Կապալառո՞ւ, թէ գործադիր։ Կապալառու հայատառ բառն է արաբերէն «մուքաուիլուն» բառին, որ նոյնիսկ հարազատ արտայայտութիւնը չէ արաբերէն լեզուով, մինչդեռ «գործադիր»-ը իր էութեամբ «contractor» բառին արտայայտութիւնն է, եւ Հայկազեան բառարանին մէջ ան բացատրուած է իբրեւ՝ «վստահուած գործ մը կատարող եւ իրականացնող»։ «Գործադիրը» իր էութեան մէջ արհեստ մը չէ, այլ ճարտարագիտական արուեստ մըն է, որ կը ղեկավարէ, կը համադրէ ու կը միատեղէ տնտեսութեան ընթացիկ դրամագլուխը, մարդուժը, պահանջուած նախանիւթերը եւ որոշուած արհեստները՝ իրագործելով հաստատ ծրագրուած նիւթական ձեռնարկ մը՝ որոշուած ժամանակի ընթացքին: Այս արուեստին ժամանակի հետ ձեւաւորուած նախաօրինակներն են «ճարտարապետը» ու «պանքերը»։ Այս արուեստին զարգացումը անցեալին բաժնուած է իշխանութեան (միապետին), տաճարի քրմապետին ու պալատին ծառայող պաշտօնեաներու միջեւ: Հազուագիւտ յիշատակութիւն մը կը գտնենք Հին Կտակարանին մէջ՝ Բ. Մնացորդաց գիրքի 2-րդ գլխուն մէջ, երբ Իսրայէլի Սողոմոն արքան կը ձեռնարկէ կառուցելու տաճարը ու կը խնդրէ Տիւրոսի Հիրամ (կամ Քիրամ) թագաւորէն, որպէս գործադիր, ապահովել հարկաւոր նիւթերը եւ պիտանի արհեստաւոր մարդուժը՝ իրականացնելու համար Սուրբ տաճարի շինութիւնը։ Հին պատմութեան ընթացքին, գործադիրի կարեւոր մէկ մղոնաքարը կը ներկայացնէ Հռոմէական կայսրութեան շրջանը, ուր հռոմէացիները առաջնեկը հանդիսացան գործադիրներու ասպարէզին մէջ. անոնք կը կոչուէին publicani։ Հռոմը արագ կ’աճէր։ Ռազմական ձեռնարկներ, հանրային գործեր (ճանապարհներ, ջրանցքներ, տաճարներ, պալատներ եւ այլն), զանազան հանքերու շահագործումներ եւ տրամաբանական (logistic) անհրաժեշտութիւններ կը ճնշէին օրուան պետական ծրագրերու օրակարգին ու գանձին վրայ: Առաջնահերթութիւնը տրուեցաւ գործադիրներուն, որոնք ստանձնեցին պարտականութիւնը՝ որպէս պանքերներ իրականացնելու պահանջուած ծրագիրը: Անոնք կը կազմէին մեծահարուստ խորհրդականներու եւ բազմավաստակ վաճառականներու դասակարգը, իսկ մարդուժը կը կազմէին գերիները՝ հիմնուելով գիտնականներու ճարտարագիտական ղեկավարութեան վրայ։ Միջնադարուն շարունակուած է ոչ աւելի եւ ոչ պակաս սովորութիւններով՝ պահելով հռոմէական աւանդը: Վերածնունդի դարաշրջանին գործադիրի անհրաժեշտութիւնը աւելի եւ ուժգնօրէն խորացաւ: Աշխարհը կը դիմագրաւէր նորանոր մարտահրաւէրներ, ինչ որ հրամայական կը դարձնէր տնտեսական դրամագլուխի ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը, ժամանակի շահագործման ճշգրտութիւնը եւ ճարտարագիտական բանիմացութեան գիտակ ղեկավարի մը ներկայութիւնը: Միջնադարեան աւատապետները ու մեծ հարստութիւններու տիրացող վաճառականները դարձան տնտեսական դրամի ուժի շտեմարանները, իսկ մարդուժը կազմեց քաղաքացի արհեստաւոր դասակարգը, որուն սակայն պէտք էր բախտախնդիր ղեկավար ճարտարապետը՝ որպէս համարձակ գործադիր: Վերածնունդի (14-18-րդ դար) դարաշրջանին յայտնուեցան որոշ հարուստ գերդաստաններ, որոնք քաջալերեցին պանքեր-ճարտարապետ միատեղ համագործակցութիւնը՝ ստեղծելով գործադիրի նախապատկերը: Գտնուեցան «մալ ֆաթուրա»-ի գործադիրները, որոնք շրջելով՝ կը պատուիրէին ու կը հաւաքէին հիւսուած մետաքսի ու կտաւի կտորները եւ որպէս մեծաքանակ վաճառականներ՝ կը մատակարարէին շուկան: Նոյնպէս, հայկական վաճառական դասակարգը, սփիւռքի տարածքին հիմնուելով իր աշխարհատարած ներկայութեան, միջազգային հարուստ փորձին ու ցանցին վրայ, լաւագոյն ներկայացուցիչը դարձաւ գործադիրի ուրուապատկերին: Միջազգային պատմութեան էջերուն մէջ շատ հայ անուններ տողանցած են որպէս գործադիրներ, որոնք կրցած են համախմբել դրամի ուժը, ժամանակի ճշգրտութիւնը եւ ճարտարագիտական ղեկավարութիւնը՝ իբրեւ ճարտարապետներ: Այսպէս, շատ օրինակներ կարելի է յիշել հայ սփիւռքի զանազան շրջաններէն. – Յովսէփ Անտոն Սուրեան (Antonio Sourian L’Armenio)՝ որպէս Իտալիոյ նաւային կառոյցներու գործադիր (16-րդ դար) Վենետիկի նաւաշինարանին մէջ: – Պաղտասարեան գերդաստանը՝ իր Balthazar Enea Sens ltd. ընկերութեամբ՝ որպէս շինարարական գործադիրներ Միանմարի մէջ (19-րդ դար): – Նորայր Տէր Գէորգեան՝ իր Ki-Tel Construction ընկերութեամբ՝ որպէս Թայլանտի շինարարական գործադիր (20-րդ դար): – Խաչիկ Աստուածատուրեան (Sir Paul Chater)՝ Հոնկ-Քոնկի մեծ գործարար ու գործադիր (19-20-րդ դար): – Յովհաննէս Աղազար Լազարեան (Cont Aghazar Lazarian)՝ Կայսերական Ռուսիոյ մետաքսի ճարտարարուեստի հիմնադիր եւ գործադիր (18-րդ դար): – Յովհաննէս Ղուկասեան (Ժան Ժոզէֆ Իկնասի Լուգասեւիչ)՝ Լեհաստանի քարիւղի հորերու շահագործման գործադիր (19-րդ դար): -Ալեքսանտր Մանթաշեւ՝ ցարական Ռուսիոյ քարիւղի ճարտարարուեստի շահագործման մեծագոյն գործադիրը, որ իր կողքին ունեցած է նաեւ շարք մը հայ գործադիրներ Պաքուի մէջ (19-20-րդ դարաշրջան): – Օսմանեան կայսրութեան հայերը եւս ունեցած են շատ մը մեծ եւ փոքր գործադիրներ, որոնցմէ կարելի է յիշատակել Տիւզեան (դրամահատման), Տատեան (ճարտարարուեստի) եւ Պալեան (կառուցապատման) գերդաստանները՝ որպէս հռչակաւոր գործադիրներ (18-19-րդ դարերուն): Հալէպահայ Գործադիրները Հալէպի մէջ հայերու ներկայութեան գլխաւոր յիշատակութիւնները կապուած են հայ գործադիրներու գործունէութեան ու ջանքերուն: Որպէս կարողութիւն ունեցող վաճառականներ՝ անոնք միջամուխ եղած են նաեւ իբրեւ գործադիրներ. օրինակ՝ Պետիկ եւ Սանոս Չալապիները, որոնց այլ պաշտօններու շար-քին վստահուած էր նաեւ Հալէպի փողերանոցի դրամահատման կարեւոր աշխատանքը 17-րդ դարուն: Մէկ այլ յիշատակութիւն 19-րդ դարէն կը վերաբերի Նշան