Հայաստանի մէջ կենսաչափական փաստաթուղթերու նոր համակարգին գործարկման առթիւ, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը քանի մը օր շարունակ պիտի լուսաւորուի նոր կենսաչափական անցագիրը (passeport) ներկայացնող եռաչափ շարժապատկերներով։ Այս լուսային ցուցադրութեամբ մայրաքաղաքին ճարտարապետական ժառանգութիւնը պիտի համադրուի արդի թուային արհեստագիտութեան հետ։ Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը այս առթիւ տեսերիզ մը հրապարակած է։ Ցուցադրութեան բացման ներկայ գտնուած է նախարար Արփինէ Սարգսեան։ Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 1-էն Հայաստանի մէջ գործարկուած է նոր սերունդի կենսաչափական անցագրերու եւ ինքնութեան քարտերու տրամադրման համակարգը, որուն ներդրումը կարեւոր քայլ մըն է նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագրերու ազատականացման գործընթացին մէջ։