«Կեանքում ամէն ինչ կորցնել՝ նշանակում է գոյութիւն ունենալուց դադարել, յատկապէս, երբ կորցնում ես այն ամէն ինչը, որով դու կազմաւորուել եւ արժեւորուել ես (յատկապէս հոգեկան եւ մտային աշխարհում)» Շահէ Տէր Գէորգեան Հայերէն գիրք մը ստացայ։ Հայերէն գիրքերը ընդհանրապէս նշանակալից են ինծի համար, իսկ ա՛յս մէկը շատ հարազատ է։ Հայերէն այս գիրքը հարազատ է, որովհետեւ Շահէ Տէր Գէորգեանին պատմութիւնն է։ Պատմութիւնը կեանքի մը, որ «փակ» կը թուէր ըլլալ աշխարհին, բայց որուն մէջ կար մեծ ներաշխարհ մը, լեցուն՝ մտքով, հոգիով, սիրով, բայց նոյնքան ալ ընդվզումով ու տակաւին զարտուղի կեցուածքներով։ Բայց նախ՝ գիրքը։ «Նամականի եւ Այլ Նիւթեր»․ հրատարակուած Երեւան, 2026-ին, «Էտիթ Փրինթ»-ի կողմէ։ 376 էջերէ բաղկացած այս ժողովածուն կ՚ընդգրկէ Շահէ Տէր Գէորգեանին առաքած եւ ստացած նամակները, որոնց մէջ կան իր ներաշխարհի տագնապող երեւոյթները ու տեսադաշտերը՝ ներառեալ իր հայեացքները ազգային եւ հասարակական նիւթերու եւ իրավիճակներու նկատմամբ։ Նամակներուն մէջ կան նաեւ մասնագիտական հաղորդակցութիւններ հաստատութիւններու հետ։ Գիրքին մէջ նաեւ տեղ գտած են Շահէին ճարտարապետական մասնագիտութենէն բխած սերտողութիւնները՝ հսկայական ներդրումը հայկական մշակութային կոթողներու։ Գիրքը նոյնքան հարուստ է նկարներով՝ տարբեր առիթներու ընթացքինՇահէին կեանքէն եւ յարաբերութիւններէն։ Գիրքին խմբագիրն է Գէորգ Եազըճեան, որ մեծ աշխատանք տարած է խմբագրելով եւ համադրելով Շահէին առնչուող շատ մը նիւթեր, նամակներ եւ գրութիւններ։ Գէորգ Եազըճեանի աշխատանքը կը յատկանշուի նաեւ գիրքին մէջ իր տեղադրած ծանօթագրութիւններով՝ իւրաքանչիւր անհատի, բարեկամի, գործակիցի մասին, որոնք կապ ունեցած են Շահէին հետ։ Այս իմաստով պիտի յանդգնինք ըսել, որ Գէորգ Եազըճեանի աշխատանքը փոքր «հանրագիտարան» մըն է, ուր կը հանդիպիս շատ մը անձնաւորութիւններու, որոնք կապ ունեցած են Շահէին հետ եւ որոնք տարբեր ոլորտներու ընդմէջէն մասնակցած են հայրենի-ազգային ու գաղութային կեանքին։ Գէորգ Եազըճեան արժանի է ամէն գնահատանքի իր այս խմբագրական բծախնդիր աշխատանքին համար։ Գիրքին մէջ նոյնքան կայ վաղամեռիկ Շահէի այրիին՝ Կարինէ Տէր Գէորգեանի երազը, եւ այդ երազը իրականացնելու իր մեծ կամքն ու յարատեւութիւնը։ Կարինէն ինծի ղրկած իր անձնական բացիկին մէջ գրեց․ «Երկար տարիներու աշխատանքի արդիւնք էր այս գիրքը եւ Շահէն արժանի էր հաստատուն ներկայութիւն դառնալու»։ Եւ Կարինէն իրականացուց ատիկա։ Բայց ո՞վ է Շահէն։ Իսկ իր պատմութի՞ւնը։ Շահէ ծնած էր Հալէպ 1944-ին, բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ։ Յաճախած էր ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանը, որմէ ետք Երեւանի «պոլիտեխնիկական ինստիտուտ»-ի ճարտարապետական բաժանմունքը, զոր աւարտած է 1970-ին։ 1971-76 թուականներուն ան կը շարունակէ իր բարձրագոյն ուսումը «ասպիրանտ» եւ կը պատրաստէ իր աւարտաճառը «Հայ-Սուրիական Վաղքրիստոնէական Ճարտարապետութեան Առնչութիւնները» նիւթով։ Իր գիտական թեզին միջոցաւ, տքնաջան պեղումներու իբրեւ արդիւնք, Շահէն կ՚ու գայ այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան սկզբնաւորութեան ի յայտ եկած եռանաւ, մոյթաւոր, պազիլիկ եկեղեցիներու յատակագիծերը որպէս ձեւ ներմուծուած չեն հիւսիսային Սուրիայէն, երբ քրիստոնէութեան քարոզիչները Սուրիայէն ներթափանցած են պատմական Հայաստան։ Շահէին այս թեզը, ինչ խօսք, ցոյց կուտայ հայկական ճարտարապետութեան ինքնուրոյն դիմագիծը եւ մշակոյթը, որ արժանի է մեծ գնահատանքի։ Շահէն չկրցաւ իր աւարտաճառը պաշտպանել, որովհետեւ մասնագիտական տարակարծութիւններ ունեցած էր դասախօսին հետ եւ մնացած անդրդուելի իր գիտական եզրակացութիւններուն վրայ, որուն իբրեւ հետեւանք վերադարձած էր Հալէպ՝ առանց բարձրագոյն վկայականի։ Շահէ ամուսնացած էր Կարինէի հետ եւ բախտաւորուած երկու տաղանդաւոր զաւակներով։ Ալիսիկը՝ դաշնակահարուհի, եւ Արմէնը՝ ճարտարապետ ու երաժիշտ-ջութակահար։ Կարինէ երաժշտութեան ուսուցչուհի է, նաեւ՝ լրագրող։ 1998-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Շահէ առյաւէտ մեկնեցաւ այս աշխարհէն։ Եթէ մէկ կողմէ ձգեց շատ մը գիտական եւ ճարտարապետական նուաճումներ, բայց տակաւին շատ բան ունէր կատարելիք եւ տալիք։ Շահէն մեր ընտանիքին շատ մօտիկ բարեկամ էր։ Հալէպէն սկսած, ան շատ յարգանք ունէր հօրեղբօրս՝ Տօքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանին եւ շատ մօտիկ էր զարմիկներուս՝ Էրիք եւ Վանիկ Ճէպէճեաններուն։ Պէյրութ հօրս ճատրակի բարեկամն էր։ Բայց կար այն շատ մօտիկ եւ հարազատ հաղորդակցութիւն-բարեկամութիւնը մօրս հետ։ Զիրար շատ լաւ հասկցած էին՝ անկախ տարիքի տարբերութենէն։ Մայրս կրցած էր Շահէին այդ «փակ» ներաշխարհը թափանցել եւ կամրջած էր անոր հարազատ հոգիին։ Շահէն կը տեսնէր, որ մայրս անկեղծ էր եւ կը սիրէր այդ հարազատութիւնը։ Մայրս եւ Շահէն երբեմն թրքերէն կը խօսէին իրարու հետ՝ երանգ մը աւելցնելով իրենց կերտած հարազատ հաղորդակցութեան վրայ։ Վերջապէս երկուքն ալ Այնթապի զաւակներ էին։ Շահէն ունէր իր ներաշխարհը։ Այդ ներաշխարհը պարզ չէր։ Փակ էր, եւ որուն մէջ կային թաքուն զգացումներ, արժէքներ, տեսադաշտ եւ կ՚երեւի կարծր ու ծայրայեղ կեցուածքներ։ Գէորգ Եազըճեան իրաւացի է երբ կ՚ըսէ․ «ըմբոստ նկարագիր»։ Բայց Շահէին ըմբոստութիւնը քանդող չէր, ոչ ալ վիրաւորող։ Ըմբոստութիւնը Շահէին ուրոյն մօտեցումն էր կեանքին նկատմամբ։ Եթէ կրնայիր կամուրջ նետել անոր փակ ներաշխարհին, ներս մտնել ու ճանչնալ զայն, պիտի համաձայնէիր բանաստեղծի հետեւեալ խօսքին․ «Տեսնէք ինչե՜ր գրուած կայ հոն»։ Հոն կային լաւագոյն զգացումեր եւ մարդկային կեանքի համար ամուր արժէք ու աւանդ։ Պատանեկութենէս դէպի երիտասարդութիւն անցնող այդ տարիներուս կը հետեւէի Շահէին բարեկամութեան։ Տարիքի տարբերութիւնը կար, բայց ինծի համար ան կարծէք դպրոց էր մարդկային արժէքներու, չափանիշ էր յարաբերութիւններ կերտելու։ Այդ գոց աշխարհի տեսադաշտերէն