Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի ներկայացուցիչ Ֆլավիօ Փաչէ արքեպիսկոպոսին հետ։ Հանդիպման ընթացքին, Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործակցութեան առաւել զարգացման առընթեր, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Անտիոքի Ասորի Պատրիարքութեան եւ Հնդկաստանի Ասորի Եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող ներկայ տարակարծութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն՝ Արեւելեան Ուղղափառ