Թէքէեան կեդրոնի սրահին մէջ ցուցադրուած են «Վահան Թէքէեան» տարեկան մրցանակաբաշխութեան «Կերպարուեստ» բաժինին ներկայացուած ստեղծագործութիւնները։ Յանձնաժողովը դիտած է տարբեր նկարիչներու աշխատանքները եւ ընտրած յաղթող ստեղծագործութիւնը, որ Սուրէն Սաֆարեանի «Լութեան ռիթմեր» կտաւն է։ Սուրէն Սաֆարեան արժանացաւ «Վահան Թէքէեան» մրցանակին։ 1992 թուականէն ի վեր Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուի «Վահան Թէքէեան» տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը՝ խրախուսելու Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մտաւորականները, արուեստագէտներն ու ստեղծագործողները։ Մրցանակաբաշխութիւնը սկսաւ աղօթքով եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի օրհնութեամբ, որ ներկաներուն փոխանցեց Հայր Ասողիկը։ Այս տարի «Վահան Թէքէեան» մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Գրականութիւն, Հայագիտութիւն եւ Կերպարուեստ բաժիններով։ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Անրի Քիւնին միշտ աչքի ինկած է հայ մշակոյթին եւ Հայաստանին հանդէպ իր առանձնայատուկ վերաբերմունքով։ Ան Կոմիտասի մասին գրած է «Մահ գոյութիւն չունի» խորագրեալ վէպ մը, որ արժանացաւ «Վահան Թէքէեան» մրցանակին։ Հայագիտութեան բաժինին մէջ յանձնաժողովը լաւագոյն աշխատանք ճանչցաւ Արտակ Մաղալեանի «Արցախի մելիքութիւնները 17-19-րդ դարերուն» աշխատութիւնը։ «Վահան Թէքէեան» մրցանակաբաշխութեան կազմակերպիչները իրենց ուշադրութեան կեդրոնին կը պահեն Հայաստան-Սփիւռք կամուրջը, ինչպէս նաեւ այն անձերն ու կառոյցները, որոնք կը նպաստեն այդ կապի ամրապնդման։ Հայապահպանութեան, ազգային արժէքներու տարածման եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ նշանակալի ներդրում ունենալուն համար յատուկ մրցանակի արժանացաւ The Armenian Mirror-Spectator թերթը։ Ալին Գրիգորեան ներկայացուց թերթին հիմնադրութեան պատմութիւնը՝ նշելով, որ անոր ստեղծման հիմքին վրայ կը գտնուէր Սփիւռքի գաղթօճախները իրարու կապելու եւ սփիւռքահայութիւնը համախմբելու գաղափարը։ «Վահան Թէքէեան» մրցանակաբաշխութիւնը ամէն տարի կը հետեւի մտաւոր, հոգեւոր եւ մշակութային ստեղծագործութիւններուն, իսկ իբրեւ գնահատանք՝ մրցանակներով կը խրախուսէ լաւագոյնները, որպէսզի հայանպաստ եւ ազգանուէր գործունէութիւնը վարակիչ դառնայ ու փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն։ Անրի Քիւնին ուսումնասիրած է ոչ միայն Կոմիտասի, այլեւ Վահան Թէքէեանի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը։ Մրցանակաբաշխութեան աւարտին ցուցադրուեցաւ «Շուշի․ անհերքելի փաստեր» վաւերագրական ժապաւէնին չորրորդ մասը։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
«ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ» ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ․ 2025 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ «ՀՈՒՆՁՔԸ»

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Abaka

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Abaka / 6 hours ago

Armenia, CSTO, and Russia: A Struggle for Strategic Clarity
Abaka / 6 hours ago

Halloween Party Կազմակերպութեամբ՝ Ընկերային Յանձնախումբի
Abaka / 6 hours ago

Պաքու կը շարունակէ խօսիլ Հայաստանի մէջ գտնուող «ատրպէյճանական պատմական հողերու» մասին
Abaka / 6 hours ago
Related coverage

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստերն ու միջ-դիւանական 12-րդ խորհրդաժողովը Երեւանի մէջ
Horizon Weekly / 5 hours ago

Հրայր Սողոմոնեանի յիշատակին՝ 300 հազար տոլարի նուիրատուութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.ին
Horizon Weekly / 7 hours ago

Կրկին «անդրազգ» եզրոյթին մասին
Horizon Weekly / Nov 4

ANCA-backed candidates secure key victories in U.S. midterm elections
Horizon Weekly / Nov 4