Պատանի տարիքիս համար անոնք պարզ խրատներ չէին։ Անոնք կը բանային կեանքի նկատմամբ ուրիշ ընկալում մը։ Մարդուն ժամանակն ու ուժերը սահմանափակ են, հետեւաբար անոնք պէտք է գիտակցութեամբ գործածել։ Հետագային հասկցայ նաեւ, որ գաղափարի ծառայութիւնը միայն խանդավառութեամբ չի կրնար իրականացուիլ։ Ան կը պահանջէ կարգապահութիւն, տոկունութիւն եւ սեփական ուժերը նպատակային կերպով գործածելու կարողութիւն։ Նիկոլ Աղբալեանի այդ քանի մը տողերը այդ իմաստով երկար ժամանակ մնացին մտածողութեանս մէջ։ Տարիներ ետք հայրս ակումբին մասին ուրիշ պատմութիւն մը պատմեց ինծի։ Ակումբը շրջանի ամենաբարձր շէնքերէն մէկն էր։ Տանիքին վրայ կը ծածանէր հայկական եռագոյնը, իսկ գիշերները զայն ուժեղ լոյսերով կը լուսաւորէին։ Սահմանը ակումբէն հազիւ մէկ քիլոմեթր հեռու էր, հետեւաբար լուսաւորուած դրօշը հեռուէն իսկ տեսանելի էր։ Հայրս պատմեց, որ թրքական կողմէն քանի մը անգամ բանաւոր պատգամներ հասած էին, որ լուսաւորումը անջատուի։ Բայց լոյսը չէր մարած։ Ընդհակառակը՝ աւելի զօրաւոր կը լուսաւորուէր։ Այդ դէպքը հետագային ինծի համար դարձաւ աւելի խոր իմաստ ունեցող յիշողութիւն։ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ժողովուրդի մը զաւակներ էինք։ Մեր նախահայրերը կորսնցուցած էին տուն, հայրենիք եւ կեանքի բնական շարունակականութիւնը։ Բայց յետոյ, այդ կորուստներուն ընդմէջէն, նոր կեանքեր կառուցուած էին։ Գամիշլիի այդ ակումբը այդ վերակառուցման փոքրիկ մասնիկն էր։ Եւ անոր տանիքին վրայ, սահմանին մօտ, գիշերուան մէջ լուսաւորուող եռագոյնը տեսանելի կերպով կը յայտարարէր հայկական ներկայութիւնը։ Ոչ աղմուկով։ Ոչ ճառով։ Պարզապէս՝ լոյսով։ Տարիները անցան եւ կեանքի ընթացքը մեզմէ իւրաքանչիւրս տարբեր ուղղութիւններ տարաւ։ Սակայն մանկութեան այդ միջավայրը իր հետքը ձգեց։ Այսօր ետ նայելով՝ կը հասկնամ, որ ակումբը ինծի համար երեք տարբեր աշխարհներու հանդիպման վայր էր։ Առաջինը՝ ընկերութեան։ Հոն մենք միասին կը խաղայինք, կը վիճէինք, կը հաշտուէինք եւ կը սորվէինք, որ մարդուն կեանքը միայն անհատական ճամբայ մը չէ։ Երկրորդը՝ գիրք։ «Զաւարեան Գրադարանը» ինծի բացաւ այն դուռը, որմէ ներս մտնելով՝ մարդ կը սկսի ոչ միայն գիտելիք ստանալ, այլեւ հարցումներ ուղղել։ Երրորդը՝ գաղափարին։ Պատանեկան ժողովները, դասախօսութիւնները, պատմական զրոյցները եւ կազմակերպական կեանքը մեզի կը սորվեցնէին, որ գաղափարը միայն բառ մը չէ։ Անիկա պահանջ է՝ կեանքի որոշ ընտրութիւններ ընելու եւ սեփական կարողութիւնները որոշ նպատակի մը ծառայեցնելու։ Այս երեքը՝ ընկերութիւն, գիրք եւ գաղափար, իրարու միացած էին նոյն ակումբին մէջ։ Այսօր շատ տարիներ անցած են։ Շէնքերը կը ծերանան, սերունդները կը փոխուին, քաղաքները կը փոխեն իրենց դիմագիծը։ Մարդիկ կը հեռանան եւ նորերը կու գան։ Բայց որոշ վայրերու իսկական կեանքը իրենց քարերուն մէջ չէ։ Անոնք կ’ապրին այն մարդոց մէջ, որոնք իրենց