Իր երկրի աշխարհագրական դիրքին պատճառով, ծնած օրէն, հայու կեանքը միշտ եղած է ալեկոծ: Ու այս ալեկոծումը շատ յաճախ զինք նետած է արտագաղթի, ձուլումի, յուսախաբութեան, տեսակ մը անօրինակ ալե-կոծումի եւ նոյնքան ալ՝ լճացումի: Բայց, շնորհիւ իր կամքին, նոյն ատեն այս ալեկոծումը իրեն համար դարձած է խթան, վերապրելու, վերակենդանանալու, ինքնաճանաչման ուղիէն քալելու, իր պապենական արմատներէն սնանելու ու կեանքին մօտենալու եւ ապրելու իւրայատուկ եղանակով եւ ոճով: Ահա թէ ինչպէ՛ս ան փրկուած է: Ասոնք, եթէ կը պատկանէին անցեալին…, իսկ այս օրերուն…, երբ արդէն ժամանակները փոխուած են, տեսանելի է թէ ինչպէ՛ս հայ կեանքը անոնց դրական կամ բացասական անդրադարձումներէն անմասն չէ մնացած: Համաշխարհայնացումը իր սարսափելի «աւերները» սկսած է գործել եւ իրմէ «զոհեր» խլել: Նորութիւն մը չէ: Երբեք: Այսօր աշխարհը շատ արագ է, եւ դէպքերը կը հասուննան մեծ արա-գութեամբ: Դանդաղ քալող մարդը կրնայ ետ մնալ: Անոր համար է որ ազգովին փոթորկալից ամպերու տակ «տագնապներով» սկսած ենք ապրիլ, միաժամանակ տեղ-տեղ եւ կամաց-կամաց կորսնցնելով մեր ինքնութիւնը, մեր հաւատքն ու մեր մայրենի լեզուն: Թէեւ այս բոլորը այրող հարցեր են, սակայն շատ-շատերուն հոգը նոյնիսկ չէ: Ամերիկա կ’ապրինք: Կ’ապրինք նաեւ անոր ազատութեան «գինովութիւնը»: Ու այս մէկը շատերուս համար կարծես տեսակ մը «օրհնութիւն» ալ է, իսկ ուրիշներուն…դո՛ւք ըսէ՛ք…անկասկած գիտէ՛ք արդէն: Ու յաճախ եւ մտովի, ես ինծի հարց կու տամ…թէ ինչպէ՛ս պէտք է հաշտուիլ հայ կեանքի ներկայ իրականութեան հետ, երբ, ե՛ւ հաւաքական, ե՛ւ ազգային անբնական կացութեան իբրեւ հետեւանք, տակաւին հակասական հունի մէջ է: Գաղտնիք մը չէ երբ ըսենք, որ ներկայիս հայը կ’ապրի իր ազգային ու մշակութային դարաւոր ինքնութիւնը պահպանելու անխուսափելի հարցը: Յաճախ մեզմէ շատեր կ’արդարանան ըսելով, թէ «ժամանակը արագացած է…», կամ՝ «արդէն աշխարհն ալ նոր հունի մը մէջ մտած է… ի՞նչ կրնանք ընել…»: Իսկ ուրիշներ ալ «յանցանքը» ժամանակին վրայ ձգելով «կը սրբանան…»: Սակայն եւ այնպէս, դեռ չենք կրցած գիտակցիլ, որ մեր գլխաւոր թերութիւնը մեր հանրութեան մտածելակերպն է: Պէտք է որ «փոխուինք»: Այո՛, «պէտք է» կ’ըսենք: Մի՛շտ կը շեփորենք: Պէտք է անպայման «փոխուիլ»: Բայց մէյ մը մտածենք, թէ ինչո՛ւ չենք փոխուիր: Ինչո՞ւ չենք թօթափեր մեր վրայէն այն ինչ որ մեզ փոխած է…: Արդեօ՞ք, իրապէս… չենք ուզեր փոխուիլ… թէ ո՛չ, այդ կարողութիւնը չունինք եւ կամ՝ նոյնքան ալ գիտակցութիւնը: Անըմբռնելի բան մը նստած է մեր միտքերուն ծայրը, որ առիթ չի տար որ ուրիշ ձեւով մտածենք: Ահաւասիկ նկարագրի նոր գիծ մը: Ճիշդ է որ մեր կեանքի հոսքը պղտորած է: Անկասկած: Սակայն միշտ փնտռած ենք եւ տակաւին կը փնտռենք մեր կեանքի կապն ու հաւատքը, այս հոսանքէն ազատելու միջոցը: Յամառօրէն կ’որոնենք մեզ վերադարձի բերող յուշը: Է՜հ…վերջապէս, ի՞նչ կը նշանակէ այս: Վերջապէս…, մեզ ո՞ւր պիտի տանի կամ պիտի հասցնէ մեր որդեգրած այս «ուղին»: Չմոռնանք սակայն որ օրերը բերեր եւ իրենց հետ տարեր են մեր երանաւէտ ու հեշտալի խաղաղութիւնը, մեր