Դուք ալ Կեդրոնականի սաներէն էք։ Միսաք Մեծարենցի մասին դպրոցական շրջանէն ի՞նչեր լսած էք։ Իր կեանքէն բնաւ ազդուեցա՞ք։ Կեդրոնականի դպրոցական տարիներուս, մեր գրականութեան դասագրքին՝ «Նոր Թանգարան»ի մէջ, Մեծարենցէն ունէինք «Հիւղը» քերթուածը, զոր կը կարդայինք ու կը սերտէինք։ Ծանօթ էինք անշուշտ իր հանրածանօթ «Սիրերգ»ին ու կ՚երգէինք ալ։ Այսպէս, Մեծարենց մեր պատանեկութեան մէջ ներկայ էր թէ՛ ընթերցումով, թէ՛ երգով։ Սակայն իր գրականութեան հետ բուն, խորունկ ծանօթացումս համալսարանական տարիներուն եղաւ։ Այդ շրջանին ուսումնասիրութիւն մըն ալ կատարած եմ իր հնչեակներուն մասին։ Մեծարենց, պէտք է ըսել, մեր լաւագոյն հնչեկագիր բանաստեղծներէն մէկն է։ Իր տաղերուն զգացական հարստութեան կողքին, այդ աշխատանքը ինծի համար բացայայտեց իր արուեստին խստապահանջութիւնը նաեւ՝ բառի ընտրութեան, պատկերի կառուցման եւ բանաստեղծական ձեւի մշակման մէջ։ Իսկ իր կեանքէն ազդուա՞ծ եմ։ Երբ երիտասարդ ես, գրեթէ անկարելի է չազդուիլ հանդիպելով այդքան կարճ կեանքի եւ այդքան անմոռանալի վաստակի մը։ Քեզի գրեթէ տարեկից երիտասարդ մը, որ հիւանդութեան ու վաղահաս մահուան ստուերին տակ կրցած է նման գեղեցկութիւն մը ստեղծել՝ անխուսափելիօրէն կը յուզէ քեզ։ Տարիներու ընթացքին, սակայն, այդ յուզումը կը խորանայ. կը սկսիս աւելի լաւ զգալ, թէ որքան կեանք, լոյս ու մարդոց հանդէպ գորով կայ իր տաղերուն մէջ։ Այսօր, իբրեւ եկեղեցական, այդ կարճ կեանքին մէջ կը տեսնեմ նաեւ մեզի տրուած ժամանակին ու շնորհներուն արժէքը զգալու հրաւէր մը։ Մեծարենցի ընթերցումը զիս կը մղէ մտածելու, թէ մենք մեր ստացածը ինչպէ՛ս կը մշակենք եւ ի՛նչ կը փոխանցենք ուրիշներուն։ Իր պարագային՝ այդ փոխանցումը տակաւին կը շարունակուի։ Յակոբ Ճօլօլեան-Սիրունիի մասին առաջին անգամ, երբ բան մը կարդացիք, ի՞նչ էր կարդացածնիդ։ Սիրունիի անունին ծանօթ էինք անշուշտ իր «Պոլիս եւ իր դերը» քառահատոր ուսումնասիրութեամբ։ Սակայն դժուար է այսօր ճշդել, թէ իրմէ կարդացած առաջին գրութիւնս ո՛րն էր։ Իր անձին ու վաստակին հետ աւելի խոր ծանօթացումս դարձեալ համալսարանական տարիներուն եղաւ։ Այդ շրջանին զինք ճանչցայ որպէս «Ազատամարտ»ի խմբագիրներէն, առաւելաբար գրական ասուլիսներով յայտնի Էսաեան սանուց միութեան հիմնադիրներէն մէկը եւ, առհասարակ, ժամանակաշրջանի գրական կեանքին կարեւոր դէմքերէն մին։ Այս ծանօթացումը առանձնայատուկ ընթացք ստացաւ աւարտաճառիս շնորհիւ, որ նուիրուած էր «Նաւասարդ» հանդէսին, որու երկու խմբագիրներէն մէկն էր ան՝ միւսն ըլլալով Դանիէլ Վարուժանը։ Հետեւաբար, Սիրունիի հետ իմ հանդիպումս եւս կապուեցաւ ուսումնասիրական աշխատանքի մը. պէտք էր հասկնալ հանդէսին ծնունդ տուող միջավայրը, գրական ու գեղարուեստական ձգտումները, խմբագիրներուն առաջադրանքները։ Այդ աշխատանքի ընթացքին առջեւս աստիճանաբար բացուեցաւ Սիրունիի կերպարը՝ իբրեւ գրական