարած այցելութիւններուն տպաւորութիւնները, հայրենի հողին հետ կապը եւ բնիկութեան նշանակութիւնը։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նախատեսուող COP17 համաժողովին Արեւմտեան Հայաստանի՝ որպէս բնիկ ժողովուրդի համակարգի մասնակցութեան եւ կենսաբազմազանութեան պահպանման հարցերուն։ Նիստի ընթացքին քննարկուած են ընթացիկ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ պատգամաւորներուն համար երկլեզու մանտատներու եւ այցետոմսերու պատրաստման առաջարկները։ Նշուած է, որ համապատասխան փոփոխութիւնները պիտի ներառուին Ազգային ժողովի ներքին կանոնակարգին մէջ։ Նիստը ամփոփած է Ազգային ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեան։ The post Տեղի ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի 38-րդ նիստը first appeared on Western Armenia TV .