«Նոր Երթ»-ի հանդիպումներէն մէկն էր։ Կը զրուցէինք մեր յաջորդ թիւի բովանդակութեան եւ զանազան նիւթերու շուրջ, երբ խմբագիրը՝ տիկին Զարմիկ, առաջարկեց հանդիպում մը ունենալ Ֆրանսայի «Ծիծեռնակ» երիտասարդական հարթակի աշխատակիցներուն հետ։ Բոլորս մեծ հետաքրքրութեամբ համաձայնեցանք առաջարկին։ «Մեծեր»-ու հայկական թերթերը բազմաթիւ են, իսկ ուրիշ հայ երիտասարդական հարթակի մը մասին լսելը իսկական ոգեւորութիւն ստեղծեց մեր մէջ. հետաքրքրուած էինք ու անհամբեր։ Ուրեմն կան մեզի պէս ալ երիտասարդներ, որոնք կ’ուզեն գրել եւ իրենց մտքերը գրաւոր արտայայտել ու հարթակ մը գտնել այս բոլորին համար. հարթակ մը, ուր կարելի է հաւաքական աշխատանք կազմակերպել, առնել-տալ, սրբագրել, խմբագրել, բառարաններ բանալ, ուրիշին գրածը ընթերցել եւ կամաց-կամաց ոճ ձեւաւորել։ Մինչեւ հանդիպման օրը հարցումը հարցումին ետեւէն կը ծնէր մտքիս մէջ։ Արդեօք ինչպէ՞ս խմբուած են «Ծիծեռնակ»-ի աշխատակիցները, ի՞նչ պայմաններ յաղթահարելով։ Ի՞նչ է զիրենք մէկտեղողը՝ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու։ Ինչո՞ւ Ֆրանսախօս, լայն ու ազատ երկրի մը մէջ նստած հայերէն կը գրեն, երբ ֆրանսերէնը աւելի դիւրին պիտի ըլլար։ Ի՞նչ հարցեր կը յուզեն զիրենք։ Եւ ամէնէն կարեւորը՝ որքանո՞վ մեզի նման են կամ՝ տարբեր։ Անկեղծ ըլլալու համար, մենք ալ մեր նախապաշարումները ունէինք. կը կարծէինք, թէ Հալէպն ու Փարիզը իրարմէ այնքան հեռու են, որ պաստառին երկու կողմերը նստողները դժուար թէ զիրար հասկնան։ Հանդիպումը շատ արագ ցոյց տուաւ, թէ որքա՜ն սխալած էինք։ Առցանց հանդիպումը տեղի ունեցաւ 14 Սեպտեմբերին։ Ներկայ էին «Նոր Երթ»-էն եւ «Ծիծեռնակ»-էն քանի մը երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ «Ծիծեռնակ»-ի խմբագիրը՝ տիկին Նորա Պարութճեան եւ «Գանձասար»-ի խմբագիրը՝ տիկին Զարմիկ Պօղիկեան, որոնք մեզ ազատ ձգեցին՝ հանգիստ արտայայտուելու ու զրոյցը վարելու։ Մէկ ժամ տեւող զրոյցը այնքան անկաշկանդ ընթացաւ, որ զարմացայ, թէ որքա՜ն ըսելիք ունէինք իրարու։ Իւրաքանչիւրս բացատրեց, թէ գրելու իր բուն նպատակը հայերէնը պահելն է, բայց մանաւանդ զայն սահուն կիրարկելը՝ գրաւոր թէ բանաւոր խօսքի մէջ։ «Ծիծեռնակ»-ի երիտասարդները կը հաւաքուին զրոյցի նիւթի մը շուրջ, ատիկա ըլլայ հայութիւնը յուզող նիւթ թէ առօրեայ երեւոյթ, ապա անոր մասին իրենց կարծիքը կը գրեն։ Առաջին տարբերութիւնը շուտով երեւելի դարձաւ. մեզի համար հայերէնը տակաւին մեր առօրեային, ընտանեկան ու ընկերային խօսակցութեան բնական մասն է, մինչդեռ իրենց համար ան աւելի շատ վերադարձ մըն է։ Հետաքրքրական էր լսել այդ վերադարձին մասին. անոնց նպատակը նախ պահպանելն է ու խմբուիլը, իսկ մերը՝ մեր կարծիքը ազատօրէն արտայայտելը եւ զանազան նիւթեր պարզ ու մատչելի ոճով ներկայացնելը։ Զարմանալին այն էր, որ իրենք ալ մեզի նման հարցում մը ունէին. եթէ դուք արդէն լաւ հայերէն կը խօսիք, ինչո՞ւ պէտք ունիք խումբի մը։ Պատասխանը մեզի համար պարզ էր. հայերէն խօսիլը մէկ բան է, հայերէն գրելը՝ ուրիշ։ Մեզի համար ալ գրելը դիւրին չէ, մանաւանդ երբ կ’ուզենք մեր աշխարհին մասին գրել, առանց բարդ ոճին մէջ խեղդուելու։ Եւ դժուարութիւններու մասին խօսելով հասկցանք, որ նոյն նաւուն մէջ ենք։ Անոնք ֆրանսերէն բառեր կը խառնեն, մենք՝ արաբերէն ու անգլերէն։ Անոնք երբեմն կը դժուարանան գրել հայերէն տառերով, մենք ալ յաճախ հեռաձայնի մէջ լատինատառ կը գրենք։ Երկու կողմն ալ երբեմն բառ մը կը փնտռէ ու չի գտներ։ Ուրիշ նմանութիւն մըն ալ զրոյցին հիւմորի երանգ մը հաղորդենք. երկու խումբերուն մէջ ալ տղաքը քիչ էին, իսկ մեր պարագային՝ աւելի եւս։ Կարծէք գրելը աղջիկներու հետաքրքրութիւնը դարձած է միայն. այս ալ զրոյցի առանձին նիւթ մըն է, որուն մասին օր մը պէտք է գրենք։ Հալէպ ու Փարիզ, երկու տարբեր կեանք, բայց նոյն մայրենի լեզուն ու նոյն ժպիտը։ Մէկ ժամը բաւարար եղաւ, որ հեռաւորութիւնը մոռնանք։ Բայց հանդիպում մը միայն սկիզբ է։ Ինչո՞ւ երբեմն չգրենք միատեղ, նոյն նիւթերուն մասին. մէկ հարց, տարբեր տեսակէտներով, տարբեր անկիւններէ դիտուած։ Ինչո՞ւ չունենանք այլ շրջաններու երիտասարդներու հետ ալ պարբերական հանդիպումներ, որոնց ընթացքին կարենանք քննարկել, զիրար քաջալերել ու իրարմէ սորվիլ։ Որովհետեւ վստահ ենք, որ ուրիշ տեղեր ալ երիտասարդներ կան, որոնք հայերէն կը գրեն ոչ թէ պարտքի զգացումով, այլ՝ պարզապէս իրենց ներքին ծարաւը յագեցնելու համար։ Կիթառ Աւընեան Համակարգչ. Գիտութիւններու Համալսարանի Շրջանաւարտ The post ԵՐԲ ՀԱԼԷՊՆ ՈՒ ՓԱՐԻԶԸ ԻՐԱՐՈՒ «ԲԱՐԵՒ» ԸՍԻՆ appeared first on Գանձասար .