Դուք ալ Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նի սա­­­ներէն էք։ Մի­­­սաք Մե­­­ծարեն­­­ցի մա­­­սին դպրո­­­ցական շրջա­­­նէն ի՞նչեր լսած էք։ Իր կեան­­­քէն բնաւ ազ­­­դո­­­­­­­ւեցա՞ք։ Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նի դպրո­­­ցական տա­­­րինե­­­րուս, մեր գրա­­­կանու­­­թեան դա­­­սագրքին՝ «Նոր Թան­­­գա­­­­­­­րան»ի մէջ, Մե­­­ծարեն­­­ցէն ու­­­նէինք «Հիւ­­­ղը» քեր­­­թո­­­­­­­ւածը, զոր կը կար­­­դա­­­­­­­յինք ու կը սեր­­­տէինք։ Ծա­­­նօթ էինք ան­­­շուշտ իր հան­­­րա­­­­­­­ծանօթ «Սի­­­րերգ»ին ու կ՚եր­­­գէինք ալ։ Այսպէս, Մե­­­ծարենց մեր պա­­­տանե­­­կու­­­թեան մէջ ներ­­­կայ էր թէ՛ ըն­­­թերցու­­­մով, թէ՛ եր­­­գով։ Սա­­­կայն իր գրա­­­կանու­­­թեան հետ բուն, խո­­­րունկ ծա­­­նօթա­­­ցումս հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանա­­­կան տա­­­րինե­­­րուն եղաւ։ Այդ շրջա­­­նին ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւն մըն ալ կա­­­տարած եմ իր հնչեակ­­­նե­­­­­­­րուն մա­­­սին։ Մե­­­ծարենց, պէտք է ըսել, մեր լա­­­ւագոյն հնչե­­­կագիր բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րէն մէկն է։ Իր տա­­­ղերուն զգա­­­ցական հարստու­­­թեան կող­­­քին, այդ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը ին­­­ծի հա­­­մար բա­­­ցայայ­­­տեց իր արո­­­ւես­­­տին խստա­­­պահան­­­ջութիւ­­­նը նաեւ՝ բա­­­ռի ընտրու­­­թեան, պատ­­­կե­­­­­­­րի կա­­­ռուցման եւ բա­­­նաս­­­տեղծա­­­կան ձե­­­ւի մշակ­­­ման մէջ։ Իսկ իր կեան­­­քէն ազ­­­դո­­­­­­­ւա՞ծ եմ։ Երբ երի­­­տասարդ ես, գրե­­­թէ ան­­­կա­­­­­­­րելի է չազ­­­դո­­­­­­­ւիլ հան­­­դի­­­­­­­պելով այդքան կարճ կեան­­­քի եւ այդքան ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի վաս­­­տա­­­­­­­կի մը։ Քե­­­զի գրե­­­թէ տա­­­րեկից երի­­­տասարդ մը, որ հի­­­ւան­­­դութեան ու վա­­­ղահաս մա­­­հուան ստուերին տակ կրցած է նման գե­­­ղեց­­­կութիւն մը ստեղ­­­ծել՝ ան­­­խուսա­­­փելիօրէն կը յու­­­զէ քեզ։ Տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին, սա­­­կայն, այդ յու­­­զումը կը խո­­­րանայ. կը սկսիս աւե­­­լի լաւ զգալ, թէ որ­­­քան կեանք, լոյս ու մար­­­դոց հան­­­դէպ գո­­­րով կայ իր տա­­­ղերուն մէջ։ Այ­­­սօր, իբ­­­րեւ եկե­­­ղեցա­­­կան, այդ կարճ կեան­­­քին մէջ կը տես­­­նեմ նաեւ մե­­­զի տրուած ժա­­­մանա­­­կին ու շնորհնե­­­րուն ար­­­ժէ­­­­­­­քը զգա­­­լու հրա­­­ւէր մը։ Մե­­­ծարեն­­­ցի ըն­­­թերցու­­­մը զիս կը մղէ մտա­­­ծելու, թէ մենք մեր ստա­­­ցածը ինչպէ՛ս կը մշա­­­կենք եւ ի՛նչ կը փո­­­խան­­­ցենք ու­­­րիշնե­­­րուն։ Իր պա­­­րագա­­­յին՝ այդ փո­­­խան­­­ցումը տա­­­կաւին կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի։ Յա­­­կոբ Ճօ­­­լօլեան-Սի­­­րու­­­նիի մա­­­սին առա­­­ջին ան­­­գամ, երբ բան մը կար­­­դա­­­­­­­ցիք, ի՞նչ էր կար­­­դա­­­­­­­ցած­­­նիդ։ Սի­­­րու­­­նիի անու­­­նին ծա­­­նօթ էինք ան­­­շուշտ իր «Պո­­­լիս եւ իր դե­­­րը» քա­­­ռահա­­­տոր ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեամբ։ Սա­­­կայն դժուար է այ­­­սօր ճշդել, թէ իր­­­մէ կար­­­դա­­­­­­­ցած առա­­­ջին գրու­­­թիւնս ո՛րն էր։ Իր ան­­­ձին ու վաս­­­տա­­­­­­­կին