կեանքէ ներս գործող, նախաձեռնող ու կազմակերպող մտաւորական։ «Պոլիս եւ իր դերը»ի հեղինակ պատմաբանի կողքին կը տեսնէի երիտասարդ գրագէտը, որ իր ժամանակակիցներուն հետ մեր մշակոյթին ապագան կը մտածէր եւ այդ ապագային ծառայող գործի մը կը ձեռնարկէր։ Այս հանգամանքը կարեւոր եղաւ նաեւ Սիրունիի հետագայ գրութիւնները գնահատելու համար։ Երբ ան կը պատմէ Վարուժանի, Մեծարենցի կամ իր ժամանակաշրջանի գրական կեանքի մասին, կը խօսի նաեւ իբրեւ այդ աշխարհը ներսէն ճանչցած մարդ։ Իր էջերուն մէջ ուսումնասիրողի գիտելիքը կը միանայ մասնակցի ու ականատեսի յիշողութեան։ Այդ երկուքին հանդիպումն է, որ անոր վկայութիւնները ինծի համար առանձնապէս արժէքաւոր կը դարձնէ։ Ինծի համար յիշողութիւնը պահելու այս աշխատանքը նաեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է։ Մեզմէ առաջ ապրած ու ստեղծագործած մարդոց հանդէպ պա՛րտք ունինք. անոնց անունները յիշելու կողքին՝ պէտք է ճանչնանք ու ապրեցնենք անոնց թողածը։ Սիրունիի այս հատորը հրատարակութեան պատրաստելու մէջ այդ պարտքի զգացումն ալ իր բաժինը ունեցաւ անշուշտ։ Տէր-հայր, Երբ կը նայիք «այս հիւանդ, հանճարեղ պատանիին»՝ Միսաք Մեծարենցի կեանքի պատմութեան ի՞նչ զգացումներ կ՚ունենաք։ Մեծարենցի կեանքին նայելով՝ նախ խոր ափսոսանք մը կը զգամ. այդքան երիտասարդ տարիքին ընդհատուած կեանք մը՝ իր մէջ դեռ չարտայայտուած այնքան կարելիութիւններով։ Ակամայ կը մտածես, թէ ի՛նչ կրնար տակաւին տալ մեր գրականութեան, եթէ ժամանակը քիչ մը աւելի առատաձեռն գտնուէր իրեն հանդէպ։ Սակայն իր թողած վաստակը կարդալով՝ այդ ափսոսանքին կը միանայ հիացումը։ Այդքան կարճ ժամանակի մէջ ան կրցած է ամբողջական բանաստեղծական աշխարհ մը ստեղծել՝ իր լեզուով, երաժշտութեամբ եւ կեանքին նայելու ուրոյն կերպով։ Զիս ամենէն շատ յուզողը իր հոգիին բաց մնալն է։ Հիւանդութիւնը, անձկութիւնը, իրեն դէմ ուղղուած անիրաւ խօսքերը կրնային զինք ամբողջովին ամփոփել սեփական տառապանքին մէջ։ Բայց իր տաղերուն մէջ այնքա՜ն լոյսի ծարաւ, մարդոց հանդէպ գորով եւ ուրիշին օգտակար ըլլալու բաղձանք կայ։ «Հիւղ» ըլլալու ցանկութիւնը կամ «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական» աղերսանքը այս առումով խորապէս կը յուզեն զիս։ Ինք խնամքի ու մխիթարութեան կարօտ՝ կը ցանկայ ուրիշի համար ապաստան ու ուրախութիւն դառնալ։ Իբրեւ քահանայ՝ այս կեցուածքին մէջ խոր հարազատութիւն մը կը զգամ մերձաւորին հանդէպ քրիստոնէական սիրոյն հետ։ Սեփական ցաւին մէջ անգամ ուրիշին ցաւը տեսնելը, անոր ուրախութիւնը ցանկալը հոգեւոր մեծ հասունութիւն կը պահանջեն։ Մեծարենցի տողերը կարդալով՝ ես ինծի կը հարցնեմ, թէ որքանո՛վ կը յաջողիմ ուրիշի համար դառնալ մխիթարական ներկայութիւն։ Իր բանաստեղծութիւնը այսպէս նաեւ անձնական քննութեան առիթ կու տայ ինծի։ Այս պատճառով Մեծարենցի կեանքը ինծի համար նաեւ ներքին մեծութեան վկայութիւն մըն է։ Իր ցաւը իրական է, բայց այդ ցաւին մէջ կը շարունակէ ապրիլ սիրելու կարողութիւնը։ Երբ իր մասին կը մտածեմ, հիացումիս կը միանայ երախտագիտութիւնը՝ այն գեղեցկութեան ու գորովին համար, որ իր կարճ կեանքէն հասած են մեզի եւ տակաւին կրնան մեր ներսը բան մը փոխել։ Գրքին մէջ կը ներկայացուին 1900-ականներու սկիզբին Համիտեան դաժան լուծին տակ գործող մեր հայկական կրթական օճախները։ Այս նիւթին քիչ մը կրնա՞նք անդրադառնալ։ Սիրունի այդ կրթական օճախներուն մասին կը խօսի իբրեւ զանոնք ներսէն ճանչցած մարդ։ Համիտեան բռնապետութեան պայմաններուն մէջ, երբ վախը, գրաքննութիւնն ու լրտեսութեան մթնոլորտը կը ծանրանային հայ կեանքի վրայ, դպրոցները մտաւոր ու հոգեւոր շնչառութեան կենսական վայրեր էին։ Հոն լեզու եւ գրականութիւն սորվելու առընթեր՝ պատանիները կը ծանօթանային իրենց ժողովուրդի անցեալին, կը կապուէին անոր մշակոյթին եւ կը սկսէին մտածել իրենց ընելիքին մասին։ Սիրունի կը յիշէ Պէրպէրեանը, Մխիթարեան վարժարանները եւ յատկապէս Կեդրոնականը։ Վերջինիս մասին իր պատմածին մէջ շատ ուշագրաւ մանրամասնութիւն մը կայ. պաշտօնական մատենադարանի կողքին, աշակերտներուն գրպաններուն մէջ կը շրջէր տեսակ մը գաղտնի գրադարան։ Արտասահմանէ հասնող գիրքերն ու թերթերը ձեռքէ-ձեռք կ՚անցնէին։ Այդ պատկերը շատ բան կ՚ըսէ սերունդի մը մտաւոր ծարաւին մասին։ Արտաքին ճնշումը չէր կրցած մարել կարդալու, իմանալու եւ աւելի լայն աշխարհի մը հաղորդակից դառնալու ցանկութիւնը։ Մեծարենց հասունցաւ այդ միջավայրին մէջ։ Սիրունի Կեդրոնականը անոր «հոգեկան օրօրոցը» կը կոչէ։ Դպրոցը իրեն տուաւ ուսում, ընկերական շրջանակ եւ իր գրական առաջին փորձերը զարգացնելու միջավայր։ Հիւանդութեան պատճառով ուսումը ընդհատելէ ետքն ալ ան դպրոցին ու ընկերներուն հետ պահեց իր կապը։ Այս հանգամանքը ցոյց կու տայ, թէ կրթական հաստատութիւն մը որքան խոր տեղ կրնայ ունենալ երիտասարդի մը ներաշխարհին մէջ։ Ինծի համար, իբրեւ Կեդրոնականի նախկին սան, հայերէնաւանդ ուսուցիչ եւ եկեղեցական, այս էջերը կը պարունակեն նաեւ այսօրուան ուղղուած հարցում մը. մեր դպրոցները որքանո՞վ կը յաջողին այդպիսի մտաւոր հետաքրքրութիւն ու ստեղծագործելու ցանկութիւն արթնցնել։ Սիրունիի նկարագրած պայմանները ծանր էին, բայց այդ պայմաններուն մէջ ալ եղած են ուսուցիչներ ու աշակերտներ, որոնք հաւատացած են հայերէն գրքին, կրթութեան եւ մշակոյթի ուժին։ Անոնց աշխատանքին պտուղներէն մէկն ալ Մեծարենցն էր անկասկած։ Այդ ժառանգութիւնը մեզի համար հպարտութիւն ըլլալու չափ՝ պատասխանատուութիւն ալ է։ Կրթութեան այս պատասխանատուութիւնը նաեւ հոգեւոր երես ունի։ Երիտասարդին գիտելիք ջամբելու հետ՝ պէտք է օգնենք, որ իր խիղճը մշակէ, ուրիշի արժանապատուութիւնը յարգէ եւ իր կարողութիւնները վերածէ ծառայութեան։ Այս առումով դպրոցի եւ եկեղեցւոյ միջեւ կենդանի գործակցութիւնը շատ կարեւոր կը