երիտասարդ տարիները հոն անցուցած են։ Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի ակումբը կեանքիս մէջ այդպիսի տեղ մը եղաւ։ Այդ երկաթէ մեծ դռնէն ներս մտնելով՝ ես առաջին անգամ հանդիպեցայ աշխարհի մը, որ դպրոցէն տարբեր էր։ Հոն չկային դասարաններ, բայց կային դասեր։ Չկար մէկ ուսուցիչ, բայց կային մարդիկ, գիրքեր եւ ապրուած օրինակներ։ Հոն սորվեցայ, որ ընկերութիւնը պարտաւորութիւն ունի։ Որ գիրքը մարդուն միտքը կը լայնցնէ։ Որ գաղափարը կը պահանջէ ինքնակարգապահութիւն։ Որ ազգային կեանքը միայն խօսք չէ, այլ՝ մասնակցութիւն եւ ծառայութիւն։ Եւ որ յիշողութիւնը պահելու համար երբեմն պէտք է լոյս մը վառ պահել։ Այդ պատճառով, երբ կը խօսիմ Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի ակումբին մասին, չեմ խօսիր միայն շէնքի մը մասին։ Կը խօսիմ իմ առաջին գաղափարական եւ մտաւորական կրթարանիս մասին։ Ան ինծի արմատներ տուաւ՝ հասկնալու համար, թէ ուրկէ՛ կու գամ։ Գիրք տուաւ՝ մտածելու համար։ Ընկերներ տուաւ՝ միասին քալելու համար։ Գաղափար տուաւ՝ ծառայելու համար։ Եւ տանիքին վրայ լուսաւորուող եռագոյնը՝ չմոռնալու համար, որ անցեալը միայն յիշելու բան չէ։ Ան նաեւ պատասխանատուութիւն է։ Այդ ակումբը այսօր կրնայ միայն յիշողութեան մէջ գոյութիւն ունենալ, բայց իր տուած դասերը չեն սահմանափակուիր ոչ մէկ շէնքով։ Որովհետեւ շէնքերը կը քանդուին։ Սերունդները կը փոխուին։ Բայց երբ գաղափարը փոխանցուած է մարդէ-մարդ, երբ գիրքը բացուած է պատանեկան ձեռքերու մէջ, երբ ընկերութիւնը վերածուած է ծառայութեան, իսկ յիշողութիւնը՝ պատասխանատուութեան, այն ժամանակ ակումբ մը կը դադրի շէնք ըլլալէ։ Կը դառնայ ժառանգութիւն։ Եւ ժառանգութիւնը կը շարունակէ ապրիլ այնքան ատեն, որքան կան մարդիկ, որոնք զայն իրենց կարգին պիտի փոխանցեն։ (շար. 2 եւ վերջ) Յակոբ Աւ. Սրկ. Պարսումեան The post ԱԿՈՒՄԲԸ՝ ՄԵՐ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԵՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿՐԹԱՐԱՆԸ appeared first on Գանձասար .
Translate this article
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
World Affairs
ԱԿՈՒՄԲԸ՝ ՄԵՐ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԵՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿՐԹԱՐԱՆԸ

Comments
Sign in to join the conversation.
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)
Related coverage

Ի՞նչ Կատարվեց Սահմանին. Ադրբեջանցի Զինվորը Դասալի՞ք Էր, Թե... «Անկեղծ Զրույց» | Էդվարդ Անտինյան
Arevelk / Oct 22

Մոլորվա՞ծ, Դասալի՞ք, Թե՞ Փախուստի Դիմած․ Ի՞նչ Եղավ Սահմանին. «Անկեղծ Զրույց» | Էդվարդ Անտինյան
Arevelk / Oct 21

ՀՐԱՏԱՊ ԵԹԵՐ | Ի՞նչ Է Կատարվում Փարիզում․ | Հարցազրույց Վիլմա Գույումճեանի հետ
Arevelk / Oct 20

ՀՐԱՏԱՊ ԵԹԵՐ | Ի՞նչ Է Կատարվում Փարիզում, Ի՞նչ Է Սպասվում | Հարցազրույց Վիլմա Գույումճեանի հետ
Arevelk / Oct 19