հետ աւե­­­լի խոր ծա­­­նօթա­­­ցումս դար­­­ձեալ հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանա­­­կան տա­­­րինե­­­րուն եղաւ։ Այդ շրջա­­­նին զինք ճանչցայ որ­­­պէս «Ազա­­­տամարտ»ի խմբա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րէն, առա­­­ւելա­­­բար գրա­­­կան ասու­­­լիսնե­­­րով յայտնի Էսաեան սա­­­նուց միու­­­թեան հիմ­­­նա­­­­­­­դիր­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը եւ, առ­­­հա­­­­­­­սարակ, ժա­­­մանա­­­կաշրջա­­­նի գրա­­­կան կեան­­­քին կա­­­րեւոր դէմ­­­քե­­­­­­­րէն մին։ Այս ծա­­­նօթա­­­ցու­­­մը առանձնա­­­յատուկ ըն­­­թացք ստա­­­ցաւ աւար­­­տա­­­­­­­ճառիս շնոր­­­հիւ, որ նո­­­ւիրո­­­ւած էր «Նա­­­ւասարդ» հան­­­դէ­­­­­­­սին, որու եր­­­կու խմբա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րէն մէկն էր ան՝ միւսն ըլ­­­լա­­­­­­­լով Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նը։ Հե­­­տեւա­­­բար, Սի­­­րու­­­նիի հետ իմ հան­­­դի­­­­­­­պումս եւս կա­­­պուե­­­ցաւ ու­­­սումնա­­­սիրա­­­կան աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի մը. պէտք էր հասկնալ հան­­­դէ­­­­­­­սին ծնունդ տո­­­ւող մի­­­ջավայ­­­րը, գրա­­­կան ու գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան ձգտումնե­­­րը, խմբա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րուն առա­­­ջադ­­­րանքնե­­­րը։ Այդ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի ըն­­­թացքին առ­­­ջեւս աս­­­տի­­­­­­­ճանա­­­բար բա­­­ցուե­­­ցաւ Սի­­­րու­­­նիի կեր­­­պա­­­­­­­րը՝ իբ­­­րեւ գրա­­­կան կեան­­­քէ ներս գոր­­­ծող, նա­­­խաձեռ­­­նող ու կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պող մտա­­­ւորա­­­կան։ «Պո­­­լիս եւ իր դե­­­րը»ի հե­­­ղինակ պատ­­­մա­­­­­­­բանի կող­­­քին կը տես­­­նէի երի­­­տասարդ գրա­­­գէտը, որ իր ժա­­­մանա­­­կակից­­­նե­­­­­­­րուն հետ մեր մշա­­­կոյ­­­թին ապա­­­գան կը մտա­­­ծէր եւ այդ ապա­­­գային ծա­­­ռայող գոր­­­ծի մը կը ձեռ­­­նարկէր։ Այս հան­­­գա­­­­­­­ման­­­քը կա­­­րեւոր եղաւ նաեւ Սի­­­րու­­­նիի հե­­­տագայ գրու­­­թիւննե­­­րը գնա­­­հատե­­­լու հա­­­մար։ Երբ ան կը պատ­­­մէ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նի, Մե­­­ծարեն­­­ցի կամ իր ժա­­­մանա­­­կաշրջա­­­նի գրա­­­կան կեան­­­քի մա­­­սին, կը խօ­­­սի նաեւ իբ­­­րեւ այդ աշ­­­խարհը ներ­­­սէն ճանչցած մարդ։ Իր էջե­­­րուն մէջ ու­­­սումնա­­­սիրո­­­ղի գի­­­տելի­­­քը կը միանայ մաս­­­նակցի ու ակա­­­նատե­­­սի յի­­­շողու­­­թեան։ Այդ եր­­­կուքին հան­­­դի­­­­­­­պումն է, որ անոր վկա­­­յու­­­թիւննե­­­րը ին­­­ծի հա­­­մար առանձնա­­­պէս ար­­­ժէ­­­­­­­քաւոր կը դարձնէ։ Ին­­­ծի հա­­­մար յի­­­շողու­­­թիւնը պա­­­հելու այս աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը նաեւ երախ­­­տա­­­­­­­գիտու­­­թեան ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն մըն է։ Մեզ­­­մէ առաջ ապ­­­րած ու ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծած մար­­­դոց հան­­­դէպ պա՛րտք ու­­­նինք. անոնց անուննե­­­րը յի­­­շելու կող­­­քին՝ պէտք է ճանչնանք ու ապ­­­րեցնենք անոնց թո­­­ղածը։ Սի­­­րու­­­նիի այս հա­­­տորը հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան պատ­­­րաստե­­­լու մէջ այդ պարտքի զգա­­­ցումն ալ իր բա­­­ժինը ու­­­նե­­­­­­­ցաւ ան­­­շուշտ։ Տէր-հայր, Երբ կը նա­­­յիք «այս հի­­­ւանդ, հան­­­ճա­­­­­­­րեղ պա­­­տանիին»՝ Մի­­­սաք Մե­­­ծարեն­­­ցի կեան­­­քի պատ­­­մութեան ի՞նչ զգա­­­ցումներ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նաք։ Մե­­­ծարեն­­­ցի կեան­­­քին նա­­­յելով՝ նախ խոր ափ­­­սո­­­­­­­սանք մը կը զգամ. այդքան երի­­­տասարդ տա­­­րիքին ընդհա­­­տուած կեանք մը՝ իր մէջ դեռ չար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւած այնքան կա­­­րելիու­­­թիւննե­­­րով։ Ակա­­­մայ կը մտա­­­ծես, թէ ի՛նչ կրնար տա­­­կաւին տալ մեր գրա­­­կանու­­­թեան, եթէ ժա­­­մանա­­­կը քիչ մը աւե­­­լի առա­­­տաձեռն գտնո­­­ւէր իրեն հան­­­դէպ։ Սա­­­կայն իր թո­­­ղած վաս­­­տա­­­­­­­կը կար­­­դա­­­­­­­լով՝ այդ ափ­­­սո­­­­­­­սան­­­քին կը միանայ հիացու­­­մը։ Այդքան կարճ ժա­­­մանա­­­կի մէջ ան կրցած է ամ­­­բողջա­­­կան բա­­­նաս­­­տեղծա­­­կան աշ­­­խարհ մը ստեղ­­­ծել՝ իր լե­­­զուով, երաժշտու­­­թեամբ եւ կեան­­­քին նա­­­յելու ու­­­րոյն կեր­­­պով։ Զիս ամե­­­նէն շատ յու­­­զո­­­­­­­ղը իր հո­­­գիին բաց մնալն է։ Հի­­­ւան­­­դութիւ­­­նը, անձկու­­­թիւնը, իրեն դէմ ուղղո­­­ւած անի­­­րաւ խօս­­­քե­­­­­­­րը կրնա­­­յին զինք ամ­­­բողջո­­­վին ամ­­­փո­­­­­­­փել սե­­­փական տա­­­ռապան­­­քին մէջ։ Բայց իր տա­­­ղերուն մէջ այնքա՜ն լոյ­­­սի ծա­­­րաւ, մար­­­դոց հան­­­դէպ գո­­­րով եւ ու­­­րի­­­­­­­շին օգ­­­տա­­­­­­­կար ըլ­­­լա­­­­­­­լու բաղ­­­ձանք կայ։ «Հիւղ» ըլ­­­լա­­­­­­­լու ցան­­­կութիւ­­­նը կամ «Տո՜ւր ին­­­ծի, Տէ՜ր, ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնն անանձնա­­­կան» աղեր­­­սանքը այս առու­­­մով խո­­­րապէս կը յու­­­զեն զիս։ Ինք խնամ­­­քի ու մխի­­­թարու­­­թեան կա­­­րօտ՝ կը ցան­­­կայ ու­­­րի­­­­­­­շի հա­­­մար ապաս­­­տան ու ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւն դառ­­­նալ։ Իբ­­­րեւ քա­­­հանայ՝ այս կե­­­ցուած­­­քին մէջ խոր հա­­­րազա­­­տու­­­թիւն մը կը զգամ մեր­­­ձա­­­­­­­ւորին հան­­­դէպ քրիս­­­տո­­­­­­­նէական սի­­­րոյն հետ։ Սե­­­փական ցա­­­ւին մէջ ան­­­գամ ու­­­րի­­­­­­­շին ցա­­­ւը տես­­­նե­­­­­­­լը, անոր ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը ցան­­­կա­­­­­­­լը հո­­­գեւոր մեծ հա­­­սու­­­նութիւն կը պա­­­հան­­­ջեն։ Մե­­­ծարեն­­­ցի տո­­­ղերը կար­­­դա­­­­­­­լով՝ ես ին­­­ծի կը հարցնեմ, թէ որ­­­քա­­­­­­­նո՛վ կը յա­­­ջողիմ ու­­­րի­­­­­­­շի հա­­­մար դառ­­­նալ մխի­­­թարա­­­կան ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւն։ Իր բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը այսպէս նաեւ անձնա­­­կան քննու­­­թեան առիթ կու տայ ին­­­ծի։ Այս պատ­­­ճա­­­­­­­ռով Մե­­­ծարեն­­­ցի կեան­­­քը ին­­­ծի հա­­­մար նաեւ ներ­­­քին մե­­­ծու­­­թեան վկա­­­յու­­­թիւն մըն է։ Իր ցա­­­ւը իրա­­­կան է, բայց այդ ցա­­­ւին մէջ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ ապ­­­րիլ սի­­­րելու կա­­­րողու­­­թիւնը։ Երբ իր մա­­­սին կը մտա­­­ծեմ, հիացու­­­միս կը միանայ երախ­­­տա­­­­­­­գիտու­­­թիւնը՝ այն գե­­­ղեց­­­կութեան ու գո­­­րովին հա­­­մար, որ իր կարճ կեան­­­քէն հա­­­սած են մե­­­զի եւ տա­­­կաւին կրնան մեր ներ­­­սը բան մը փո­­­խել։ Գրքին մէջ կը ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւին 1900-ական­­­նե­­­­­­­րու սկիզ­­­բին Հա­­­միտեան դա­­­ժան լու­­­ծին տակ գոր­­­ծող մեր հայ­­­կա­­­­­­­կան կրթա­­­կան օճախ­­­նե­­­­­­­րը։ Այս նիւ­­­թին քիչ մը կրնա՞նք անդրա­­­դառ­­­նալ։ Սի­­­րու­­­նի այդ կրթա­­­կան օճախ­­­նե­­­­­­­րուն մա­­­սին կը խօ­­­սի իբ­­­րեւ զա­­­նոնք ներ­­­սէն ճանչցած մարդ։ Հա­­­միտեան բռնա­­­պետու­­­թեան պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ, երբ վա­­­խը, գրաքննու­­­թիւնն ու լրտե­­­սու­­­թեան մթնո­­­լոր­­­տը կը ծան­­­րա­­­­­­­նային հայ կեան­­­քի վրայ, դպրոց­­­նե­­­­­­­րը մտա­­­ւոր ու հո­­­գեւոր շնչա­­­ռու­­­թեան կեն­­­սա­­­­­­­կան վայ­­­րեր էին։ Հոն լե­­­զու եւ գրա­­­կանու­­­թիւն սոր­­­վե­­­­­­­լու առըն­­­թեր՝ պա­­­տանի­­­ները կը ծա­­­նօթա­­­նային իրենց ժո­­­ղովուրդի ան­­­ցեալին, կը կա­­­պուէին անոր մշա­­­կոյ­­­թին եւ կը սկսէին մտա­­­ծել իրենց ընե­­­լիքին մա­­­սին։ Սի­­­րու­­­նի կը յի­­­շէ Պէր­­­պէ­­­­­­­րեանը, Մխի­­­թարեան վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը եւ յատ­­­կա­­­­­­­պէս Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նը։ Վեր­­­ջի­­­­­­­նիս մա­­­սին իր պատ­­­մա­­­­­­­ծին մէջ շատ ու­­­շագրաւ ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւն մը կայ. պաշ­­­տօ­­­­­­­նական մա­­­տենա­­­դարա­­­նի կող­­­քին, աշա­­­կերտնե­­­րուն գրպան­­­նե­­­­­­­րուն մէջ կը շրջէր տե­­­սակ մը գաղտնի գրա­­­դարան։ Ար­­­տա­­­­­­­սահ­­­մա­­­­­­­նէ հաս­­­նող գիր­­­քերն ու թեր­­­թե­­­­­­­րը ձեռ­­­քէ-ձեռք կ՚անցնէին։ Այդ պատ­­­կե­­­­­­­րը շատ բան կ՚ըսէ սե­­­րունդի մը մտա­­­ւոր ծա­­­րաւին մա­­­սին։ Ար­­­տա­­­­­­­քին ճնշու­­­մը չէր կրցած մա­­­րել կար­­­դա­­­­­­­լու, իմա­­­նալու եւ աւե­­­լի լայն աշ­­­խարհի մը հա­­­ղոր­­­դա­­­­­­­կից դառ­­­նա­­­­­­­լու ցան­­­կութիւ­­­նը։ Մե­­­ծարենց հա­­­սունցաւ այդ մի­­­ջավայ­­­րին մէջ։ Սի­­­րու­­­նի Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նը անոր «հո­­­գեկան օրօ­­­րոցը» կը կո­­­չէ։ Դպրո­­­ցը իրեն տո­­­ւաւ ու­­­սում, ըն­­­կե­­­­­­­րական շրջա­­­նակ եւ իր գրա­­­կան առա­­­ջին փոր­­­ձե­­­­­­­րը զար­­­գացնե­­­լու մի­­­ջավայր։ Հի­­­ւան­­­դութեան պատ­­­ճա­­­­­­­ռով ու­­­սումը ընդհա­­­տելէ ետքն ալ ան դպրո­­­ցին ու ըն­­­կերնե­­­րուն հետ պա­­­հեց իր կա­­­պը։ Այս հան­­­գա­­­­­­­ման­­­քը ցոյց կու տայ, թէ կրթա­­­կան հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւն մը որ­­­քան խոր տեղ կրնայ ու­­­նե­­­­­­­նալ երի­­­տասար­­­դի մը նե­­­րաշ­­­խարհին մէջ։ Ին­­­ծի հա­­­մար, իբ­­­րեւ Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նի նախ­­­կին սան, հա­­­յերէ­­­նաւանդ ու­­­սուցիչ եւ եկե­­­ղեցա­­­կան, այս էջե­­­րը կը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն նաեւ այ­­­սօ­­­­­­­րուան ուղղո­­­ւած հար­­­ցում մը. մեր դպրոց­­­նե­­­­­­­րը որ­­­քա­­­­­­­նո՞վ կը յա­­­ջողին