2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան վեցերորդ տարելիցին առիթով, այսօր Եռաբլուր այցելեցին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամները։ Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին զոհուածներուն շիրիմներուն վրայ եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներուն յիշատակին։ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Իրականութեան մէջ տակաւին ամբողջովին գնահատուած եւ …