Թոփճեանին։ Հայրը՝ Կոմիսար Ֆիլիպ, 1882 թուականին Չիմիշկաղէքէն հաստատուելով Հալէպ, եղբայրներով կը զբաղէր վաճառականութեամբ եւ որպէս գործադիր կը ստանձնէր մասնաւորաբար Հալէպի քաղաքապետարանի ծրագրերը: Հալէպ իրեն կը պարտի Հալէպի փողոցներուն լուսաւորութեան հաստատումն ու շահագործումը (1902-1903 թուականներուն)՝ թաղանկիւնները լուսաւորելով յարմար լապտերներով, իսկ հրապարակները՝ կազի «լիւքսերով»: Մէկ այլ գործադիր պարտականութիւն եւս Թոփճեանները յանձն կ’առնեն՝ Այնթէլի առատ ջրատու աղբիւրի ջուրը հասցնել Հալէպի թաղերը ջրատար խողովակաշարի ցանցով, որ ունէր երկու ջրամբար՝ Նայալ եւ Շէյխ Պաքըր, ու ստորգետնեայ խողովակներով կը մղուէր հրապարակներու եւ թաղամասերու մէջ զետեղուած ծորակները: Գործադիր Թոփճեաններու գործն է նաեւ հետագային Իտլիպ ու Նըպպոլ աւաններու ջուրի մատակարարումը: Քանի որ Հալէպ փոշոտ քաղաք էր, 1930-ական թուականներուն՝ նախքան փողոցներու կուպրապատումը, անոնք ստանձնեցին փողոցները ջրելու եւ միսը մսագործներուն փոխադրելու ծառայութիւնը: Այդ նպատակներուն համար տեղական ջանքերով կը պատրաստէին ցնցուղով եւ սնտուկաւոր ներքին կախիչներով գոց ինքնաշարժներ: Իրենց ուսերուն կը վերցնեն նաեւ 1928 թուականէն Սէպիլ զբօսավայրի ճաշարանին շահագործումը, որուն յատկացուցին նաեւ երթեւեկի համար ինքնաշարժներ: Նախկին հողմահար ջրամղիչը փոխարինեցին Ամերիկայէն ներածուած աւելի զօրաւոր ջրամղիչով մը՝ օրուայ պահանջքը բաւարարելու համար: Անկէ ետք, որպէս յաջողակ գործադիրներ, ստանձնեցին Մունշիէի այգիին շահագործումը: Իրենց կը հասնի նաեւ Հալէպի Սէրայի երկաթապատ ցանկապատի կառուցումը, իսկ 1935 թուին՝ Եփրատի վրայ բանող 4.5 մեթր տրամագիծով երկու ջրանիւներու կառուցումը: Թոփճեանները կը հիմնեն նաեւ «Թոփճեան կարաժ» համալիրը, որուն աշխատանոցներուն մէջ կը կառուցուի տեղական առաջին քարահատ ճամլոցը (1943 թուին), որուն գլխաւոր քարահանքը կը գտնուէր Շէյխ Մաքսուտի հիւսիսը: Նաեւ, երբ ստեղծուեցաւ գաղթականներու Նոր Գիւղի աւանը, Թոփճեանները տրամադրեցին երկու օթոքար՝ ապահովելով Նոր Գիւղ-քաղաք երթեւեկը: Այս բոլորին աշխատանքի փեթակը կը կազմէր «Թոփճեան ճարտարարուեստական համալիրը – Ազիզիէ» (1924-1957): Եւրոպայի նորագոյն ճարտարարուեստի կեդրոններուն հետ մրցող համալիր մը, ուր կը պատրաստուէին քարահատ ճամլոցներ, քարիւղի ու փայտի վառարաններ, հանրային բաղնիքներու կաթսաներ, ջեռոցներ, զանազան ծորակներ, ինքնաշարժներու սնտուկներ, ջրամղիչներ, հողմահար ջրհաններ եւ գործադիրի բոլոր պահանջքներն ու նորոգութիւնները: Առաւել, ինքնաշարժներու լիակատար սպասարկութեամբ եւ որպէս նոր ճարտարագիտութեան ակունք՝ հոն կը պատրաստուէին շարժավարներ, մեքանիկայի զանազան մարզերու փորձագէտներ ու արդիւնաբերներ: Այն մնաց երկրի