այդպի­­­սի մտա­­­ւոր հե­­­տաքրքրու­­­թիւն ու ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծե­­­­­­­լու ցան­­­կութիւն արթնցնել։ Սի­­­րու­­­նիի նկա­­­րագ­­­րած պայ­­­մաննե­­­րը ծանր էին, բայց այդ պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ ալ եղած են ու­­­սուցիչ­­­ներ ու աշա­­­կերտներ, որոնք հա­­­ւատա­­­ցած են հա­­­յերէն գրքին, կրթու­­­թեան եւ մշա­­­կոյ­­­թի ու­­­ժին։ Անոնց աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին պտուղնե­­­րէն մէկն ալ Մե­­­ծարենցն էր ան­­­կասկած։ Այդ ժա­­­ռան­­­գութիւ­­­նը մե­­­զի հա­­­մար հպար­­­տութիւն ըլ­­­լա­­­­­­­լու չափ՝ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւն ալ է։ Կրթու­­­թեան այս պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւնը նաեւ հո­­­գեւոր երես ու­­­նի։ Երի­­­տասար­­­դին գի­­­տելիք ջամ­­­բե­­­­­­­լու հետ՝ պէտք է օգ­­­նենք, որ իր խիղ­­­ճը մշա­­­կէ, ու­­­րի­­­­­­­շի ար­­­ժա­­­­­­­նապա­­­տուու­­­թիւնը յար­­­գէ եւ իր կա­­­րողու­­­թիւննե­­­րը վե­­­րածէ ծա­­­ռայու­­­թեան։ Այս առու­­­մով դպրո­­­ցի եւ եկե­­­ղեց­­­ւոյ մի­­­ջեւ կեն­­­դա­­­­­­­նի գոր­­­ծակցու­­­թիւնը շատ կա­­­րեւոր կը նկա­­­տեմ։ Մեր զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը կա­­­րիքն ու­­­նին մի­­­ջավայ­­­րե­­­­­­­րու, ուր միաժա­­­մանակ կա­­­րենան հար­­­ցումներ տալ, իրենց ար­­­մատնե­­­րը ճանչնալ, հա­­­ւատ­­­քի փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­նալ եւ զգալ, թէ իրենք հա­­­մայնքին սի­­­րուած ու պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու ան­­­դամներն են։ Քիչ մըն ալ «Մա­­­սիս»ի մա­­­սին խօ­­­սինք։ Ի՞նչ էր «Մա­­­սիս»ը։ Պար­­­բե­­­­­­­րակա՞ն, ամ­­­սա­­­­­­­գի՞ր, օրա­­­թե՞րթ… Ո՞վքեր գրե­­­ցին «Մա­­­սիս»ի մէջ։ «Մա­­­սիս»ը պոլ­­­սա­­­­­­­հայ մա­­­մու­­­լի ամե­­­նէն կա­­­րեւոր եւ եր­­­կա­­­­­­­րամեայ անուննե­­­րէն մէկն էր։ Հիմ­­­նո­­­­­­­ւած է 1852-ին՝ Կա­­­րապետ Իւ­­­թիւճեանի կող­­­մէ, եւ լոյս տե­­­սած մին­­­չեւ 1908։ Իր հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան եր­­­կար ըն­­­թացքին ու­­­նե­­­­­­­ցած է տար­­­բեր պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նու­­­թիւն՝ շա­­­բաթա­­­թերթ, օրա­­­թերթ, նաեւ ամ­­­սա­­­­­­­թերթ։ Ուստի հար­­­ցումին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը կա­­­խեալ է այն շրջա­­­նէն, որու մա­­­սին կը խօ­­­սինք։ Մե­­­ծարեն­­­ցի գրա­­­կան գոր­­­ծունէու­­­թեան տա­­­րինե­­­րուն «Մա­­­սիս»ը գրա­­­կան շա­­­բաթա­­­թերթ մըն էր։ Անոր էջե­­­րուն մէջ տար­­­բեր տա­­­րինե­­­րուն գրած են մեր գրա­­­կանու­­­թեան կա­­­րեւոր դէմ­­­քե­­­­­­­րը՝ Պա­­­րոնեան, Զօհ­­­րապ, Օտեան, Սի­­­պիլ, Տէ­­­միր­­­ճի­­­­­­­պաշեան, Յա­­­րու­­­թիւնեան եւ շատ-շա­­­տեր։ Անոնցմէ ոմանք նաեւ խմբագ­­­րա­­­­­­­կան պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւն ստանձնած են։ Այս անուննե­­­րը ար­­­դէն կը վկա­­­յեն, թէ ինչպի­­­սի դեր ու­­­նե­­­­­­­ցած է «Մա­­­սիս»ը՝ յատ­­­կա­­­­­­­պէս արեւմտա­­­հայ ար­­­ձա­­­­­­­կի զար­­­գացման եւ գրա­­­կան ճա­­­շակի ձե­­­ւաւոր­­­ման