«Հայրենիք» Վեց տարի առաջ էր, 9 նոյեմբեր 2020-ին, հայութիւնը ցնցում մը ապրեցաւ։ Երկրաշարժ չէր պատահածը, այլ աւելի ահաւոր ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ մը, որ ըստ երեւոյթին առաջին օրէն իսկ դասաւորուած էր։ Այսպէս հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ, որ երեսուն տարուայ սկսած դիւցազնական կռիւներ կատարած եւ յաղթանակներ արձանագրած Արցախին վերջակէտ մը դրուած էր։ Պատերազմ կորսնցնելը սարսափելի է, մանաւանդ երբ …