Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան յանձնարարած է, որ հանրակառքերու գնման յաջորդ մրցոյթը բացառապէս ելեկտրական շարժիչով փոխադրամիջոցներու համար ըլլայ։ Այս մասին ան յայտարարած է Հոկտեմբեր 26-ին, քաղաքապետարանի աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին։ Քաղաքապետին համաձայն, հանրային փոխադրութեան բարեկարգման յաջորդ հանգրուանին անհրաժեշտ է փոխարինել Higer մակնիշի հանրակառքերը։ “Արդէն ժամանակն է ամբողջութեամբ անցնելու ելեկտրական հանրակառքերու”, – յայտարարած է Աւինեան։ Միաժամանակ, քաղաքապետարանը կը նախատեսէ ընդարձակել հանրակառքերու երթեւեկութեան յատկացուած առանձին գօտիներու ցանցը։ Աւինեանի համաձայն, կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ յատուկ գօտիով երթեւեկող 15 հանրակառք աւելի արդիւնաւէտ կը գործէ, քան երթեւեկութեան ընդհանուր հոսքին մէջ գտնուող 25 հանրակառք։ Քաղաքապետը իր տեղակալ Սուրէն Գրիգորեանին յանձնարարած է մինչեւ տարեվերջ ներկայացնել այդ գօտիներու ընդարձակման փուլային ծրագիրը։ Նախատեսուած է նաեւ հանրակառքերու յատուկ գօտիներու ստեղծումը համադրել հեծանիւային ուղիներու կառուցման հետ։ Ծրագրին գործադրութիւնը պիտի սկսի այս տարի՝ յաջորդական փուլերով։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Երեւանի մէջ պիտի ընդարձակուի հանրակառքերու յատուկ երթեւեկութեան գօտիներու ցանցը

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Փաշինեան. «Մեր Սահմանադրութիւնը որեւէ արտաքին կողմի հետ պիտի չքննարկենք»
Nor Haratch / 9 minutes ago

Erevan-Moscou : les tensions s’accentuent autour de l’OTSC et de l’Union eurasiatique
Nor Haratch / 16 minutes ago

Երեւան–Մոսկուա. ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի շուրջ լարումը կը խորանայ
Nor Haratch / 22 minutes ago

Arménie-Azerbaïdjan : la Constitution au cœur du blocage de l’accord de paix
Nor Haratch / 48 minutes ago
Related coverage

Construction et responsabilité environnementale : Dalan Technopark à la COP17
Nouvelles d'Arménie / 7 hours ago

Maria Zakharova : La nouvelle salve d’accusations infondées lancée par Erevan contre Moscou n’a été suivie d’aucune proposition constructive ni d’aucune décision responsable
Nouvelles d'Arménie / 9 hours ago

Lorsque je viens en Arménie, j’ai envie d’y revenir. Déclaration du prince d’Arabie saoudite au Premier ministre arménien
Nouvelles d'Arménie / 9 hours ago

En Arménie, la Reine d’Espagne a visité le temple païen de Garni et le monument naturel « Symphonie des Pierres »
Nouvelles d'Arménie / 10 hours ago