միտքերուն, մեր համերաշխութեան, մեր նկարագրի դրական բոլոր կէտերուն եւ մեր անցեալի անփոխարինելի պահերուն հետ միատեղ: Այնպէս կ’երեւի թէ ա՜լ խօսիլը աւելորդ է: Իսկ գրուած բառերն ալ անիմաստ: Զիրար չխաբենք՝ կարդացող չկայ: Թէեւ միշտ կարդացողներ կը փնտռենք: Հիանալի անկեղծութիւն, եթէ կ’ուզէք: Իբրեւ այս բոլորին մտահոգներ…յոյսեր կը ցանենք մեր բառերուն վրայ եւ մեր տողերուն մէջ: Բայց եւ այնպէս, տեսանելի է թէ խօսողն ու կարդացողը մեր ներկայէն մեծ բացականեր են, եւ որոնք մեզի համար ստեղծած են տեսակ մը հոգեկան տառապանք-մտահոգութիւն՝ մեր ապրած մթնոլորտէն ներս: Ահա մեր ներքին բարդութիւնը, որ ահաւոր ալ է: Յաճախ կ’ողբանք: Մենք մեզի կը վրդովինք: Անիմաստ՝ կ’արդարանանք: Կ’այպանենք մեր ճակատագիրը: Բայց կը մոռնանք որ մեր ճակատագրին հետ մեր նուիրումն ալ էական է: Մեր կեցուածքն ու ընբռնումն ալ կարեւոր են: Կենսական: Այս բոլոր մտահոգ տողերով լեցուն բառերը տասնամեակներէ ի վեր կրկնուած են ու ձեւով մը դարձած կարօտակէզ երգեր, միաժամանակ ընկճելով մեր գոյութիւնը: Ասոնք բոլորն ալ մեր խոցելի կէտերու մատնանշումներն են, որոնք կը ծանրացնեն հայ կեանքը: Կը սիրենք կորսնցնելէ ետք «ողբալ»: Կը գնահատենք՝ կոտրելէն ետք: Կ’արժեւորենք, երբ «բան-բանէ անցած է արդէն»: Իրապէս որ յոգնեցանք նահանջող հոգիներու ինքնարդարացումներէն: Ամէնօրեայ սովորութիւններուն գերին դարձած ենք, գիտակցաբար եւ ոչ…: Կը պտտինք տափակ հարցերու եւ խօսքերու վրայ: Ասոնք են որ կը ծերացնեն ազգը: Բացառութիւնները միշտ յարգելի են: Իսկ ի՞նչ պէտք է որ ընենք… կը հարցնենք յաճախ: Ինչպէ՞ս պէտք է թափանցենք նման մարդոց հոգիներէն ներս: Աւելին՝ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք սողալ նոյն այդ «մտքերուն» մէջ: Վերջ ի վերջոյ ի՞նչ բանի պէտք է որ կառչինք… եւ մանաւանդ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլանք չափել այսպիսի մարդոց գիտակցութեան զգացումը: Էականը, կը կարծեմ, նոր դիմագիծ եւ հաստատ ինքնութիւն տալն է մեր կեանքին, ձեւով մըն ալ վերարժեւորել զայն, գրուած ու անգիր երգի նման: Կարեւորը՝ ընբռնելն է կեանքն ու հասարակութիւնը, հեռու մնալով ներկայի մեր պոռոտախօսութիւններէն, ինքնահաւանութիւններէն եւ մանաւանդ՝ հմտութիւններէն: Այս բոլորին իրականացման համար, էական է ունենալ ազգային առաքելութեան լաւատեղեակ, եւ մեր բարոյական ու հոգեմտաւոր արժէքներու հաւատացող ղեկավարներ, որոնք գիտեն ճոխացնել վաղուան յոյսը, անկեղծ եւ արդար: Ղեկը վստահիլ այնպիսի մարդոց, մեծերու, որոնք գիտեն ստեղծել ինքնագործման նոր միջոցներ, ծրագրուած յայտագրով: Որովհետեւ, իրապէս, ա՜լ յոգնած ենք սուտերէն, կեղծիքներէն ու մանաւանդ կրկնուող «ձեւերէն»: Ու հաւատացէ՛ք…, ժողովուրդները, որպէսզի չանհետանան, եւ որպէսզի իրենց ինքնութեան հաւատարիմ մնան, անպայման կը դիմեն գիտակցութեան: Ահա՛, հայ կեանքի եւ հայու ինքնութեան հաւատարիմ մնալու որդեգրում մը: Գէորգ Պետիկեան The post ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ, ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ… appeared first on Գանձասար .