ԻՆՍՈՒԼԻՆԻ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ. Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԳԻՏՆԱՆՔ Վերջին տարիներուն ինսուլինի դիմադրութեան մասին շատ կը խօսուի։ Բայց գիտե՞նք արդեօք, թէ ի՛նչ է ան, եւ ինչո՛ւ կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել անոր։ Ինսուլինը մեր մարմնին մէջ արտադրուող հորմոն մըն է, որ կ’օգնէ արեան շաքարին անցնելու բջիջներուն մէջ եւ գործածուելու իբրեւ ուժանիւթ։ Ինսուլինի դիմադրութեան պարագային բջիջները կը սկսին չճանչնալ ինսուլինը։ Այս պատճառով մարմինը ստիպուած կ’ըլլայ աւելի շատ ինսուլին արտադրել՝ արեան շաքարը բնական մակարդակի վրայ պահելու համար։ Ինչպէ՞ս կրնանք նկատել զայն Ինսուլինի դիմադրութիւնը միշտ յստակ նշաններ չ’ունենար։ Որոշ պարագաներու կրնայ ըլլալ վիզին կամ թեւատակերուն մաշկին սեւութիւն, գիրութիւն, ծանրութեան դժուար նուազում եւ այլն։ Սակայն այս նշանները չեն նշանակեր, որ մարդը անպայման ինսուլինի դիմադրութիւն ունի։ Կարեւոր է գիտնալ, որ այս վիճակը կրնայ երկրորդ տեսակի շաքարախտի զարգացման վտանգը աւելցնել։ Այդ պատճառով անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է դիմել բժիշկի եւ կատարել համապատասխան քննութիւններ։ Սնունդը ի՞նչ դեր ունի Տարածուած սխալ համոզում է, թէ ինսուլինի դիմադրութիւն ունեցող անձը պէտք է ամբողջութեամբ հրաժարի հացէն, պտուղէն կամ այլ ածխաջուրերէ։ Իրականութեան մէջ կարեւոր է ոչ թէ ամբողջ խումբ մը սնունդներէ հրաժարիլը, այլ հաւասարակշռուած սնուիլը։ Բանջարեղէնը, պտուղը, ոսպը եւ ամբողջահատիկ ուտելիքները կրնան առողջ սննդակարգի մաս կազմել։ Նոյնքան կարեւոր են կանոնաւոր շարժումը, բաւարար քունը եւ շաքարով հարուստ ըմպելիներու սահմանափակումը։ Ճերմակ շաքարին փոխարէն ի՞նչ ընտրել Ինսուլինի դիմադրութեան պարագային կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել նաեւ մեր ամէնօրեայ սովորութիւններուն։ Օրինակ՝ եթէ սովորութիւն ունինք մեր թէյին երկու դգալ ճերմակ շաքար աւելցնելու, կրնանք աստիճանաբար նուազեցնել այդ քանակը եւ թէյը խմել մէկ արմաւի հետ։ Այս ձեւով կրնանք վայելել քաղցր համը՝ միաժամանակ աւելցնելով մանրաթել պարունակող սնունդ։ Սակայն արմաւը շաքարէ զերծ չէ, եւ անոր ազդեցութիւնը կախեալ է նաեւ քանակէն ու ամբողջ սննդակարգէն։ Ինսուլինի դիմադրութիւն ունեցող անձերուն պէտք չէ ներկայացնել արմաւը կամ մեղրը որպէս արեան շաքարին վրայ ազդեցութիւն չունեցող այլընտրանք։ Ահաւասիկ քանի մը այլ ընտրութիւններ եւս Վարսակ. մանրաթելով հարուստ է եւ կրնայ ըլլալ նախաճաշի լաւ ընտրութիւն։ Կրնանք զայն պատրաստել կասիայով եւ քիչ մը պտուղով՝ առանց շաքար աւելցնելու։ Թարմ պտուղներ. խնձորը, տանձը կամ սալորը քաղցր համ կը հաղորդեն սնունդին՝ միաժամանակ ապահովելով մանրաթել եւ այլ սննդանիւթեր։ Պանան. կրնայ բնական քաղցրութիւն հաղորդել վարսակին կամ մածունին՝ առանց լրացուցիչ շաքար աւելցնելու։ Կասիա (տարչին). շաքար չէ, սակայն իր բոյրով եւ համով կրնայ օգնել, որ սնունդը քաղցր զգանք՝ առանց շատ շաքար աւելցնելու։ Կարեւոր է յիշել, որ բնական քաղցրացուցիչները միշտ չէ, որ ճերմակ շաքարէն աւելի լաւ ընտրութիւն են արեան շաքարի վերահսկման համար։ Նպատակը շաքարը ուրիշ անունով փոխարինելը չէ, այլ անոր ընդհանուր քանակը նուազեցնելը եւ մանրաթելով հարուստ սնունդներ նախընտրելը։ Փոքր փոփոխութիւնները, երբ կանոնաւոր կը դառնան, կրնան նպաստել աւելի առողջ սովորութիւններու ձեւաւորման։ Ինչո՞ւ պէտք է գիտակցինք այս իրողութեան Ինսուլինի դիմադրութիւնը միայն ծանրութեան կամ քաղցր ուտելու հետ կապուած խնդիր մը չէ։ Անոր զարգացման վրայ կրնան ազդել ֆիզիքական գործունէութիւնը, հորմոնային վիճակը եւ այլ գործօններ։ Մեր առողջութիւնը պահպանելու համար պէտք չէ սպասենք մինչեւ որ խնդիր մը յառաջանայ։ Ճիշդ տեղեկութիւնը, առողջ սովորութիւնները եւ ժամանակին բժշկական ստուգումները կրնան կարեւոր ազդեցութիւն ունենալ մեր առողջութեան վրայ։ Միրէյ Չաղլասեան The post ԽՃԱՆԿԱՐ՝ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ Դ./2026 appeared first on Գանձասար .
Translate this article
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
World Affairs
ԽՃԱՆԿԱՐ՝ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ Դ./2026

Comments
Sign in to join the conversation.
No comments yet — be the first to comment.
More from Kantsasar (Gandzasar)
Related coverage

Ի՞նչ Կատարվեց Սահմանին. Ադրբեջանցի Զինվորը Դասալի՞ք Էր, Թե... «Անկեղծ Զրույց» | Էդվարդ Անտինյան
Arevelk / Oct 22

Մոլորվա՞ծ, Դասալի՞ք, Թե՞ Փախուստի Դիմած․ Ի՞նչ Եղավ Սահմանին. «Անկեղծ Զրույց» | Էդվարդ Անտինյան
Arevelk / Oct 21

ՀՐԱՏԱՊ ԵԹԵՐ | Ի՞նչ Է Կատարվում Փարիզում․ | Հարցազրույց Վիլմա Գույումճեանի հետ
Arevelk / Oct 20

Մայր Աթոռը Պատրա՞ստ Է Փաշինյանի Հետ Երկխոսության - Վիլեն Գաբրիելյան
Arevelk / Oct 19