մէջ։ Մե­­­ծարեն­­­ցի պա­­­րագա­­­յին «Մա­­­սիս»ը առանձնա­­­յատուկ նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նի։ Հո՛ն երեւ­­­ցած են իր բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւննե­­­րը, եւ երի­­­տասարդ հե­­­ղինա­­­կը հոն է որ առիթ ու­­­նե­­­­­­­ցած է հան­­­դի­­­­­­­պելու իր ըն­­­թերցո­­­ղին։ Սի­­­րու­­­նի եւս աշ­­­խա­­­­­­­տակ­­­ցած է պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նին։ Սա­­­կայն հե­­­տագա­­­յին նոյն «Մա­­­սիս»ը պի­­­տի դառ­­­նար Մե­­­ծարեն­­­ցի դէմ ուղղո­­­ւած յար­­­ձա­­­­­­­կումնե­­­րուն գլխա­­­ւոր բե­­­մերէն մէ­­­կը՝ Ենովք Ար­­­մէ­­­­­­­նի եւ Փայ­­­լա­­­­­­­կի դե­­­րակա­­­տարու­­­թեամբ։ Ահա այս բարդ պատ­­­մութիւնն ալ կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ Սի­­­րու­­­նի։ Գրա­­­կան մեծ աւանդ ու­­­նե­­­­­­­ցող պար­­­բե­­­­­­­րական մը կրնայ իր պատ­­­մութեան որոշ հանգրո­­­ւանին չհասկնալ նոր տա­­­ղանդ մը եւ նոյ­­­նիսկ անի­­­րաւ գտնո­­­ւիլ անոր հան­­­դէպ։ Բայց այդ հանգրո­­­ւանը պէտք չէ ծած­­­կէ «Մա­­­սիս»ի ամ­­­բողջ վաս­­­տա­­­­­­­կը։ Անոր էջե­­­րը այ­­­սօր թղթա­­­տելով՝ կը տես­­­նենք մեր գրա­­­կանու­­­թեան կազ­­­մա­­­­­­­ւորու­­­մը՝ իր յայտնու­­­թիւննե­­­րով, որո­­­նումնե­­­րով եւ հա­­­կասու­­­թիւննե­­­րով։ Այդ իմաս­­­տով «Մա­­­սիս»ը ամ­­­բողջ գրա­­­կան դա­­­րաշրջա­­­նի մը կեն­­­դա­­­­­­­նի վկա­­­յարանն է։ Մե­­­ծարեն­­­ցի դէմ ուղղո­­­ւած անի­­­րաւ խօս­­­քե­­­­­­­րը այ­­­սօր ալ կը յի­­­շեց­­­նեն խօս­­­քի հետ կա­­­պուած մեր պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւնը։ Քննա­­­դատու­­­թիւնը կրնայ օգ­­­նել մար­­­դու աճե­­­լուն, բայց կրնայ նաեւ խո­­­րապէս վի­­­րաւո­­­րել։ Ճշմար­­­տութիւ­­­նը ըսե­­­լու պա­­­հան­­­ջը պէտք է ու­­­ղեկցո­­­ւի դի­­­մացի­­­նի հան­­­դէպ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեամբ ու գո­­­րովով։ Այս զգօ­­­նու­­­թիւնը նոյնքան անհրա­­­ժեշտ է մեր այ­­­սօ­­­­­­­րուան յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րուն մէջ։ Մի­­­սաք Մե­­­ծարեն­­­ցի առնչու­­­թեամբ գոր­­­ծա­­­­­­­ծուած «տար­­­տամ ոճ» բնո­­­րոշու­­­մը կրնա՞ք բա­­­ցատ­­­րել։ «Տար­­­տամ ոճ» բնո­­­րոշու­­­մը պէտք է հասկնալ իր պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կին մէջ։ Սի­­­րու­­­նի կը պատ­­­մէ, որ 1903-ին «Մա­­­սիս» բա­­­նաս­­­տեղծա­­­կան մրցում մը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պած էր՝ «Բաժ­­­նո­­­­­­­ւած սիր­­­տեր» նիւ­­­թով։ Մե­­­ծարենց եւս մաս­­­նակցած էր՝ «Ծիածան» ծած­­­կա­­­­­­­նու­­­նով։ Դա­­­տակազ­­­մը, գնա­­­հատե­­­լով անոր տո­­­ղերուն հնչե­­­ղու­­­թիւնն ու յան­­­գե­­­­­­­րուն գե­­­ղեց­­­կութիւ­­­նը, միաժա­­­մանակ վե­­­րապա­­­հու­­­թիւն յայտնած էր՝ գրե­­­լով, թէ նոր գրող­­­նե­­­­­­­րը ու­­­նին քիչ մը տար­­­տամ ոճ, եւ իմաս­­­տի տար­­­տամ պատ­­­կե­­­­­­­րացում։ Ու­­­րեմն ասի­­­կա երի­­­տասարդ Մե­­­ծարեն­­­ցի մէկ քեր­­­թո­­­­­­­ւածին առի­­­թով ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւած դա­­­տում մըն է, որ պէտք չէ տա­­­րածել իր ամ­­­բողջ ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութեան վրայ։ «Տար­­­տամ» ըսե­­­լով՝ հոս նկա­­­տի ու­­­նին անո­­­րոշ, ոչ բա­­­ւարար յստա­­­կու­­­թեամբ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն մը. կը զգան տո­­­ղին երաժշտու­­­թիւնն ու գե­­­ղեց­­­կութիւ­­­նը, բայց միտ­­­քին կամ պատ­­­կե­­­­­­­րին յստա­­­կու­­­թիւնը հա­­­մոզիչ չեն գտներ։ Այս գնա­­­հատա­­­կանին մէջ կա­­­րելի է տես­­­նել նաեւ գրա­­­կան ճա­­­շակ­­­նե­­­­­­­րու տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն։ Նոր բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը զգա­­­ցու­­­մը եր­­­բեմն կը հա­­­ղոր­­­դէր նրբե­­­րան­­­գով, հնչիւ­­­նով ու թե­­­լադ­­­րանքով՝ ըն­­­թերցո­­­ղին մաս­­­նակցու­­­թիւնն ալ պա­­­հան­­­ջե­­­­­­­լով։ Այդպի­­­սի ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը կրնար անո­­­րոշ թո­­­ւիլ ուղղա­­­կի խօս­­­քի աւե­­­լի վարժ ըն­­­թերցո­­­ղին։ Սա­­­կայն պէտք չէ հա­­­կառակ ծայ­­­րա­­­­­­­յեղու­­­թեան եր­­­թանք եւ Մե­­­ծարեն­­­ցի վաղ շրջա­­­նի ամէն գործ կա­­­տարեալ հա­­­մարենք։ Ինքն ալ իր ինքնաքննա­­­դատու­­­թեան մէջ խօ­­­սած է սկզբնա­­­կան շրջա­­­նի խար­­­խա­­­­­­­փումնե­­­րուն մա­­­սին։ Սի­­­րու­­­նիի առար­­­կութեան բուն շեշ­­­տը այն է, որ դա­­­տող­­­նե­­­­­­­րը այդ պա­­­տանիին մէջ չեն նշմա­­­րած ապա­­­գայ մեծ բա­­­նաս­­­տեղծին կա­­­րելիու­­­թիւնը։ Այ­­­սօր երբ Մե­­­ծարենց կը կար­­­դանք՝ կը տես­­­նենք, թէ ան ինչպէս կրցած է զգա­­­ցու­­­մի ամե­­­նէն նուրբ, եր­­­բեմն դժո­­­ւար անուն ստա­­­ցող շար­­­ժումնե­­­րը լե­­­զուի վե­­­րածել։ Այդ նրբու­­­թիւնը ըմբռնե­­­լու հա­­­մար հարկ է դան­­­դաղ կար­­­դալ զինք՝ ու­­­շադրու­­­թիւն դարձնե­­­լով նաեւ բա­­­ռերու հնչիւ­­­նին եւ պատ­­­կերնե­­­րու փո­­­խադարձ կա­­­պին։ Տէր-հայր, ան­­­ցեալ շա­­­բաթա­­­վեր­­­ջին, Պիւ­­­յիւքտէ­­­րէի մէջ մա­­­տու­­­ցե­­­­­­­ցիք Ս. Պա­­­տարագ եւ Մի­­­սաք Մե­­­ծարեն­­­ցի եւ Յա­­­կոբ Ճօ­­­լօլեան-Սի­­­րու­­­նիի հա­­­մար կա­­­տարե­­­ցիք հո­­­գեհանգստեան պաշ­­­տօն։ Կա­­­յացաւ նաեւ Սի­­­րու­­­նիի՝ «Այս հի­­­ւանդ, հան­­­ճա­­­­­­­րեղ պա­­­տանին» հա­­­տորի շնոր­­­հանդէ­­­սը։ Ինչպէ՞ս ան­­­ցաւ։ Բազ­­­մութիւն կա՞ր։ Շատ ջերմ եւ յա­­­ջող օր մը ու­­­նե­­­­­­­ցանք Պիւ­­­յիւքտէ­­­րէի մէջ։ Ս. Աւե­­­տարա­­­նիչ­­­նե­­­­­­­րու տօ­­­նի առի­­­թով մա­­­տու­­­ցե­­­­­­­ցինք Ս. Պա­­­տարագ, ապա հո­­­գեհանգստեան պաշ­­­տօն կա­­­տարե­­­ցինք Մե­­­ծարեն­­­ցի եւ Սի­­­րու­­­նիի հո­­­գինե­­­րուն հա­­­մար։ Ապա, Հայ մշա­­­կոյ­­­թի շաբ­­­թո­­­­­­­ւան առ­­­թիւ, Պիւ­­­յիւքտէ­­­րէի թա­­­ղային խոր­­­հուրդի նա­­­խաձեռ­­­նութեամբ կա­­­յացաւ նո­­­րատիպ հա­­­տորին շնոր­­­հանդէ­­­սը, որ կը վա­­­յելէր Ամեն. Ս. Պատ­­­րիարք Հօր բարձր հո­­­վանա­­­ւորու­­­թիւնը։ Այսպէս, եր­­­կու հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րուն յի­­­շատա­­­կը ոգե­­­կոչե­­­ցինք թէ՛ եկե­­­ղեցա­­­կան արա­­­րողու­­­թեամբ, թէ՛ անոնց կեան­­­քին ու վաս­­­տա­­­­­­­կին անդրա­­­դար­­­ձող գրա­­­կան ցե­­­րեկոյ­­­թով։ Աղօթքն ու յի­­­շատա­­­կի գրա­­­կան ոգե­­­կոչու­­­մը