բարգաւաճող պահանջքներուն ողնաշարը ու տասնեակ նորակազմ ընտանիքներու կեանքի յոյսը: Այսօր պատմութեան էջերուն յանձնուած է «Թոփճեան եղբ. գործադիրներ հաստատութիւնն ու ճարտարարուեստի համալիրը (1882-1963 թթ.)»: Մէկ այլ գործադիր ասպարէզ՝ քսաներորդ դարու շեմին. երբ Մուսա լեռան հայերը կը ճգնէին վերադառնալ բնականոն կեանքի, զանազան արհեստներու շարքին, հիմնուելով Մուսա լեռան ընդարձակ վայրի անտառներուն վրայ, տեղական միջոցներով ստեղծեցին փայտի ու փայտածուխի արտադրութեան ասպարէզ մը: Անոր արտադրութիւնը 1923 թուականին հասած էր տարեկան 2,036 թոնի, որմէ 1,655 թոնը կ’արտահանէին (կ’արտածէին), իսկ 381 թոնը կը տրամադրէին տեղական սպառումին: 1921 թուականին, Մովսէս Ռէնճիլեան եւ Գէորգ Շիրիքեան, որպէս փայտածուխի գործադիր ընկերներ, փորձեցին արտահանել փայտածուխը: Ժամանակ մը ետք, Արտաշէս Պօղիկեան, իբրեւ ֆրանսական կառավարութենէն մենաշնորհ ստացած արտահանող գործադիր, ստանձնեց արտահանողի պաշտօնը՝ փոխարինելով նախկինները: Սակայն, գործարքին ապօրինութիւնը հաստատուելէ ետք, գործը յանձնուեցաւ Ճապրա եւ Տիգրան Գազանճեաններուն՝ որպէս փայտի գործադիրներ: Վերջիններս սիրաշահեցան արտադրողներու համակրանքը եւ, ստանալով ամբողջ շրջանին մէջ ֆրանսական կառավարութեան մենաշնորհեալ արտօնութիւնը, համախմբեցին 150 փայտահատ, ածխագործ եւ ջորեպան: Անոնք անձնական նաւերով արտահանեցին փայտածուխ, շինարարական շերտաձողեր, ելեկտրական սիւներ ու խաղողի յենարաններ՝ դէպի սուրիական ամբողջ տարածաշրջանը, Միջերկրական ծովու արեւելեան ափերն ու Եգիպտոս: Այս գործունէութիւնը շարունակուեցաւ 1920-1938 ժամանակաշրջանին եւ դադրեցաւ Սանճաքի կարգավիճակի փոփոխութեան պատճառով: (շար.1) Աղբիւր. Portrait d’Armenie par un abbe normand Gabriel Bretocq (1918-1922), De La Cilicie a La principaute d’Antioche, Somogy – ed. d՛Art, Paris, 2007: Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան The post ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱԴԻՐՆԵՐԸ appeared first on Գանձասար .
Translate this article
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Arts
ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱԴԻՐՆԵՐԸ

Comments
Sign in to join the conversation.
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)
Related coverage

Ինչո՞ւ Ռուսաստանից Մարգարիտա Սիմոնյաններ, Իսկ Թուրքիայից Դինքեր Են Դուրս Գալիս - Միքայել Հայրապետյան
Arevelk / Oct 4

Այո՛, Պարտվել Ենք, Չենք Հանձնվելու․ Հայաստանը Պայքարելու Է․ «Անկեղծ Զրույց» | Միքայել Հայրապետյան
Arevelk / Oct 3

Սա Առաջին Անգամ Եմ Ասում - Շանթ Հարությունյան
Arevelk / Sep 29

Ռուսաստանը Պարտված է․․․ Շանթ Հարությունյան
Arevelk / Sep 28