նկատեմ։ Մեր զաւակները կարիքն ունին միջավայրերու, ուր միաժամանակ կարենան հարցումներ տալ, իրենց արմատները ճանչնալ, հաւատքի փորձառութիւն ունենալ եւ զգալ, թէ իրենք համայնքին սիրուած ու պատասխանատու անդամներն են։ Քիչ մըն ալ «Մասիս»ի մասին խօսինք։ Ի՞նչ էր «Մասիս»ը։ Պարբերակա՞ն, ամսագի՞ր, օրաթե՞րթ… Ո՞վքեր գրեցին «Մասիս»ի մէջ։ «Մասիս»ը պոլսահայ մամուլի ամենէն կարեւոր եւ երկարամեայ անուններէն մէկն էր։ Հիմնուած է 1852-ին՝ Կարապետ Իւթիւճեանի կողմէ, եւ լոյս տեսած մինչեւ 1908։ Իր հրատարակութեան երկար ընթացքին ունեցած է տարբեր պարբերականութիւն՝ շաբաթաթերթ, օրաթերթ, նաեւ ամսաթերթ։ Ուստի հարցումին պատասխանը կախեալ է այն շրջանէն, որու մասին կը խօսինք։ Մեծարենցի գրական գործունէութեան տարիներուն «Մասիս»ը գրական շաբաթաթերթ մըն էր։ Անոր էջերուն մէջ տարբեր տարիներուն գրած են մեր գրականութեան կարեւոր դէմքերը՝ Պարոնեան, Զօհրապ, Օտեան, Սիպիլ, Տէմիրճիպաշեան, Յարութիւնեան եւ շատ-շատեր։ Անոնցմէ ոմանք նաեւ խմբագրական պատասխանատուութիւն ստանձնած են։ Այս անունները արդէն կը վկայեն, թէ ինչպիսի դեր ունեցած է «Մասիս»ը՝ յատկապէս արեւմտահայ արձակի զարգացման եւ գրական ճաշակի ձեւաւորման մէջ։ Մեծարենցի պարագային «Մասիս»ը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի։ Հո՛ն երեւցած են իր բանաստեղծութիւնները, եւ երիտասարդ հեղինակը հոն է որ առիթ ունեցած է հանդիպելու իր ընթերցողին։ Սիրունի եւս աշխատակցած է պարբերականին։ Սակայն հետագային նոյն «Մասիս»ը պիտի դառնար Մեծարենցի դէմ ուղղուած յարձակումներուն գլխաւոր բեմերէն մէկը՝ Ենովք Արմէնի եւ Փայլակի դերակատարութեամբ։ Ահա այս բարդ պատմութիւնն ալ կը ներկայացնէ Սիրունի։ Գրական մեծ աւանդ ունեցող պարբերական մը կրնայ իր պատմութեան որոշ հանգրուանին չհասկնալ նոր տաղանդ մը եւ նոյնիսկ անիրաւ գտնուիլ անոր հանդէպ։ Բայց այդ հանգրուանը պէտք չէ ծածկէ «Մասիս»ի ամբողջ վաստակը։ Անոր էջերը այսօր թղթատելով՝ կը տեսնենք մեր գրականութեան կազմաւորումը՝ իր յայտնութիւններով, որոնումներով եւ հակասութիւններով։ Այդ իմաստով «Մասիս»ը ամբողջ գրական դարաշրջանի մը կենդանի վկայարանն է։ Մեծարենցի դէմ ուղղուած անիրաւ խօսքերը այսօր ալ կը յիշեցնեն խօսքի հետ կապուած մեր պատասխանատուութիւնը։ Քննադատութիւնը կրնայ օգնել մարդու աճելուն, բայց կրնայ նաեւ խորապէս վիրաւորել։ Ճշմարտութիւնը ըսելու պահանջը պէտք է ուղեկցուի դիմացինի հանդէպ արդարութեամբ ու գորովով։ Այս զգօնութիւնը նոյնքան անհրաժեշտ է մեր այսօրուան յարաբերութիւններուն մէջ։ Միսաք Մեծարենցի առնչութեամբ գործածուած «տարտամ ոճ» բնորոշումը կրնա՞ք բացատրել։ «Տարտամ ոճ» բնորոշումը պէտք է հասկնալ իր պարունակին մէջ։ Սիրունի կը պատմէ, որ 1903-ին «Մասիս» բանաստեղծական մրցում մը կազմակերպած էր՝ «Բաժնուած սիրտեր» նիւթով։ Մեծարենց եւս մասնակցած էր՝ «Ծիածան» ծածկանունով։ Դատակազմը, գնահատելով անոր տողերուն հնչեղութիւնն ու յանգերուն գեղեցկութիւնը, միաժամանակ վերապահութիւն յայտնած էր՝ գրելով, թէ նոր գրողները ունին քիչ մը տարտամ ոճ, եւ իմաստի տարտամ պատկերացում։ Ուրեմն ասիկա երիտասարդ Մեծարենցի մէկ քերթուածին առիթով արտայայտուած դատում մըն է, որ պէտք չէ տարածել իր ամբողջ ստեղծագործութեան վրայ։ «Տարտամ» ըսելով՝ հոս նկատի ունին անորոշ, ոչ բաւարար յստակութեամբ արտայայտութիւն մը. կը զգան տողին երաժշտութիւնն ու գեղեցկութիւնը, բայց միտքին կամ պատկերին յստակութիւնը համոզիչ չեն գտներ։ Այս գնահատականին մէջ կարելի է տեսնել նաեւ գրական ճաշակներու տարբերութիւն։ Նոր բանաստեղծութիւնը զգացումը երբեմն կը հաղորդէր նրբերանգով, հնչիւնով ու թելադրանքով՝ ընթերցողին մասնակցութիւնն ալ պահանջելով։ Այդպիսի արտայայտութիւնը կրնար անորոշ թուիլ ուղղակի խօսքի աւելի վարժ ընթերցողին։ Սակայն պէտք չէ հակառակ ծայրայեղութեան երթանք եւ Մեծարենցի վաղ շրջանի ամէն գործ կատարեալ համարենք։ Ինքն ալ իր ինքնաքննադատութեան մէջ խօսած է սկզբնական շրջանի խարխափումներուն մասին։ Սիրունիի առարկութեան բուն շեշտը այն է, որ դատողները այդ պատանիին մէջ չեն նշմարած ապագայ մեծ բանաստեղծին կարելիութիւնը։ Այսօր երբ Մեծարենց կը կարդանք՝ կը տեսնենք, թէ ան ինչպէս կրցած է զգացումի ամենէն նուրբ, երբեմն դժուար անուն ստացող շարժումները լեզուի վերածել։ Այդ նրբութիւնը ըմբռնելու համար հարկ է դանդաղ կարդալ զինք՝ ուշադրութիւն դարձնելով նաեւ բառերու հնչիւնին եւ պատկերներու փոխադարձ կապին։ Տէր-հայր, անցեալ շաբաթավերջին, Պիւյիւքտէրէի մէջ մատուցեցիք Ս. Պատարագ եւ Միսաք Մեծարենցի եւ Յակոբ Ճօլօլեան-Սիրունիի համար կատարեցիք հոգեհանգստեան պաշտօն։ Կայացաւ նաեւ Սիրունիի՝ «Այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին» հատորի շնորհանդէսը։ Ինչպէ՞ս անցաւ։ Բազմութիւն կա՞ր։ Շատ ջերմ եւ յաջող օր մը ունեցանք Պիւյիւքտէրէի մէջ։ Ս. Աւետարանիչներու տօնի առիթով մատուցեցինք Ս. Պատարագ, ապա հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցինք Մեծարենցի եւ Սիրունիի հոգիներուն համար։ Ապա, Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ, Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կայացաւ նորատիպ հատորին շնորհանդէսը, որ կը վայելէր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բարձր հովանաւորութիւնը։ Այսպէս, երկու հեղինակներուն յիշատակը ոգեկոչեցինք թէ՛ եկեղեցական արարողութեամբ, թէ՛ անոնց կեանքին ու վաստակին անդրադարձող գրական ցերեկոյթով։ Աղօթքն ու յիշատակի գրական ոգեկոչումը այդ օրը ինծի համար խորապէս կապուած էին իրարու։ Հոգեհանգիստի ընթացքին մեր հեղինակները յանձնեցինք Աստուծոյ ողորմութեան՝ յարութեան յոյսով։ Ապա անոնց խօսքը լսեցինք ու անոնց վաստակին համար մեր երախտագիտութիւնը արտայայտեցինք։ Այս հանդիպումը առիթ եղաւ մտածելու