Ծանր արտայայտութիւն է՝ «մեռած քաղաքներ». թէեւ հայերուս համար, որ տասներկու մայրաքաղաք ունեցած ու մեծ մասը այսօր աւերակ կամ զաւթուած են, կարծես սովորական է աւերակ քաղաք հասկացութիւնը։ Սուրիա նման հազարամեայ քաղաքներ տեսայ։ Երբ մեքենան կը շեղի մայրուղիէն, ամայի, քարքարուտ վայր մը, փշաբոյսերու եւ տատասկներու մէջ կը գտնես հնագոյն քաղաքակրթութեան հետքը։ Աւերակներու մէջ քամին սրինգ կը նուագէ ու քաղաքի հազարամեակներու բնակիչներուն մրմունջները կը բերէ, կ’օրօրէ բարկ արեւէն չորցած բոյսերը՝ առաւել շեշտելով ամայութեան ու մեռեալութեան զգացողութիւնը։ Ասդին-անդին «փողոցներու» մէջ ինկած ու անցքդ գոցած մշակուած քարեր, յաճախ՝ կամարակապ, ազնուական կառոյցի աւերակներ, երբեմն հսկայական քանի մը սալաքարեր՝ որոնք զիրար յենելով, կազմած են «տունի» մը պատերն ու առաստաղը։ (Ո՞ր դարերուն կրնայ հասնիլ միտքդ…)։ Խոտերուն մէջ կորսուած կը գտնես քարէ կափարիչը քաղաքի ջրամբարին՝ քարէ աւազան։ Քիչ անդին դամբարաններն են՝ մեծ ու պզտիկ, արուեստով ու պարզուկ, ձիթհանը՝ քարէ խողովակներով…։ Ու բոլորը, բոլորը կը յուշեն անդարձ անցած քաղաքակրթութեան մը մասին։ Կը փորձես «տեսնել» հազարամեակներ առաջ ապրած այդ քաղաքին բնակիչներուն առօրեան։ Աչքերդ կը գոցես ու հովը կը բերէ անցուդարձի ձայներ, կիներու մետաքսեայ հագուստներու խշշոց, խօսքի արձագանգներ, եռուն շուկային բազմալեզու աղմուկը, մանուկներու ճիչեր, կիներու խնդուք։ Հովը կը պատմէ, թէ անոնցմէ ոմանք տէր էին շքեղ պալատներու, ուրիշներ՝ խրճիթներու, կային նաեւ Տիոկենէս փիլիսոփային նման տակառաբնակներ։ Բայց ահա, ամէն ինչ դարերուն հողմերէն հաւասարած են։ Հոն սիզախոտերը կ’օրօրուին հովէն. գիշերները վսեմաշուք պալատներու կիսափուլ որմերուն վրայ իրենց թաց հետքը կը ձգեն խխունջները. ցորեկները, դրուագուած քարերուն ջերմութիւնը վայելող մողէզներն ու օձերը կը խորհրդածեն անցաւորի ու անանցի մասին, մինչ քիւրտ հովիւին այծերը չոր խոտը որոճալով՝ կը փորձեն իրենց ալ հետքերը գտնել պատմութեան լուսանցքներուն մէջ։ Դուն՝ դարերու բեռն ու լոյսը ուսերուդ՝ կ’երեւակայես, թէ ինչպէ՛ս պահ մը կեանքը կը կենդանանայ, ուրուականներ կը շրջին լոյսին տակ ու իրենց առօրեան կ’ապրին՝ կը սիրեն, կ’ատեն, կը ստեն, կը սպաննեն, ու կը կարծեն յաւերժական ըլլալ…։ Կամացուկ կը հեռանաս՝ աւերակներու վեհ լռութիւնը հոգւոյդ մէջ ու… կը վերադառնաս քո՛ւ կիրքերուդ, քո՛ւ ձգտումներուդ, քո՛ւ սէրերուդ, քու ատելութիւններուդ ունայնութեան…։ Կեանքիս մէջ շրջադարձային եղաւ 2006 թուականը։ Լրացաւ վաթսունամեակս, այսինքն՝ հանգստեան թոշակի անցնելու ժամանակս եղաւ։ Սակայն տնօրէնութիւնը եւս հինգ տարի պահեց զիս Ճեմարանը (Այս մասին՝ ետքը)։ Շրջադարձը այլ էր ու ինծի համար եւս անսպասելի։ Որքան կը յիշեմ՝ տասներկու տարեկանէս սկսած եմ բանաստեղծութիւններ գրել։ Համալսարանի առաջին տարիներուս շարունակեցի՝ Վահան Տէրեանի ոճով, ետքը կեանքը կտրեց մուսայիս թեւերը։ Հալէպ մէկ-երկու յօդուածներ գրած էի միայն։ Սակայն ետին մղուած ու կուտակուած կարօտներ, ցաւեր ու այլազան յուզումներ կային եւ օր մը ելք պիտի ուզէին։ Դուռը բացողը եղաւ բարեկամ մը՝ Յակոբ Միքայէլեան, տարօրինակ պայմաններու մէջ։ Հուսթաքի Հոմսի պողոտան կը կտրէի Ճտէյտիէի շուկան երթալու համար։ Նոյն միջոցին ան հակառակ կողմէն կը կտրէր փողոցը եւ չհասկցայ ինչու՝ անցած միջոցին բացագանչեց. «Դուն ինչո՞ւ չես գրեր…»։ Հաւանաբար մէկ յօդուածս կարդացեր էր թերթին մէջ։ Ու… յորդեցա՜ւ, հեղեղը փլցուց պատուարները։ Արձակուրդ էր, կաշկանդիչ ոչինչ կար, ու սկսայ տենդագին գրել՝ ուր եւ ինչպէս պատահէր. փողոցը՝ մտքիս մէջ, երբեմն ալ, եթէ պայուսակիս մէջ թղթի կտոր ըլլար՝ փողոցին մէջ կը կենայի ու կը գրէի քանի մը նախադասութիւն։ Տնային գործ ըրած միջոցիս կը վազէի ու եկած միտքը պատահական թերթիկներու վրայ կը գրէի, որ չփախչի. կամ, երբ կար ելեկտրականութիւն՝ համակարգիչին վրայ կը շարէի վազող միտքերս՝ հեւիհեւ։ Այդպէս՝ սկսայ գրել վաթսուն տարեկանիս եւ ունեցայ առաջին գրքոյկս։ Այսօր գիտեմ, որ կատարեալ չէ ան, ու եթէ հիմա գրէի՝ աւելի մշակուած լեզու եւ աւելի խորացումներ կ’ունենար, այնուամենայնիւ ան չորս գիրքերէս ամէնէն սիրելին է ինծի՝ քանի որ հոն հոգիս բացուեցաւ անակնկալօրէն ու անարուեստ։ Այսպէս Հալէպը զիս «գրող» դարձուց…։ Գրող բառը չակերտի մէջ առնելս որպէս կեղծ համեստութիւն թող չթարգմանուի։ Ան կը բխի գրականութեան մասին վերաբերմունքէս։ Դանիէլ Վարուժանը գրականութեան մասին խօսք մը ունի՝ «Պէտք է ժայռին զարնել քնարը, երբ ան մեծ չէ»։ Այո, շատ խիստ ու բացարձակի տանող խօսք է, զոր իրեն թոյլ կու տայ ըսել այնպիսի գագաթ մը, որպիսին է Վարուժանը։ Չարենցը նոյն գաղափարը կ’արտայայտէր «Քո հասած իւրաքանչիւր հանգրուանին ասա՝ սա նոր է», այսինքն՝ կատարեալի, բարձրագոյն արուեստի ձգտում։ Մանկութենէս միայն աշխարհի լաւագոյն գրողներու գիրքերով սնած եմ ու միջակ գործերը իսկական գրականութիւն չեմ կրնար հաշուել։ Այդ է պատճառը, որ իմ մասին ըսուած «գրող» բառը կը շփոթեցնէ զիս։ Հայերէնի մէջ կան «գրականութեամբ զբաղիլ», «գրական շնորհ ունենալ», նաեւ՝ «գրոց-բրոց ըլլալ» եւ այլ արտայայտութիւններ, որոնք կրնան մխիթարել ինքզինքնին գրող կարծող շատերը։ Պատկերացուցէք, որ իր «Արդի հայ գրականութիւն» դասագիրքին մէջ բանաստեղծ Մուշեղ Իշխան «Կրտսեր սերունդ» դասակարգումին տակ դրած է Ռուբէն Սեւակի պէս բանաստեղծը (Վարուժանին տարեկից է։ Հոս «կրտսերը» տարիքին չի վերաբերիր)։ Ասիկա շատ լաւ միջոց է ինքնադասակարգելու։ Անտարակոյս մեծերը ամայութեան մէջ չեն ծնիր, անոնց աշխարհ գալուն համար հող կը պատրաստեն «գրականութեամբ զբաղողները», որոնք ընդհանուր մթնոլորտ կը ստեղծեն, գրական ճաշակի ձեւաւորումի կը նպաստեն, բայց անոնց