Թէեւ կա­ղապա­րուած ար­տա­յայ­տութիւն մըն է, սա­կայն երբ խօս­քը Շա­հան Արծրու­նիի այս կեան­քէն բաժ­նո­ւելուն մա­սին է, Թուրքիոյ հա­յերուն երաժշտա­կան աշ­խարհին մէջ աստղ մը մա­րեցաւ ըսե­լը բնաւ չա­փազան­ցութիւն պի­տի չըլ­լայ։ Պո­լիս իր վեր­ջին գա­լուստին մեր թերթն ալ այ­ցե­լած էր, եւ հրա­ժեշտ առ­նե­լու պա­հուն՝ կրկին իրար չտես­նե­լու հա­ւանա­կանու­թիւնը յի­շեց­նե­լով բաժ­նո­ւած էր մեզ­մէ։ Այդ պա­հուն չա­փազան­ցո­ւած թո­ւացող այս հրա­ժեշ­տը, ցա­ւօք, իրա­կանա­ցաւ։ Ար­տա­քին տես­քով իր իրա­կան տա­րիքը չցուցնող Շա­հան Արծրու­նիին մա­հը չէինք վա­յել­ցուցած։ Ցա­ւօք, Հոկ­տեմբեր 21-ին հա­սած լու­րե­րը մեզ ստի­պեցին դի­մագ­րա­ւել դառն իրա­կանու­թիւնը։ Շա­հան Արծրու­նի Նիւ Եոր­քի Մեն­հե­թըն թա­ղամա­սի, իր բնա­կարա­նին մէջ կեան­քէն հրա­ժեշտ առաւ։ Այս պա­հուն մա­հուան պատ­ճառնե­րը տա­կաւին յստակ չեն։ Սա­կայն այս լու­րը առ­նե­լով՝ ան­խուսա­փելիօրէն յի­շեցինք թէ ան, իբ­րեւ վար­պետ դաշ­նա­կահար եւ երաժշտա­գէտ-հե­տազօ­տող, կեան­քի ըն­թացքին մեծ ներդրում ու­նե­ցած էր իր ազ­գին եւ հա­մայն մարդկու­թեան։ Շա­հան Արծրու­նի կեան­քի շատ կա­նուխ շրջա­նին թո­ղած էր ծննդա­վայ­րը։ Ով­կիանո­սէն ան­դին եր­կիրնե­րու մէջ երաժշտա­կան կրթու­թիւնը աւար­տե­լէ զատ, իբ­րեւ դաշ­նա­կահար եւ հե­տազօ­տող՝ մաս­նա­գիտու­թեան աս­տի­ճան­նե­րէն արա­գօրէն բարձրա­ցած էր։ Անցնող տաս­նա­մեակ­նե­րուն բազ­մա­թիւ ան­գամներ Պո­լիս այ­ցե­լող Շա­հան Արծրու­նի, այդ այ­ցե­լու­թիւննե­րուն ըն­թացքին դա­սախօ­սու­թեան բնոյթ ու­նե­ցող նո­ւագա­հան­դէսնե­րով ապա­ցու­ցած էր թէ վար­պետ դաշ­նա­կահար ըլ­լա­լէ զատ նաեւ ար­ժէ­քաւոր ու­սուցիչ մըն է։ Վեր­ջին տա­րինե­րուն բե­մական ելոյթնե­րէն աւե­լի ձայ­նագրու­թիւննե­րու վրայ կեդ­րո­նացած էր, եւ «Քա­լան Միւ­զիք» պի­տակով իրար­մէ ար­ժէ­քաւոր ալ­պոմներ հրա­տարա­կած։ Անոնցմէ նախ կը յի­շենք Կո­միտաս Վար­դա­պետի դաշ­նա­մու­րա­յին գոր­ծե­րը հա­մադ­րած ալ­պո­մ։ Նոյնպէս մեծ խան­դա­վառու­թեամբ կին եր­գա­հան­նե­րու գոր­ծե­րը մեկ­նա­բանած ալ­պոմն ալ պատ­մութեան լոյս սփռող վա­ւերա­գիր մըն էր։ Հա­մեմա­տաբար քիչ յայտնի անուններ ու­նե­ցող կին եր­գա­հան­նե­րու գոր­ծե­րէն կա­տարած իր ընտրա­նին Շա­հան Արծրու­նիի երախ­տա­գիտու­թեան զգա­ցու­մը կ՚ար­տա­ցոլաց­նէր։ Պոլ­սոյ երաժշտա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ անու­նը յա­ճախ իր հօ­րաք­րոջ՝ եր­գա­հան Սիր­վարդ Գա­րամա­նու­կի հետ յի­շուող արո­ւես­տա­գէտը, կ՚ան­մա­հանայ հա­մերգնե­րուն ու յու­շե­րուն կող­քին, ետին թո­ղած իւ­րա­քան­չիւրը խոր հե­տազօ­տու­թիւննե­րու ար­դիւնք եղող ալ­պոմներու շարքով։