նաեւ մեր պատասխանատուութեան մասին՝ ստացած ժառանգութիւնը ապրեցնելու եւ յաջորդներուն փոխանցելու։ Մասնակցութեան առումով գոհացուցիչ էր։ Ինծի համար յատկապէս ուրախալի էր ներկաներու հետաքրքրութիւնն ու այն մտերմիկ, ջերմիկ մթնոլորտը, որ ստեղծուեցաւ Վոսփորի այս հեռաւոր թաղի եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Մեզի հետ էին նաեւ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի 100-ամեակին առթիւ Հայաստանէն ժամանած հիւրերը, որոնց ներկայութիւնը յաւելեալ ջերմութիւն բերաւ մեր համախմբումին։ Շնորհանդէսի ընթացքին փորձեցի ներկայացնել Սիրունիի վկայութեան արժէքը եւ այն կենդանի Մեծարենցը, որ կը յայտնուի իր յուշերուն մէջ։ Գրական խօսքին ընկերացան ասմունք, մեներգ, ինչպէս նաեւ ներկաներու սրտաբուխ ելոյթները։ Ինծի համար օրուան ամենէն գեղեցիկ կողմը այդ միասնական, անկեղծ մասնակցութիւնն էր։ Ուխտաւոր դպիրներէն մինչեւ ասմունքողներն ու ունկնդիրները՝ ամէն մարդ իր բաժինը բերաւ։ Կը կարծեմ՝ նման հանդիպումներուն բուն արժէքն ալ հոս է. գիրքը առիթ կ՚ըլլայ, որ մարդիկ համախմբուին, լսեն մեր հեղինակներուն խօսքը եւ նորոգեն անոնց հետ իրենց կապը։ Շատ կարեւոր կը նկատեմ, որ նման ձեռնարկներ տեղի ունենան մեր եկեղեցիներու շրջանակին մէջ։ Եկեղեցին նախ եւ առաջ Աստուծոյ հետ հանդիպումի, աղօթքի, Ս. Պատարագի եւ խորհուրդներու վայրն է։ Այդ հոգեւոր կեանքը պէտք է շարունակուի նաեւ մեր փոխադարձ յարաբերութիւններուն մէջ՝ զիրար լսելով, խնամելով, իրարմէ սորվելով եւ միասին ստեղծագործելով։ Եկեղեցւոյ շուրջ կազմակեր
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Ուրիշի համար ապաստան ու ուրախութիւն դառնալ
Չորս Աւետարանիչներու տօնին առթիւ, 17 Հոկտեմբեր, շաբաթ օր, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցան եկեղեցական արարողութիւններ եւ Յակոբ Ճօլօլեան-Սիրունիի՝ «Այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին» հատորի շնորհանդէսը՝ որուն իր բարձր հովանաւորութիւնը շնորհած էր Թուրքիոյ Հայոց Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ Միսաք Մեծարենցի կեանքին ու գործին նուիրուած եւ «Անտարես» հրատարակչատան կողմէ Երեւանի մէջ հրատարակուած այս աշխատութիւնը հրատարակութեան պատրաստած են ամերիկաբնակ բանասէր ու պատմաբան դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան եւ Պոլսոյ հոգեւորականաց դասէն, բանասէր դոկտ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Այժմ կը ներկայացնենք մեր սիրելի ընթերցողներուն յարգեալի Տէր հօր՝ դոկտ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճանի հետ «Այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին» հատորի մասին մեր ջերմ հարցազրոյցը։

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Agos
Related coverage
No related coverage from other sources yet.