յիշեմ. «Աւելորդ եմ համարում արդարութիւնը, իրար հասկացողութիւնը։ Ինչո՞ւ են դպրոցում սովորեցնում ազնուութիւն, ճշմարտութիւն, բարոյականութիւն են քարոզում։ Դրանք մնում են դպրոցի պատերից ներս։ Իրական կեանքը, ամէն բան բոլորովին կապ չունին սրանց հետ»։ Բայց Շահէն ունէ՛ր կապը «սրանց հետ»։ Այդ կապը իր կեանքն էր։ Շահէին նամակները «այսպիսիք» են։ Գրած է նամակներու շարք մը իր ընտանիքին, ծնողքին ու տակաւին բարեկամներուն եւ նոյնքան ալ պատասխաններ ստացած է։ Ունի նամակներու երկար շարք մը՝ Հրայր Տարագճեանին, Յակոբ Քէօսէեանին, Վանիկ Ճէպէճեանին ու տակաւին Նելլի Նազարեանին։ Այդ նամակներուն ընդմէջէն Շահէ կը բանայ իր փակ աշխարհը ու կը մտնէ ազնիւ, անկեղծ բարեկամութիւններու մէջ եւ անոնց մէջ կը դարբնէ իր հոգիին նուրբ թելերը։ Ալիսիկի գրած մէկ նամակին մէջ ան կ՚ըսէ. «Յաջողութիւններովդ ուրախացի՛ր, սիրելի՛ Ալիսիկ, բայց մի՛ հարբիր։ Դեռ Սկիզբն է։ Միտքդ պահէ՛»։ Շահէին ճարտարապետական-գիտական ուսումնասիրութիւններու շրջագիծին մէջ կ՚իյնան Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց գետնափոր եկեղեցւոյ վերաբերող աշխատանքները։ Ան նաեւ կը հրաւիրուի մասնակցելու հայ արուեստի գիտաժողովին՝ Իտալիա, ուր դասախօսութիւն կը ներկայացնէ հայ ճարտարապետութեան մասին։ Արաբ գործակիցներու հետ կը բացայայտէ Հալէպի Պապ ալ-Ֆարաճ շրջանի մէջ ի յայտ եկած հնութիւններու կարեւոր նշանակութիւնը։ Հալէպի մէջ բարձրացած 20 շէնք-համալիրներու գծագրութիւնները կը կրեն Շահէին ստորագրութիւնը։ Ան մասնակցած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց մատուռ-յուշարձանի պատրաստութեան մրցանքին։ Իր այս բոլոր գործունէութեան իբրեւ արդիւնք, Հալէպի ճարտարագիտութեան արհմիութիւնը իրեն կը շնորհէ «խորհրդատու հնագէտ» տիտղոսը։ Շահէին մեծ ներդրում-նպաստը իր աւարտաճառն է՝ «Հայ-Սուրիական Եկեղեցիներու Առնչութիւնները»։ Կը յիշեմ ամառ մը իմ պատանեկան տարիներէն, երբ Քեսապի մէջ կը վայելէի հօրեղբօրս ամառանոցը, Շահէն վարորդի մը հետ մեզի եկաւ։ Ան կը շրջագայէր Սուրիոյ տարբեր տարածքները՝ քննելու-ցանկագրելու եւ սերտելու եկեղեցիները։ Շահէ առանձին նախաձեռնած էր այս առաքելութեան։ Չունէր նեցուկ եւ նիւթական օժանդակութիւն որեւէ մէկէ կամ կազմակերպութենէ։ Կը զգայի, թէ ողջ այս ծրագիրը իր հոգեհարազատ մէկ զաւակն էր եւ ինչքան սէր ու նուիրում կը տածէր անոր նկատմամբ։ Շահէն չտեսաւ իր գիտական հսկայական աշխատանքին հրատարակութիւնը իր ողջութեան։ Հատորը հրատարակուեցաւ իր մահէն ետք եւ թարգմանուեցաւ արաբերէնի ու անգլերէնի։ Մուրատ Հասրաթեան, որ Շահէի այս ուսումնասիրութեան խմբագրական աշխատանքին մէջ կարեւոր բաժին ունեցած էր, կ՚ըսէ. «Դա ոչ միայն Շահէի յիշատակի համար է, այլ եւս հայ մշակոյթի ու ճարտարապետութեան։ Աշխարհում առաջինը քրիստոնէութիւն ընդունած երկիրը իր եկեղեցական ճարտարապետութիւնը ստեղծել եւ զարգացրել է ինքնուրոյն, որը, ցաւօք, չեն ընդունում ոչ միայն արեւմտեան շատ գիտնականներ, այլ նաեւ որոշ հայաստանեաններ։ Եւ ես վստահ եմ, որ Շահէի աշխատանքը հայոց դարձի 1700 -ամեակին կը լինի չափազանց յարիր եւ օգտակար նուէր»։ Շահէ գրած է օրագրութիւններ։ Այդ օրագրութիւններուն մէջէն ան ուզած է սկսիլ «իր գրելիք պատմութիւնը»։ Եւ ինչպէս Կարինէն կ՚ըսէ գիրքի յաւելուած մասին մէջ, «Այդ պատմութիւնը չգրուեցաւ։ Մնացին օրագրութեան մէջ գրուած էջեր, որոնք դարձան հալէպեան յուշեր»։ Շահէ իր օրագրութեան մէջ կը գրէ. «Չկայ մի մասնագիտութիւն, որը այնքան դեր կ՚ունենայ մարդուն զգացական եւ բարոյական կեանքին մէջ, ինչքան ունի ճարտարապետութիւնը»։ Շահէ եղաւ այն ճարտարապետը, որ իր մասնագիտութիւնը դրաւ ի սպաս մարդու զգացական եւ բարոյական կեանքի կերտումին. «Պէտք է փոխել ոչ թէ հասարակարգը, այլ՝ մարդը»։ Շահէ մահացաւ եւ թաղուեցաւ իր այդքան սիրած Հալէպի մէջ։ Ան յաճախ կը քաջալերէր իմ զարմիկները, որ Հալէպ վերադառնան եւ հաստատուին։ Վահէ Ժամագործեանի վկայութիւնը այս իմաստով շատ դիպուկ է. «Շահէն եղաւ եւ մնաց այն հալէպահայը, որ քալեց Հալէպի մայթերով, իսկ իր աչքերու կապոյտը միշտ մնաց հայրենիքի երկնակամարի անուրջներուն մէջ։ Ոմանց համար առեղծուածային կամ նոյնիսկ անբացատրելի ինքնատիպութեամբ՝ այս հայորդին մնաց հաւատարիմ իր հաւատամքին՝ մարդկութիւնը փնտռելով…մարդուն մէջ»։ Եւ դարձեալ իմ ընտանեկան յուշերէն։ Երբ մայրս կանուխ մեկնեցաւ այս աշխարհէն, Շահէ ինծի ըսաւ մէկ պարզ նախադասութիւն որպէս մխիթարական խօսք. «Հրա՛յր, շատ նեղուեցայ»։ Այս պարզ նախադասութիւնը կու գար իր փակ եւ խորունկ ներաշխարհէն։ Այս կարճ նախադասութեան մէջէն տեսայ Շահէին մարդկայնութիւնը։ Ան դուրս հանեց իր պարզ ու մարդկային հոգին եւ իմ առջեւ դրաւ որպէս մխիթարանքի ու յարգանքի խօսք։ Յարգանքը իր սիրած եւ հաւատացած բարեկամութեան։ Ասիկա Շահէին գրուած (չգրուա՞ծ) պատմութիւնն է։ Շահէին պատմութիւնը թէեւ չգրուեցաւ, բայց ապրուեցաւ։ Ապրուեցաւ հարազատութեամբ, զգացումով եւ արժէքի գիտակցութեամբ։ Երբ այս գիրքը ստացայ, ուրախացայ։ Ուրախութեանս միախառնուեցաւ քիչ մը յուզմունք։ Ուրախութիւն-յուզմունքը բարեկամութեան, որ ապրեցանք միասին լեցուն յիշատակներով։ Յիշատակներ-յուշեր, որոնք կեանք կերտեցին ու տակաւին․․․։ Սիրելի՛ Շահէ, Դուն կեանքի մէջ «ամէն ինչ չկորսնցուցիր»։ Դուն շահեցար, քանի որ հաւատացիր հայու եւ մարդու արժէքին։ Թէեւ հաւատացիր քու «փակ» ներաշխարհիդ ընդմէջէն, սակայն անոնք արժէք ըլլալէ չդադրեցան եւ չեն դադրիր։ Անոնք ապրող արժէքներ են, տակաւին կ՚ապրին։ Շահէին պատմութիւնը։ Ասիկա ապրող պատմութիւնն է, որ թէեւ չգրուեցաւ, բայց ապրեցաւ-ապրուեցաւ ու տակաւին կը շարունակէ ապրիլ։ Հայը պարտի կերտել իր կեանքին համար ապրող պատմութիւններ։ Շահէին պատմութիւնը անոր ապրած ու թողած աւանդն է՝ արժէքի համար ապրող պատմութիւնը։ Սեպտեմբեր, 2026 Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան The post ՇԱՀԷԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ appeared first on Գանձասար .