անունները իրենց կեանքին հետ կը մարին ու յայտնի կ’ըլլան միայն գրականութեան պատմութեամբ զբաղողներուն։ Եթէ յիշենք միայն, թէ Պետրոս Դուրեանին կամ Միսաք Մեծարենցին ապրած օրերուն Պոլիս որքա՜ն «բանաստեղծներ» կային։ Պարոնեան կ’ըսէր, թէ գրիչ բռնել գիտցող իւրաքանչիւրը ինքզինք բանաստեղծ կը յորջորջէ։ Ի վերջոյ՝ ժամանակակիցները յաճախ չեն գնահատեր իրենց քովէն քալող տաղանդաւորը, եւ ժամանակը կը դատէ, ինչպէս եղաւ պարագան մեր մեծերէն շատերուն՝ նոյնինքն Դուրեանին կամ Մեծարենցին։ Որեւէ մէկը թող չվիրաւորուի, անշուշտ այլ կարծիքներ եւս կան։ Պարզապէս ես այս չափանիշներով է որ ինքզինքս «գրականութեամբ զբաղող» կը նկատեմ ու այդ պատճառով ալ երախտապարտ եմ Հալէպի բարեկամներուս, որ գնահատեցին գրածներս, գիրքով հրատարակեցին, գինեձօնով պատուեցին։ Ես գրեցի, քանի որ չափազանց շատ միտքեր ու յոյզեր կուտակուած էին եւ ելք կը պահանջէին։ Իսկ եթէ գրածս լսարան գտաւ ու հետաքրքրեց նաեւ ուրիշները՝ կը նշանակէ իզուր չգրուեցաւ։ Մեծ լսարան ունեցաւ յատկապէս «Սուրիական Օրագրութիւն»-ը։ Հիմնական պատճառը հաւանաբար մամուլին մէջ ընթերցող լայն զանգուածին հասնելու կարելիութիւնն էր, զոր միւս գիրքերս չունեցան։ Ան շաբաթական դրութեամբ տպուեցաւ նախ «Գանձասար»-ի էջերուն, անկէ արտատպեցին Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը եւ քանի մը այլ թերթեր ու, փաստօրէն, ամբողջ Սփիւռքի կարդացող խաւը ընթերցեց զայն։ Այդ օրերուն՝ (տարիներ) Սփիւռքէն բազմաթիւ նամակներ ստացայ, որոնք կը գնահատէին զայն, որպէս հալէպահայոց վիճակը արտացոլող գրեթէ միակ պատերազմական ժամանակագրութիւնը։ Հալէպ բազմաթիւ անծանօթ անձեր կը մօտենային ու շնորհակալութիւն կը յայտնէին՝ իրենց վիճակը հարազատօրէն ներկայացնելուս համար։ Լաւագոյն գնահատականս այդ էր։ Ուրեմն գիրքը արձագանգը եղաւ ընկերութեան մը կեանքի որոշակի խնդիրներու եւ այդ իմաստով արդարացուց իր գոյութիւնը։ Այս առթիւ երկու խօսք՝ գինեձօնի մասին։ Առաջին գիրքիս՝ «Յոյսի հորիզոններ»-ու գինեձօնը նախաձեռնեց Համազգայինի գրական յանձնախումբը՝ «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ։ Ներկայացնող բարեկամս՝ բժ. Գէորգ Մարգարեան (լոյս իր հոգւոյն) գրած էր օշականեան ոճով, զոր մէկ ընթերցումով կարելի չէր ըմբռնել, ուր մնաց՝ միայն լսել անոր կարդալը։ Այդ էր պատճառը, որ ներկաներէն ոմանք ինծի դիմեցին բողոքելով, թէ ան չգնահատեց գիրքը։ Մինչդեռ հակառակն էր, եթէ ուշադիր լսէին իր բարդ ոճի խօսքը։ Ան նոյնիսկ բարկացաւ, թէ ինչո՛ւ ընծայականին մէջ գրած էի, որ գիրքին մէջ, յուշերէս զատ, նաեւ կան «գեղարուեստական գրականութեան մերձենալու փորձեր»։ Ինք գնահատեց զայն որպէս իրաւ գրականութիւն։ Այնուհետեւ մնացած երեք գիրքերս ալ արժանացան գինեձօնի։ Թէեւ պիտի նախընտրէի «շնորհահանդէս» բառը, ահա թէ ինչու։ Մեր գրքապաշտ նախնիներէն եկած վերաբերմունք է հաւանաբար, որ չեմ ընդունիր, երբ գիրքին էջը կը ծալեն, մելանով ընդգծումներ կամ նշումներ կ’ընեն (յատկապէս՝ իրենց չպատկանող գիրքերուն)։ Ինծի հեթանոսական պատկեր թուեցաւ, երբ առաջին գիրքիս լոյս աշխարհ գալուն նպաստած յարգարժան անձեր բոլորեցան սեղանին շուրջ ու գիրքին «նահատակութեան» զիս ալ մասնակից ըրին՝ կարմիր գինին անոր էջերուն հեղելով…։ Այնուհանդերձ՝ շուքով կատարուեցան նաեւ միւս գիրքերուս շնորհանդէսները, ինչի համար որ խորապէս շնորհակալ եմ բոլորէն՝ համազգայնականներէն, «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմինէ Չիլ Աբօշեանէն ու վերջին երկու գիրքերս ներկայացնող դոկտ. Հուրի Ազէզեանէն։ Մարդիկ կը յարգէին գիրքը, ժամանակ կը յատկացնէին, սրահներու մէջ տօնական տրամադրութիւն կը տիրէր ու հայ մարդիկ կը յիշէին գիրքին հանդէպ իրենց մէջ պահուած ժառանգական սէրը… նոյնիսկ եթէ չընթերցէին…։ Անփառունակ եղաւ միայն երկրորդ գիրքիս՝ «Հող ու Երկինք»-ին ճակատագիրը։ Անոր վերասրբագրումը եւ տպագրութեան հետեւիլը, առանց կարծիքս հարցնելու, տրուած էր անձի մը, որ «յօնքը շինելու տեղ աչքը հանած էր»։ Առանց ինծի տեղեակ պահելու՝ կատարած էր լեզուի ու միտքի աղաւաղումներ, որ իր իրաւունքը չէր, առաւել՝ գիրքը տպարանէն ելաւ կարեւոր թերութիւններով, զոր մինչեւ օրս ցաւով կը յիշեմ (Իրականութիւնը աւելի տգեղ էր, քան կը ներկայացնեմ)։ Առաւել՝ քանի մը անձանց գիրքերու գինեձօնը եղաւ խմբային, նոյն երեկոյին, ինչ որ շուքի մէջ ձգեց բոլորը։ Եւ վերջապէս՝ գիրքը ներկայացնելը, կրկին կամքիս հակառակ, տրուեցաւ անձի մը, որմէ ես խորքային վերլուծութիւն չէի կրնար սպասել։ Անոնք որ նախապէս գիրքը ընթերցած էին, դժգոհեցան, որ հոն վերլուծութիւն ու գնահատանք չեղաւ, այլ հատուածներու բովանդակութեան ամփոփ պատմում միայն։ Մինչդեռ գիրքը տեղեկատուական չէր, գեղարուեստական գրականութիւն էր, որ այլ մօտեցում կ’ենթադրէր։ Անցաւ։ Լալա Միսկարեան-Մինասեան The post ՅԻՍՈՒՆ ՏԱՐԻՆԵՐՍ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԼԱ. appeared first on Գանձասար .
Translate this article
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
World Affairs
ՅԻՍՈՒՆ ՏԱՐԻՆԵՐՍ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԼԱ.

Comments
Sign in to join the conversation.
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)
Related coverage

Ի՞նչ Կատարվեց Սահմանին. Ադրբեջանցի Զինվորը Դասալի՞ք Էր, Թե... «Անկեղծ Զրույց» | Էդվարդ Անտինյան
Arevelk / Oct 22

Մոլորվա՞ծ, Դասալի՞ք, Թե՞ Փախուստի Դիմած․ Ի՞նչ Եղավ Սահմանին. «Անկեղծ Զրույց» | Էդվարդ Անտինյան
Arevelk / Oct 21

ՀՐԱՏԱՊ ԵԹԵՐ | Ի՞նչ Է Կատարվում Փարիզում․ | Հարցազրույց Վիլմա Գույումճեանի հետ
Arevelk / Oct 20

ՀՐԱՏԱՊ ԵԹԵՐ | Ի՞նչ Է Կատարվում Փարիզում, Ի՞նչ Է Սպասվում | Հարցազրույց Վիլմա Գույումճեանի հետ
Arevelk / Oct 19



