Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ զանգերու հայաբոյր ղօղանջով մեկնարկեց Թարգմանչաց Տօնին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւնը,որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը: ​Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի հովանաւորութեամբ եւ Արժ. քահանայ հայրերու մասնկցութեամբ՝ արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Արմէն Վրդ. Գալաճեան, որ իր պատգամին մէջ ընդգծեց. «Ամէն տարի Թարգմանչաց Տօնի ոգեկոչումով դարաւոր իմաստութեան խորհուրդ մը կը փոխանցուի աշակերտներուն՝ հայ ըլլալու եւ հայութիւնը պահպանելու ուխտը : Մեր ղեկավարներուն եւ վարդապետներուն Աստուծոյ պարգեւած իմաստութեան շնորհիւ՝ ունեցանք մեր ինքնուրոյն լեզուն եւ իբրեւ ազգ գոյատեւեցինք մինչեւ այսօր: Լեզուն ազգային գոյերթի ամենահիմնական հասկացողութիւններէն է,հետեւաբար անհրաժեշտ է արժեւորել հայկական դասապահերը։Թող մեր սուրբ թարգմանիչներուն յիշատակը անմար մնայ մեր սրտերուն մէջ»: ​ Ժամերգութեան աւարտին աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով, զոր վարեց 11-րդ կարգի աշակերտուհի Բալիկ Մարգէեան. ​•11-րդ կարգ. Ալինա Գրիգորեան ներկայացուց «Թարգմանչաց Տօն»-ի խորհուրդը: •​7-րդ կարգ. Նանար Նաճարեան եւ Բեկոր Թովմաս ասմունքեցին Զահրատի «Մեսրոպաբոյր» քերթուածը: ​•8-րդ կարգ. Աննա Մարիա Գրիգորեան եւ Կիրօ Մինաս ներկայացուցին Վահան Թէքէեանի «Հայ Լեզուն»: ​•10-րդ կարգ. Լիանա Ասատուրեան եւ Մատլէն Թաշճեան ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Մայրենի Լեզու»-ն: Ապա, 10-րդ եւ 11-րդ կարգերու աշակերտները, ուսուցչական կազմին, խնամակալութեան եւ հոգեւորականաց դասու ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Ազգային Գերեզմանատուն, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։Ներկաները առ ի յարգանք եւ երախտագիտութիւն մոմ վառեցին եւ խունկ ծխեցին մեծ բարերար Քարէն Եփփէի եւ գրականագէտ Յ. Օշականի շիրիմներուն մօտ՝ յարգելով անոնց անմար յիշատակը: ​Արարողութեանց աւարտին աշակերտութիւնը առաջնորդուեցաւ դէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի լուսաւոր գրադարանը, ուր պատրաստուած էր գիրքերով հարուստ ցուցահանդէս մը: Ընթերցասիրութեան անմար սէրը աշակերտներու սրտերուն մէջ արծարծելու եւ գիրքի հանդէպ ջերմութիւն արթնցնելու նպատակով՝ իւրաքանչիւր աշակերտի նուիրուեցաւ իր նախասիրած գիրքը, որպէսզի հայ տպագիր խօսքը դառնայ իրենց հոգիին անբաժան ընկերակիցը: ​Թարգմանչաց սուրբ վարդապետներու կտակած լոյսը կը մնայ այն հզօր ու անշէջ փարոսը, որ դարեր շարունակ լուսաւորած է հայ ազգի գոյերթի դժուարին ճանապարհները: Քանի դեռ ճեմարանականի շուրթերէն կը հնչէ մաշտոցաշունչ մայրենին, քանի դեռ հայ դպրոցի երդիկին տակ կը վառի ազգային ինքնութեան սուրբ կրակը, եւ քանի դեռ երախտագէտ սերունդները խոնարհումով կը յարգեն Քարէն Եփփէի նման մեծանուն բարերարներու յիշատակը, հայ ոգին պիտի մնայ անհատնում, իսկ մեր մշակութային ժառանգութիւնը՝ անսասան ու յաւերժահունչ: The post ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ ՃԵՄԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ appeared first on Գանձասար .