Ռուբէն Ճանպազեան Երբ Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան մեծ հանդիսասրահին մէջ տեղաւորուեցայ Este é o Lugar («Ահա՛ վայրը») ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութեան համար, գաղափար իսկ չունէի, որ ֆիլմը գրեթէ ամբողջութեամբ փորթուգալերէն է. միամտօրէն կը կարծէի, թէ գոնէ անգլերէն ենթախորագիրներ պիտի ըլլային, բայց պաստառը լուսաւորուեցաւ ու պարզուեցաւ՝ ո՛չ: Փորթուգալերէն բառ մը անգամ չգիտցողիս համար վայրկեան մը սարսափ ապրեցայ. …