«Ասպարէզ» Զանգեզուրի միջանցք»ով Կարսը կը միանայ Թուրքիստանի տափաստաններուն», Անգարայի մէջ յայտարարեց Թուրքիոյ մեծագոյն ազգայնական ուժի` «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ, նախագահ Էրտողանի քաղաքական դաշնակից Տեւլեթ Պահչելին: «Իրերը հարկաւոր է կոչել իրենց անունով: Զանգեզուրի միջանցքը իրականութեան մէջ Թուրանական միջանցքն է: Երբ անիկա բացուի, թրքական աշխարհի վերամիաւորման գաղափարը շատ աւելի յստակօրէն պիտի ուրուագծուի», ըսաւ Պահչելին` դիմելով իր կուսակցութեան պատգամաւորներուն: Ան կոչ ուղղեց պաշտօնական Երեւանին՝ չխոչընդոտելու ծրագիրի իրագործումին: «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է: Ասիկա ապացուցուած է թէ՛ ռազմի դաշտին մէջ` արեան միջոցով, թէ՛ բանակցային սեղանին շուրջ` իրաւական մեթոտներով: Եթէ Երեւանը խելամտութիւն ցուցաբերէ եւ ազնուօրէն մասնակցի տարածաշրջանային համագործակցութեան, թուրանական միջանցքէն օգուտներ պիտի քաղեն ոչ միայն Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, այլ նաեւ Հայաստանը: Հակառակ պարագային, այդ երկիրը կրնայ մսխել վաղուան կարելիութիւնները` անցեալի կորսուած երազանքներուն կառչած մնալով», յայտարարեց ան։ Մինչ այդ Ազգային ժողովի փոխխօսնակ, Երեւան-Անգարա կարգաւորման հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան 16 Յունիսին լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Ախալքալաք-Կարս երկաթուղիին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ տնտեսվարողները արդէն կ՛օգտուի՞ն այս երկաթուղիէն` Ռուբինեան ըսաւ. «Ապաշրջափակումը նոր է եղել, ենթադրում եմ` դեռ ոչ, բայց չեմ էլ ճշդել»: «Համապատասխան տնտեսվարողները հնարաւորութիւն կ՛ունենան Ախալքալաք-Կարս երկաթգիծն օգտագործել ե՛ւ երկկողմ առեւտրի, ե՛ւ տրանզիտի (տարանցումի) համար: Հայաստանը երկաթգծային փակուղի էր, հիմա ամբողջ աշխարհը մեր համար բաց է, ի հարկէ դեռ Վրաստանի տարածքով միջնորդաւորուած, մենք աշխատում ենք, որպէսզի դա ուղիղ լինի», ըսաւ Ռուբինեան: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 Մայիսին յայտարարած էր, որ Ախալքալաք–Կարս երկաթուղին այլեւս բաց է Հայաստանէն արտածումներուն եւ Հայաստան ներածումներուն համար:
5 full-article translations/day — headlines & summaries always free. Create free account for 25/day
Ըստ Թուրք ազգայնամոլ ղեկավարին՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ը իրականութեան մէջ «Թուրանի Միջանցք»ն է
«Ասպարէզ» Զանգեզուրի միջանցք»ով Կարսը կը միանայ Թուրքիստանի տափաստաններուն», Անգարայի մէջ յայտարարեց Թուրքիոյ մեծագոյն ազգայնական ուժի` «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ, նախագահ Էրտողանի քաղաքական դաշնակից Տեւլեթ Պահչելին: «Իրերը հարկաւոր է կոչել իրենց անունով: Զանգեզուրի միջանցքը իրականութեան մէջ Թուրանական [...] Leer más >>

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Diario Armenia

Ganar o perder con el tiempo: editorial de Troshag, órgano oficial de la FRA-Tashnagtsutiún
Diario Armenia / 1 hour ago

Nikol Pashinyan cuestionó a la madre que perdió tres dedos al defender a sus hijos de un soldado azerbaiyano: “Es una situación delictiva normal, hubieran esperado a que llegara la policía”
Diario Armenia / 9 hours ago

El exjefe de la inteligencia alemana August Hanning fue detenido por presuntos vínculos con la inteligencia de Azerbaiyán
Diario Armenia / Oct 6

Nueva escalada del gobierno de Nikol Pashinyan contra la diáspora armenia: “Manténganse alejados de nuestro país, cierren la boca”
Diario Armenia / Oct 6
Related coverage

Rusia busca reactivar el acuerdo trilateral de 2020 entre Armenia y Azerbaiyán y obligar a Ereván a poner a rusos en el control fronterizo
Soy Armenio / 11 hours ago

Londres acoge un taller de diálogo entre expertos armenios y azerbaiyanos para impulsar la paz en el Cáucaso
Soy Armenio / 12 hours ago

El Tribunal Administrativo de Armenia concede la pensión de jubilación a un fiscal desplazado de Artsaj
Soy Armenio / 14 hours ago

Azerbaiyán y Estados Unidos analizan el proceso de paz entre Bakú y Ereván durante una llamada oficial
Soy Armenio / 14 hours ago