Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան եւ խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան 12 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վասիլիս Մարակոսի հետ։ Քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութեան առնչուող հարցեր։ Կարեւոր համարուած է նորընտիր խորհրդարանին հետ գործակցութիւնը։ Աննա Գրիգորեան իր դիտարկումները ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական վիճակին, դատական համակարգին մէջ առկայ խնդիրներուն եւ, իր խօսքով, քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալութեան պարագաներուն վերաբերեալ։ Ազգային ժողովի պատգամաւորները նաեւ խօսած են խորհրդարանական ընտրութիւններէն հոսող զարգացումներուն մասին։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Վասիլիս Մարակոս դիտել տուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ եւ կ’ամրապնդէ խաղաղութեան հաստատման գործընթացը։ Խմբակցութեան ներկայացուցիչները կարեւոր համարած են Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած բանաձեւը, որով կոչ կ’ուղղուի նաեւ անյապաղ ազատ արձակելու Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալները։ The post «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ ՀԵՏ appeared first on Գանձասար .