Հանդիսութեան սկիզբէն առաջ, հրաւիրեալները դիմաւորուեցան մայրենի լեզուին եւ այբուբենին նուիրուած երգերով, ինչպէս նաեւ օրուան իմաստն ու խորհուրդը պարզաբանող ցուցադրութեամբ ։ «Գիրէն Դէպի Ապագայ» կարգախօսով կազմակերպուած սոյն տօնակատարութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Սուրբ նիկողայոս եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Յարգարժան Ատենապետն ու Անդամները,Տնօրէնուհի Տիկին Անիթա Թումաեան, վարժարանի ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հրաւիրեալներ: Հանդէսին հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր հայերէնի ուսուցչուհի Կապրիէլլա Լինէթ Գալան: Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Վարժարանիս Տնօրէնուհի Տիկին Անիթա Թումաեանի բացման խօսքով, որմէ ետք օրուան իմաստին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց վարժարանիս հայերէնի ուսուցչուհի Սիլվա Պալճըն: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ անոնց աշակերտներուն կերտած լուսաւոր ժառանգութեան, որ հայ ժողովուրդին պարգեւեց ոչ միայն գիր ու աստուածաշնչական խօսք, այլեւ հաւատք ու ինքնութիւն: Ապա Վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան բովանդակալից ու գեղարուեստական յայտագրով մը․ արտասանութիւններով, թատերական ներկայացումներով, պարերով, մեծանուն հեղինակներու խօսքերով եւ երգչախումբի կատարումներով անոնք ներկայացուցին Մաշտոցեան լոյսը։ Սոյն հանդէսը պատրաստուած էր Վարժարանիս ուսուցչական կազմին միասնական աշխատանքով: Յայտագրի աւարտին, որպէս օրուան յիշատակ, բոլոր հրաւիրեալներուն եւ աշակերտներուն բաշխուեցան աշակերտներու կողմէ պատրաստուած հայկական զարդանախշերով ու թռչնագիրերով էջանիշներ ։ Հանդէսը փակուեցաւ աշակերտներուն ուղղուած գնահատանքի խօսքերով, որոնք անգամ մը եւս շեշտեցին, որ հայ գիրն ու լեզուն մեր ապագայի հիմքն ե
Translate this article
Free: opens Google Translate with the text filled in. Long articles are split into numbered sections.
Premium: read the translation right here, without leaving HyeNews. Try free for 7 days.
Arts
Լոյսի, Գրի Եւ Ինքնութեան Տօնակատարութիւն Թոփգաբուի Մէջ
Թոփգաբուի Ս․ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ «Իլքքան» սրահին մէջ մեծ շուքով եւ խանդավառութեամբ նշուեցաւ հայ ժողովուրդի ամենանուիրական տօներէն՝ Թարգմանչաց Տօնը:

Comments
Sign in to join the conversation.
No comments yet — be the first to comment.
More from Agos
Related coverage
No related coverage from other sources yet.



