Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հետ կապուած Հայաստանի իշխանութիւններուն շահերը սպառած են։ Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ կառավարութեան մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։ Ան ընդգծած է, որ կ՚ուզէ վերջնականապէս արձանագրել, թէ Հայաստանի հետաքրքրութիւնը ՀԱՊԿ-ի նկատմամբ սպառած է։ Յայտարարութիւնը կը յաջորդէ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թաալաթպէկ Մասատիկովի այն խօսքերուն, թէ Հայաստանի կազմակերպութենէն հեռացման հարց չկայ, սակայն Նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ կայանալիք նիստին կրնայ քննարկուիլ կազմակերպութեան կանոնադրութեան 25-րդ յօդուածը Հայաստանի նկատմամբ կիրարկելու հարցը։ Այդ պարագային Հայաստան կրնայ զրկուիլ ձայնի իրաւունքէն եւ կազմակերպութեան պաշտօններուն մէջ թեկնածուներ առաջադրելու կարելիութենէն՝ մինչեւ անդամավճարներու պարտքի մարումը։ Նշենք, որ Հայաստան 2024-ի Փետրուարէն սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն, չի մասնակցիր կազմակերպութեան ձեռնարկներուն եւ չի վճարեր անդամավճարները։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՊԿ-Ի ՀԵՏ ԿԱՊՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇԱՀԵՐԸ ՍՊԱՌԱԾ ԵՆ»

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Abaka

Diaspora commissioner backs tighter requirements for Armenian citizenship
Abaka / Nov 6

Armenia approves seven-year physical AI program
Abaka / Nov 6

FLYONE ARMENIA to start operating flights on the route Yerevan – Berlin –Yerevan
Abaka / Nov 6

Armenia plans to sign customs cooperation agreement with European Union
Abaka / Nov 6
Related coverage

Deutsche Welle examines selective prosecutions and declining democratic safeguards in Armenia
Horizon Weekly / 8 hours ago

Ալիեւ Ստեփանակերտի մէջ բացումը կատարեց Սամուէլ Կարապետեանի աջակցութեամբ կառուցուած հիւանդանոցի բաժանմունքի մը
Horizon Weekly / Nov 9

Aliyev and Erdoկan reaffirm strategic alliance during visit to occupied Shushi
Horizon Weekly / Nov 9

Արցախի բռնագաղթուած ընտանիքներու բնակարանային աջակցութեան ծրագիրը փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուի
Horizon Weekly / Nov 6