Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով Նոյեմբեր 2-ին յայտարարած է, թէ Ռուսաստանի մասնակցութիւնը Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան աշխատանքներուն տրամաբանական եւ բնական պիտի ըլլար։ Ան այսպէս արձագանգած է Ղազախստանի նախագահ Քասըմ-Ժոմարթ Թոքաեւի առաջարկին, զոր ներկայացուած էր Հոկտեմբեր 30-ին, Կազմակերպութեան Անգարայի մէջ կայացած 13-րդ վեհաժողովին։ Թոքաեւ առաջարկած էր Ռուսաստանի կարելիութիւն ընձեռել մասնակցելու Կազմակերպութեան աշխատանքներուն՝ իբրեւ դէտ կամ «OTS+» գործակցութեան ձեւաչափով։ Ան յիշեցուցած էր Ռուսաստանի եւ թրքական աշխարհին դարաւոր կապերը, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի տարածքին թրքական ծագումով բազմաթիւ ժողովուրդներու ներկայութիւնը։ Իր կարգին, Փեսքով ընդգծած է, որ խօսքը Ռուսաստանի ամբողջութեան մասնակցութեան մասին է, այլ ոչ թէ անոր առանձին շրջաններուն։ Ան միաժամանակ յայտնած է, թէ Մոսկուա տակաւին պաշտօնական հրաւէր չէ ստացած, սակայն հարցը կրնայ քննարկուիլ Ղազախստանի իշխանութիւններուն հետ յառաջիկայ շփումներուն ընթացքին։ Այսպէսով, Ռուսաստանի մասնակցութեան հարցը առաջին անգամ յստակօրէն դրուած է Կազմակերպութեան վեհաժողովին, եւ Քրեմլին դրական արձագանգած է անոր։ Սակայն առայժմ որեւէ պաշտօնական որոշում չէ կայացուած Ռուսաստանի անդամակցութեան կամ դէտի կարգավիճակի շնորհման վերաբերեալ։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Քրեմլին դրական կ՚արտայայտուի Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան Ռուսաստանի մասնակցութեան մասին

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Պարէտ Մարոնեանի՝ եզիտիներու ցեղասպանութեան նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնը մրցանակի արժանացած է Գանատայի մէջ
Nor Haratch / 24 minutes ago

Le nouveau passeport biométrique à l’honneur sur la place de la République d’Erevan
Nor Haratch / 42 minutes ago

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը կը լուսաւորուի նոր կենսաչափական անցագրի պատկերներով
Nor Haratch / 44 minutes ago

Un don de 122 millions de drams pour la rénovation et la modernisation de la Galerie nationale d’Arménie
Nor Haratch / 49 minutes ago
Related coverage

Selahattin Demirtas, dix ans de prison en Turquie et l’optimisme malgré tout
Nouvelles d'Arménie / 17 hours ago

L’Arménie juge « réaliste » une demande d’adhésion à l’UE en 2027-2028
Nouvelles d'Arménie / 17 hours ago
Zartong Media : Chris Pappas bat John E. Sununu aux élections sénatoriales américaines, remportant une victoire majeure contre les intérêts azerbaïdjanais.
Nouvelles d'Arménie / 19 hours ago
Zartong Media : Abdul El-Sayed, candidat pro-arménien au Sénat, remporte le Michigan
Nouvelles d'Arménie / 19 hours ago