Ֆրանսայի օդուժը Նոյեմբեր 3-ին, Նանսի-Օշէի զինուորական օդակայանին մէջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեց հայազգի գնդապետ Անդրանիկ Սարգիսեանի եւ հարիւրապետ Քանթէն Քլիսի յիշատակին։ Երկու զինուորականները զոհ գացած էին Հոկտեմբեր 20-ին, Մէօրթ-է-Մոզէլ նահանգի Ռոժեւիլ շրջանին մէջ պատահած արկածին, երբ գիշերային մարզում կատարող իրենց Mirage 2000D հալածիչը ջախջախուած էր։ Քանթէն Քլիսի աճիւնը Զինուորական արարողութեան ներկայ էին զոհերուն ընտանիքները, հարազատները, զինակիցները եւ բարձրաստիճան սպաներ։ Ֆրանսական եռագոյնով ծածկուած երկու դագաղները բերուեցան օդակայանի հանդիսութեանց հրապարակը, ուր զոհուած զինուորականները յետմահու արժանացան Ազգային արժանեաց շքանշանին. Անդրանիկ Սարգիսեան՝ սպայի, իսկ Քանթէն Քլիս՝ ասպետի աստիճանով։ 44-ամեայ Անդրանիկ Սարգիսեան փորձառու զինուորական օդաչու եւ սպառազինութեան համակարգերու մասնագէտ էր։ Ֆրանսայի օդուժին մէջ իր աւելի քան քսան տարուան ծառայութեան ընթացքին ան մասնակցած էր 55 մարտական առաքելութիւններու՝ Աֆղանիստանի եւ ափրիկեան շարք մը երկիրներու մէջ, եւ ունէր 2200 ժամ թռիչքի փորձառութիւն։ Իր զինակիցը՝ Քանթէն Քլիս, երիտասարդ մարտական օդաչու մըն էր, որ կը շարունակէր իր մասնագիտական պատրաստութիւնը։ Ֆրանսայի օդուժի սպայակոյտի պետ զօրավար Ժերոմ Պելանժէ յուզիչ խօսքերով ոգեկոչեց երկու զինուորականներուն յիշատակը՝ արժեւորելով անոնց ծառայութիւնն ու նուիրումը։ Կը շարունակուին քննութիւնները պարզելու համար արկածին պատճառները։
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Ֆրանսայի օդուժը յարգանքի տուրք մատուցեց Անդրանիկ Սարգիսեանի եւ Քանթէն Քլիսի յիշատակին

Comments
No comments yet — be the first to comment.
More from Nor Haratch

Կարէն Վարդանեան 122 միլիոն դրամ յատկացուցած է Ազգային պատկերասրահի նորոգութեան եւ արդիականացման
Nor Haratch / 22 minutes ago

Le Kremlin favorable à une participation de la Russie à l’Organisation des États turciques
Nor Haratch / 31 minutes ago

Քրեմլին դրական կ՚արտայայտուի Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան Ռուսաստանի մասնակցութեան մասին
Nor Haratch / 36 minutes ago

Un tableau de Paul Guiragossian vendu 486 400 dollars aux enchères à Abou Dhabi
Nor Haratch / 45 minutes ago
Related coverage

Capture des images en Arménie d’un 8e léopard du Caucase grâce à des pièges vidéo dans la Réserve faunique du Caucase
Nouvelles d'Arménie / 8 hours ago

9 morts et 3 blessés hier soir dans un accident près d’Ohanavan sur la route Aparan-Asharak en Arménie
Nouvelles d'Arménie / 10 hours ago

EU Today : L’Arménie se rapproche de l’adhésion à l’UE, Pachinian est confronté à un choix difficile entre Bruxelles et Moscou
Nouvelles d'Arménie / 10 hours ago

La Russie propose son aide à l’Azerbaïdjan pour le déminage des territoires occupés du Haut-Karabakh
Nouvelles d'Arménie / 13 hours ago