European Partnership Foundation-ի «Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու բնա­­կանո­­նաց­­ման աջակ­­ցութիւն. սահ­­մա­­­նէն ան­­դին կա­­պերու ամ­­րապնդում» ծրագ­­րի շրջա­­նակին մէջ Հա­­յաս­­տա­­­նէն եւ Թուրքիայէն լրագ­­րողներ իրար հետ հա­­ւաքող «Հա­­յաս­­տան–Թուրքիա Մե­­տիա Հան­­րա­­­շար­­ժով Շրջա­­գայու­­թիւնը» սկսաւ Հոկ­­տեմբե­­րի 12-ին, երբ շրջա­­գայու­­թեան Հա­­յաս­­տա­­­նէն մաս­­նակցող մե­­դիայի աշ­­խա­­­տող­­նե­­­րը եկան Պո­­լիս։ «Հա­­յաս­­տան–Թուրքիա Մե­­տիա Հան­­րա­­­շար­­ժի Շրջա­­գայու­­թիւն» ծրա­­գիրը, մինչ Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը օրէ օր կը զար­­գա­­­նան, կը նպա­­տակադ­­րէ որ եր­­կու եր­­կիրնե­­րուն ժո­­ղովուրդնե­­րը լրագ­­րողնե­­րու մի­­ջոցով ճիշդ տե­­ղեկու­­թիւն ստա­­նան։ Աս­­կէ զատ, կը նպա­­տակադ­­րէ որ եր­­կու եր­­կիրնե­­րուն լրագ­­րողնե­­րը ծա­­նօթա­­նան հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րուն եւ իրա­­րու ժո­­ղովուրդնե­­րուն ան­­մի­­­ջակա­­նօրէն, եւ այս բո­­լորը հա­­ւասա­­րակշռո­­ւած, իրո­­ղու­­թիւննե­­րու վրայ հիմ­­նուած եւ բազ­­մա­­­կող­­մա­­­նի կեր­­պով փո­­խան­­ցե­­­լով՝ նպաս­­տեն երկխօ­­սու­­թեան զար­­գացման։ Ինչպէս որ Տին­­քը կ'ու­­զէր Հոկ­­տեմբե­­րի 12-ին Պոլ­­սոյ մէջ սկսե­­լով եւ 23-ին Երե­­ւանի մէջ աւար­­տե­­­լիք 12-օրեայ ճամ­­բորդու­­թեան, որուն կը մաս­­նակցին Թուրքիայէն եւ Հա­­յաս­­տա­­­նէն ընդհա­­նուր առ­­մամբ 14 լրագ­­րողներ, «Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա Մե­­տիա Հան­­րա­­­շար­­ժի Շրջա­­գայու­­թեան» առա­­ջին կա­­յան­­նե­­­րէն մէ­­կը եղաւ 23.5 Հրանդ Տին­­քի Յի­­շողու­­թեան Վայ­­րը։ Պոլ­­սոյ Առեւտրա­­կան Պա­­լատը այ­­ցե­­­լելէ ետք 23.5-ի մէջ հիւ­­րընկա­­լուած լրագ­­րողնե­­րուն Հրանդ Տին­­քի ժա­­ռան­­գութիւ­­նը ներ­­կա­­­յացո­­ւեցաւ ու­­ղեկցո­­ւած շրջա­­գայու­­թեամբ մը։ Ապա լրագ­­րողնե­­րը հան­­դի­­­պեցան Սեւ Ծո­­վու Տնտե­­սական Հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան մէջ Հա­­յաս­­տա­­­նի մշտա­­կան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Նա­­յիրի Պետ­­րո­­­սեանին հետ։ Լրագ­­րողնե­­րու հար­­ցումնե­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նելով՝ Պետ­­րո­­­սեան ըսաւ թէ Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա Բնա­­կանո­­նաց­­ման Գոր­­ծընթա­­ցը դրա­­կան ուղղու­­թեամբ կը յա­­ռաջա­­նայ։ Հան­­դիպման ըն­­թացքին ընդգծո­­ւեցաւ թէ ամէն պա­­րագա­­յի կա­­պի շա­­րու­­նա­­­կու­­մը շատ կա­­րեւոր է, նշո­­ւեցաւ թէ Հա­­յաս­­տա­­­նը սահ­­մա­­­նին բաց­­ման հա­­մար բո­­լոր պատ­­րաստու­­թիւննե­­րը աւար­­տած է, իսկ Թուրքիան իր աշ­­խա­­­տանքնե­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կէ։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մեր­­ձա­­­ւորու­­թեան պատ­­ճա­­­ռով սահ­­մա­­­նին չբա­­ցուե­­լու հա­­ւանա­­կանու­­թիւնն ալ քննար­­կո­­­ւեցաւ, սա­­կայն եւս ան­­գամ մը ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւեցաւ թէ Երե­­ւանը Պա­­քուն կը դի­­տէ ոչ թէ իբր ար­­գելք, այլ իբր լու­­ծումին մէկ մա­­սը։ Միւս կող­­մէ, հան­­դիպման ըն­­թացքին հար­­ցում մը ուղղո­­ւեցաւ Թուրքիա-Յու­­նաստան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն անդրա­­դառ­­նա­­­լով. «Թուրքիա ին­­չո՞ւ Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ չը­­նէ ինչ որ Յու­­նաստա­­նի հետ ըրաւ»։ Լրագ­­րողնե­­րու պնդող հար­­ցումնե­­րուն հա­­կառակ, Թուրքիա-Հա­­յաս­­տան սահ­­մա­­­նին ե՞րբ պի­­տի բա­­ցուի հար­­ցումին հա­­մար ժամ­­կէտ մը չտրո­­ւեցաւ։ Պոլ­­սէն Կարս, Կար­­սէն Երե­­ւան Լրագ­­րողնե­­րը «Հան­­րա­­­շար­­ժի Շրջա­­գայու­­թեան» ըն­­թացքին Թուրքիոյ կող­­մէն այ­­ցե­­­լեցին Իզ­­միր, Տիար­­պե­­­քիր, Վան եւ Կարս, ու հան­­դի­­­պեցան տե­­ղական պաշ­­տօ­­­նատար ան­­ձե­­­րու, գոր­­ծա­­­րար­­նե­­­րու, գոր­­ծա­­­րան­­նե­­­րու եւ քա­­ղաքա­­ցիական հա­­սարա­­կու­­թեան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու հետ։ Ապա Հա­­յաս­­տան անցնող «մե­­տիա հան­­րա­­­շար­­ժը» գնաց Կիւմրի, Տի­­լիճան եւ ան­­կէ ետք ալ Երե­­ւան։ 14 հո­­գիանոց լրագ­­րո­­­ղական խումբը այ­­ցե­­­լեց նաեւ այժմ փակ գտնո­­ւող Ալի­­ճան/Մար­­գա­­­րա սահ­­մա­­­նային ան­­ցա­­­կէտը՝ եր­­կու եր­­կիրնե­­րուն կող­­մէն։ Շրջա­­գայու­­թեան ըն­­թացքին լրագ­­րողնե­­րը կը հան­­դի­­­պին տնտե­­սական կեդ­­րոննե­­րու, տե­­ղական ձեռ­­նարկու­­թիւննե­­րու, կրթա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու եւ քա­­ղաքա­­ցիական հա­­սարա­­կու­­թեան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու, ինչպէս նաեւ գոր­­ծա­­­րար աշ­­խարհի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու, զբօ­­սաշրջու­­թեան մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու, հե­­տազօ­­տող­­նե­­­րու եւ տե­­ղական հա­­մայնքնե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու հետ։ Հա­­յաս­­տա­­­նէն եւ Թուրքիայէն 14 լրագ­­րողներ եւ մե­­տիայի մաս­­նա­­­գէտ­­ներ, Պոլ­­սէն Երե­­ւան եր­­կա­­­րող հա­­րիւ­­րա­­­ւոր քի­­լոմեդր ճա­­նապարհ մը միասին կտրե­­լով, կը հե­­տեւին նաեւ պատ­­մա­­­կան Մե­­տաք­­սի Ճա­­նապար­­հին։ Կ՚այ­­ցե­­­լեն այնպի­­սի վայ­­րեր, ինչպէս Իզ­­մի­­­րի մէջ Եփե­­սոսը, Տիար­­պե­­­քիրի մէջ Սուրբ Կի­­րակոս Հայ­­կա­­­կան Եկե­­ղեցին, Վա­­նի մէջ Աղ­­թա­­­մար Եկե­­ղեցին, Կար­­սի Անիի Կա­­մուրջը։ Հա­­յաս­­տա­­­նի կող­­մէն՝ Սե­­ւանայ լի­­ճը, Գառ­­նիի Տա­­ճարը, Գե­­ղար­­դի Վան­­քը եւ նման պատ­­մա­­­կան ու զբօ­­սաշրջա­­յին վայ­­րե­­­րէ ետք կ՚այ­­ցե­­­լեն աւե­­լի տեխ­­նո­­­լոգիական նա­­խաձեռ­­նութիւններ, ինչպէս TUMO Center, Eleveight AI, Picsart։ Շրջա­­գայու­­թիւնը կ՚աւար­­տի ՄԱԿ-ի Կլի­­մայի Փո­­փոխու­­թեան COP17 Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի հար­­թա­­­կին վրայ։ Ծրագ­­րին առա­­ջին բա­­ժինը Թուրքիոյ մէջ, երկրոր­­դը՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւող ծրագ­­րին Հա­­յաս­­տա­­­նի բա­­ժինը կը ղե­­կավա­­րեն Եւ­­րա­­­սիական Հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան Հիմ­­նադրա­­մը եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի Ար­­տադրող­­նե­­­րու եւ Գոր­­ծա­­­րար­­նե­­­րու Միու­­թիւնը, իսկ Թուրքիոյ բա­­ժինը՝ Թուրքիոյ Տնտե­­սական Քա­­ղաքա­­կանու­­թեանց Հե­­տազօ­­տու­­թեան Հիմ­­նադրա­­մը (TEPAV) եւ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը։