Այս բանաստեղծութիւնները մաս կը կազմեն «Ցկեանս Բանաստեղծութիւն» խորագրեալ անտիպ գիրքիս «E-Ներշնչումներ» շարքէն: ERROR Երբ Աստուած իր շունչը փչեց հողին՝ կենդանութիւն պարգեւելու, հողը վերադարձուց հսկայ error մը- կասկածով լեցուն։ Եւ error-ով սկսաւ մարդը։ FACEBOOK Profile-դ փակ է, բայց սենեակիդ պատուհանը՝ բաց։ Քու ներկայութիւնը virtual է, բայց կարօտս՝ իրական։ Սեղմեցի log out – եւ յանկարծ գտայ ինքզինքս աւելի իրական աշխարհի մը մէջ, որտեղ սէրը wifi-ով չ’անջատուիր։ GOOGLE Փնտռեցի քեզ google-ի առաջին տողին մէջ։ Գրեցի՝ «Ինչպէ՞ս կը հասկնաս, որ կարօտցած եմ»։ Սեղմեցի enter – արդիւնքներ` միլիոններով, բայց որեւէ մէկը քեզ չէր նշեր։ Google-ը չճանչցաւ բացակայութեանդ ճշգրիտ ուղղագրութիւնը: Ուզեցի փակել էջը, բայց ի՞նչ պիտի փնտռէի, երբ արդէն քեզ կորսնցուցած էի՝ հարցման ձեւով։ Ու շարունակեցի տառապիլ- ոչ թէ պատասխան՝ այլ բացատրութիւն մը գտնելու մարմաջով։ HASHTAG #1915 #հալէպ_¬¬¬¬1974 #մայրս_բռնած_ձեռքէս Մենք hashtag-ներով կը պահենք այն, ինչ ուրիշներ ջնջեցին մատիտով։ #ապրիլ_ 24 #լուռ_բողոք #ցեղասպանութիւն_անցեալ_չէ Անունները դարձան շաղուած թիւեր, իսկ մենք մեծմօրս լուսանկարը կը փնտռենք փոշիացած ալպոմներու մէջ: #չհասաւ_հարսանիքին #մանչուկը_անուն_չունեցաւ #Տէր_Զօր Բայց հոն՝ մեռածները չեն գիտեր, որ մենք տակաւին կը փնտռենք զիրենք պարզ անունով։ #մոռնալ #ներել The post Բանաստեղծութիւններ appeared first on Գանձասար .