ՀԱՅԿԱԿԱն ՅԱԿՈԲ ՇԱՐՊԱԹԵԱՆ՝ Մ-17 ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ ընթացող աւագ տարիքի պատանիներու Եւրոպայի առաջնութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յակոբ Շարպաթեան (50 քկ.) ուժեղ յաղթանակով նուաճեց տիտղոսը: Ոսկի մետալի պայքարին համար հայ բռնցքամարտիկը մենամարտի մրցակից ունեցաւ ռումանացի Ալեքսանտրու Պութանը եւ դժուար պայքարով յաղթեց 3 – 2 արդիւնքով: Յակոբ Շարպաթեանի յաղթանակէն ետք, ռոմանացի ժողովուրդը սուլելով իր դժգոհանքը յայտնեց իրաւարարի որոշումէն: Շարպաթեան կիսեզրափակիչին պարտութեան մատնեց Լեհաստանի ներկայացուցիչ Փիոտր Տվոյացկին: Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչ Ռոմիկ Յարութիւնեան նուաճեց արծաթէ մետալ: 66 քկ. ծանրութեան եզրափակիչին, ան 1 – 4 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Ռաուլ Պարոնէին: Եւրոպայի առաջնութեան, Հայաստանի պատանեկան հաւաքականի կազմէն պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Եդուարդ Քարամեանը: ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ ՄԱՍ ՊԻՏԻ ՉԿԱԶՄԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ Հայաստանի հաւաքականի անդամ բազմակի տիտղոսակիր Արթուր Ալեքսանեան վնասուելուն պատճառով մաս պիտի չկազմէ Ղազախստանի մէջ կայանալիք Աշխարհի ըմբշամարտի առաջնութեան: Ասթանայի մէջ Արթուրը պիտի փոխարինէ Հայկ Խլոյեանը: Յիշեցնենք, որ ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութիւնը պիտի իրականանայ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ 24 Հոկտեմբերէն 1 Նոյեմբեր: ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԹԵԹԱ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒՈՂ ՄԱՐԶԻՉԸ ԴԱՐՁԱՒ Լոնտոնի Արսենալի գլխաւոր մարզիչ Միքէլ Արթեթա ակումբի հետ նոր պայմանագրութիւն ստորագրելէ ետք գլխաւորեց աշխարհի ամենաբարձր վարձատրուող ֆութպոլային մարզիչներու վարկանշային աղիւսակը։ Այս մասին յայտնեց La Vanguardia պարբերականը: Աղբիւրին համաձայն, սպանացի մասնագէտը այսուհետեւ տարեկան կը ստանայ շուրջ 26 միլիոն եւրո։ Նախապէս անոր աշխատավարձքը նախատեսուած էր շուրջ 17,3 միլիոն եւրո մէկ մրցաշրջանի համար։ Վարկանշային աղիւսակի երկրորդ հորիզոնականը կը գրաւէ «Ալ-Հիլյալը» գլխաւորող Սիմոնէ Ինզակին (տարեկան 25,7 միլիոն եւրո), իսկ լաւագոյն եռեակը կ?եզրափակէ Աթլեթիքօ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Տիէկօ Սիէոնէ՝ տարեկան 23,2 միլիոն եւրո աշխատավարձով։ Յիշեցնենք, որ Արթեթայի նոր համաձայնագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2030։ Սպանացին լոնտոնեան խումբին հետ է 2019 թուականէն մինչ օրս: Ռաֆֆի Սիւլահեան The post ՄԱՐԶԱԿԱՆ՝ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ Գ./2026 appeared first on Գանձասար .