այդ օրը ին­­­ծի հա­­­մար խո­­­րապէս կա­­­պուած էին իրա­­­րու։ Հո­­­գեհան­­­գիստի ըն­­­թացքին մեր հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րը յանձնե­­­ցինք Աս­­­տուծոյ ողոր­­­մութեան՝ յա­­­րու­­­թեան յոյ­­­սով։ Ապա անոնց խօս­­­քը լսե­­­ցինք ու անոնց վաս­­­տա­­­­­­­կին հա­­­մար մեր երախ­­­տա­­­­­­­գիտու­­­թիւնը ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տե­­­­­­­ցինք։ Այս հան­­­դի­­­­­­­պու­­­մը առիթ եղաւ մտա­­­ծելու նաեւ մեր պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թեան մա­­­սին՝ ստա­­­ցած ժա­­­ռան­­­գութիւ­­­նը ապ­­­րեցնե­­­լու եւ յա­­­ջորդնե­­­րուն փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­լու։ Մաս­­­նակցու­­­թեան առու­­­մով գո­­­հացու­­­ցիչ էր։ Ին­­­ծի հա­­­մար յատ­­­կա­­­­­­­պէս ու­­­րա­­­­­­­խալի էր ներ­­­կա­­­­­­­ներու հե­­­տաքրքրու­­­թիւնն ու այն մտեր­­­միկ, ջեր­­­միկ մթնո­­­լոր­­­տը, որ ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւեցաւ Վոս­­­փո­­­­­­­րի այս հե­­­ռաւոր թա­­­ղի եկե­­­ղեց­­­ւոյ սրա­­­հին մէջ։ Մե­­­զի հետ էին նաեւ բա­­­նաս­­­տեղծ Զա­­­րեհ Խրա­­­խու­­­նիի 100-ամեակին առ­­­թիւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն ժա­­­մանած հիւ­­­րե­­­­­­­րը, որոնց ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը յա­­­ւելեալ ջեր­­­մութիւն բե­­­րաւ մեր հա­­­մախմբու­­­մին։ Շնոր­­­հանդէ­­­սի ըն­­­թացքին փոր­­­ձե­­­­­­­ցի ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նել Սի­­­րու­­­նիի վկա­­­յու­­­թեան ար­­­ժէ­­­­­­­քը եւ այն կեն­­­դա­­­­­­­նի Մե­­­ծարեն­­­ցը, որ կը յայտնուի իր յու­­­շե­­­­­­­րուն մէջ։ Գրա­­­կան խօս­­­քին ըն­­­կե­­­­­­­րացան աս­­­մունք, մե­­­ներգ, ինչպէս նաեւ ներ­­­կա­­­­­­­ներու սրտա­­­բուխ ելոյթնե­­­րը։ Ին­­­ծի հա­­­մար օրո­­­ւան ամե­­­նէն գե­­­ղեցիկ կող­­­մը այդ միաս­­­նա­­­­­­­կան, ան­­­կեղծ մաս­­­նակցու­­­թիւնն էր։ Ուխտա­­­ւոր դպիր­­­նե­­­­­­­րէն մին­­­չեւ աս­­­մունքող­­­ներն ու ունկնդիր­­­նե­­­­­­­րը՝ ամէն մարդ իր բա­­­ժինը բե­­­րաւ։ Կը կար­­­ծեմ՝ նման հան­­­դի­­­­­­­պումնե­­­րուն բուն ար­­­ժէքն ալ հոս է. գիր­­­քը առիթ կ՚ըլ­­­լայ, որ մար­­­դիկ հա­­­մախմբո­­­ւին, լսեն մեր հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րուն խօս­­­քը եւ նո­­­րոգեն անոնց հետ իրենց կա­­­պը։ Շատ կա­­­րեւոր կը նկա­­­տեմ, որ նման ձեռ­­­նարկներ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­նան մեր եկե­­­ղեցի­­­ներու շրջա­­­նակին մէջ։ Եկե­­­ղեցին նախ եւ առաջ Աս­­­տուծոյ հետ հան­­­դի­­­­­­­պու­­­մի, աղօթ­­­քի, Ս. Պա­­­տարա­­­գի եւ խոր­­­հուրդնե­­­րու վայրն է։ Այդ հո­­­գեւոր կեան­­­քը պէտք է շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի նաեւ մեր փո­­­խադարձ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րուն մէջ՝ զի­­­րար լսե­­­լով, խնա­­­մելով, իրար­­­մէ սոր­­­վե­­­­­­­լով եւ միասին ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծե­­­­­­­լով։ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ շուրջ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­