Այս հողին վրայ կան կորուստներ, որոնք ժամանակին հետ չեն մեղմանար․ անոնք պարզապէս կը քարանան մեր մէջ՝ վերածուելով լուռ, ծանր ու սրբազան բեռի։ 2020-ի աղէտալի պատերազմը բոլորէս խլեց հարազատներ, ընկերներ, մեր երիտասարդութեան ամենալուսաւոր նշխարները։ Բայց այսօր միտքս ու սիրտս կեդրոնացած է երեք ընկերներու վրայ, որոնց հետ ճանապարհս խաչաձեւուեցաւ Հալէպի դժնդակ ու տագնապալի տարիներուն։ Անոնք ընկերներ ըլլալէ աւելի տիպարներ էին՝ իրենց պարկեշտ, հաւասարակշռուած ու իսկական դաշնակցականի վայել նկարագրով։ Թէեւ իրենց նահատակութենէն առաջ, շուրջ չորս տարի չէի տեսած զիրենք, բայց Հալէպի կրակներուն մէջ կոփուած մեր կապը երբեք չէր տկարացած։ Այդ սեւ օրը, երբ գոյժը հասաւ, աշխատավայրս էի՝ համակարգիչին դիմաց նստած, ցաւի ու յուսահատութեան լուրերու հոսքին կը հետեւէի։ Հոգիս մերժեց ընդունիլ անհաւատալին։ Ապշահար ու մոլորած՝ սկսայ աջ ու ձախ զանգահարել, փնտռելով մէկը, որ ըսէր, թէ լուրը սխալ է, թէ սուտ է… Բայց իրականութիւնը դաժան էր։ Զայրոյթի ու խոր յուսահատութեան ալիք մը պատեց մարմինս։ Մխրճուեցայ աթոռիս մէջ՝ ծանր լռութեան մը գիրկը, մինչ մտքիս մէջ մէկիկ-մէկիկ կը տողանցէին իրենց դէմքերը․ ընկեր Յարութը՝ իր ծանրակշիռ ու պատասխանատու կեցուածքով, եւ ընկերներս՝ Յակոբն ու Մոսիկը, որոնց ժպիտը դեռ թարմ էր յիշողութեանս մէջ։ Չորս տարուան բաժանումէն ետք, մեր հանդիպումը պիտի ըլլար ոչ թէ կարօտի գրկախառնութիւն, այլ անոնց վերջին հրաժեշտի տխուր յուղարկաւորութիւնը։ Դէպի իրենց հրաժեշտի արարողութիւնը տանող ամէն մէկ քայլս ծանր էր ու ցաւոտ։ Քալած ատենս կը զգայի, որ մեր սերունդին ուսերուն ծանրացած է ոչ միայն ապրելու, այլեւ իրենց յիշատակն ու պատգամը ապրեցնելու պարտականութիւնը։ Յակոբը, Մոսիկն ու ընկեր Յարութը լուռ հեռացան, բայց մեզի թողեցին ուղիղ ճամբայ մը, որուն վրայ սուտը, վախն ու նահանջը տեղ չունին։ Այսօր, երբ կը նայիմ անոնց նկարներուն, ցաւը չէ որ առաջինը կը խօսի, այլ անոնց պայծառ ու մաքուր հայեացքը, որ կարծես լուռ կը պատգամէ․ «Մենք մեզի բաժին ինկած կռիւը տուինք, հիմա ձեր կարգն է՝ ապրելու եւ պահպանելու այն, ինչի համար մենք զոհուեցանք»։ Փաստօրէն անոնք չհեռացան․ այլ՝ մնացին մեր երիտասարդութեան ամենասուրբ էջին վրայ՝ որպէս յաւերժական ներկայութիւն եւ անխախտ ուխտ։ Յաւերժ փա՛ռք մեր լուսաւոր տղոց, յաւերժ փա՛ռք ու խոնարհում բոլոր հերոսներուն… Յ․Ք․ Գեղանկարը՝ Գոհար Պետրոսեանի։ The post ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ appeared first on Գանձասար .